Հիւսիսային Լիբանանի նահանգապետ Ռամզի Նոհրա ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերու պատասխանատու Ֆիլիփ Լազարինին, որուն հետ քննարկեց հիւսիսային Լիբանանի յատկապէս լքուած շրջաններուն մէջ երիտասարդներուն առիթներ մատուցելու ծրագիրին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Նոհրա յայտնեց, որ Լիբանանը ընկերային եւ տնտեսական լուրջ տագնապ կը դիմագրաւէ` մեծ թիւով սուրիացի տեղահանուածներու գոյութեան պատճառով:
Նոհրա կոչ ուղղեց Լիբանանի նուիրատու կազմակերպութիւններուն գործակցելու քաղաքապետութիւններուն եւ լիբանանեան հիւրընկալ շրջանակներուն հետ, որպէսզի շրջանները պէտք եղած ձեւով եւ առանց քաոսի կարենան հիւրընկալել սուրիացի տեղահանուածները:
Ան մաղթեց, որ ՄԱԿ օժանդակէ տեղահանուածներուն ապահով տունդարձին` նկատի ունենալով, որ սուրիական կարգ մը շրջաններու մէջ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատուած է:
Իր կարգին, Լազարինի նշեց, որ ՄԱԿ կը զօրակցի լիբանանեան հիւրընկալ շրջանակներուն եւ անոնց ծրագիրներ կը ներկայացնէ` ամրապնդելու համար այդ շրջանակներուն կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխատանքի առիթներ կը ստեղծէ երիտասարդներուն համար: