Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ պանդոկներու սեփականատէրերու սենտիքայի ընդհանուր քարտուղար Ուատիհ Քանաանը, որուն հետ քննարկեց «2018` կրօնական զբօսաշրջութեան տարի» յայտարարելու նախապատրաստութիւնները եւ այդ նախաձեռնութիւնը յաջողցնելու հեռանկարները: