Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Որոշեց Քոսթապրաւայի Թափօններու Թաղման Վայրը Ընդարձակել

Յունուար 12, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Նիստին ընթացքին վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ կառավարութիւնը հիմնական երեք մեծ հարցեր ունի լուծելիք: Անոնք են` երեսփոխանական ընտրութիւնները, աղբի տագնապն ու ելեկտրականութեան հարցը:

Հարիրի յայտնեց, որ ընտրական օրէնքը հսկայ նուաճում մըն է, անկախ անոր մասին արձանագրուած կարգ մը դիտողութիւններէն եւ մերժողական կեցուածքներէն:

Հարիրի յայտնեց, որ ինք համաձայն է ամէն տեսակ բարեկարգումի, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները աւելի թափանցիկ կը դարձնէ, «սակայն թող բոլորին համար յստակ ըլլայ, որ տարակարծութիւնները պիտի չխանգարեն երեսփոխանական ընտրութիւնները: Յառաջիկայ մայիսին մենք պիտի ուղղուինք երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու, ինչ ալ ըլլան պայմանները: Հետեւաբար ընտրութիւնները ջնջելու կամ անոնց կայացումը արգելակելու մասին ոչինչ գրուած է կառավարութեան «բառարան»-ին մէջ», հաստատեց վարչապետ Հարիրի:

Անդրադառնալով աղբի տագնապին` Հարիրի յայտնեց, որ Լիբանանի աղբի տագնապին լուծումը նախարարաց խորհուրդին մաս կազմող բոլոր ուժերուն պատասխանատուութիւնն է: Ան կոչ ուղղեց յանդուգն որոշումներ տալու, ինչպէս նաեւ որդեգրելու մնայուն ծրագիր մը, որ աղբի տագնապին արմատական լուծում մը կը գտնէ թէ՛ մայրաքաղաք Պէյրութի, թէ՛ ալ արուարձաններուն մէջ:

Կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ Քոսթապրաւայի թափօններու թաղման վայրի ընդարձակումին, որոշեց Շուֆի եւ Ալէյի աղբերը միացնել Քոսթապրաւային, ինչպէս նաեւ որոշեց տաքութեան միջոցով աղբերու տարբաղադրման գործարաններ հիմնել յառաջիկայ վեց ամիսներուն ընթացքին:

Աշխատանքի նախարար Մոհամետ Քապպարա ներկայացուց Թրիփոլիի աղբանոցին տագնապը եւ ըսաւ, թէ անոր կենսոլորտային վտանգները լուծելու համար որոշ միջոցառումներ որդեգրած են:

Քապպարա հաստատեց, որ տաքութեան միջոցով աղբերու տարբաղադրման գործարաններու հիմնումը արմատական լուծում կ՛ապահովէ աղբի տագնապին:

Նշենք, որ երկրագործութեան նախարար Ղազի Զաայթեր լքեց նիստը` նշելով, որ երկրագործութեան վերաբերող կէտերը կառավարութեան քննարկած օրակարգին մէջ չեն ներառուած: Ան յայտնեց, որ երկրագործութեան բնագաւառի պաշտպանութեան համար պիտի արգիլէ որեւէ արտադրութեան Լիբանան մուտքը:

ՀԱՐԿ է աւելցնել, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին նախկին նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր ժամանեց վարչապետարան, ուր ան դռնփակ կարճ հանդիպում մը ունեցաւ Հարիրիի հետ` անոր ներկայացնելով շրջանաւարտ սպաներու թղթածրարը լուծելու իր առաջարկը:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց Արաբական Երկիրներուն Միջեւ Քաղաքական Համախոհութեան Եւ Հարցերը Երկխօսութեամբ Լուծելու Կարեւորութեան

Յաջորդը

«Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին Մէջ Մենք Պիտի Շարունակենք Աջակցիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու Աշխատանքին» Կ՛ըսէ ԵԱՀԿ-ի Նոր Նախագահը

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?