Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Արաբական Երկիրներուն Միջեւ Քաղաքական Համախոհութեան Եւ Հարցերը Երկխօսութեամբ Լուծելու Կարեւորութեան

January 12, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Արաբ ատամնաբուժներու սենտիքայի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Լիբանանի ատամնաբուժներու սենտիքայի նախագահ Ժամալ Հաժի:

Հաժ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին Արաբ ատամնաբուժներու սենտիքայի խորհրդաժողովը հովանաւորելուն առիթով: Ան նշեց, որ խորհրդաժողովին կը մասնակցին ատամնաբուժներ, որոնք եկած են Սուրիայէն, Պաղեստինէն, Իրաքէն, Թունուզէն, Յորդանանէն, Սուտանէն եւ Եգիպտոսէն:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն կոչ ուղղեց արաբական երկիրներուն միջեւ քաղաքական համախոհութեան եւ հարցերը երկխօսութեամբ լուծելու կարեւորութեան:

Ան շեշտեց, որ պատերազմելու նպատակով մսխուող գումարները պէտք է ծառայեցնել գիտութեան զարգացումին:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ, որ յայտնեց, թէ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկած է երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ նախկին նախարար Նաժի Պուսթանին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները:

Պուսթանի յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը եւ ընտրական նոր օրէնքի գործադրութիւնը նախագահ Աունի նուաճումներէն պիտի ըլլան:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ վճռաբեկ ատեանի ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ, որ նախագահ Աունին ներկայացուց ընդհանուր դատախազութեան աշխատանքը, ինչպէս նաեւ բանտերուն խճողուած ըլլալու իրականութիւնը եւ այդ հարցին լուծման կարելիութիւնները:

 

Նախորդը

Պըրրի – Միքաթի Հանդիպում

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Որոշեց Քոսթապրաւայի Թափօններու Թաղման Վայրը Ընդարձակել

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.