Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 4, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Լիբանան բերուած են եւ  վաճառուած ժամկէտանց մեծ քանակով դեղօրայք:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը ազգային շահերու ապահովում է` հաստատելով, որ պէտք է երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները եւ տիրող հաւասարակշռութիւնները յարգել: Նշենք, որ Հաժ Հասան այսօր կը մեկնի Դամասկոս, ուր հինգշաբթի, 6 սեպտեմբեր 2018-ին տեղի ունենալիք միջազգային 60-րդ ցուցահանդէսին ընթացքին Լիբանանի տաղաւարին բացումը պիտի կատարէ:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Նեփալի պաշտպանութեան նախարար Իշուար Փոխրելի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները: Փոխրել հաստատեց, որ Նեփալ կը զօրակցի Լիբանանի խաղաղութեան եւ ապահովական կայունութեան:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Մոհամետ Քապպարա յայտնեց, որ նախարարութիւնը իր հսկողութեան բաժանմունքին ընդմէջէն պիտի հետապնդէ եւ փակէ սուրիացի աշխատաւորներ ունեցող վաճառատուները` հաստատելով, որ իրենց համար լիբանանցի աշխատաւորները առաջնահերթ են:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ իր յառաջիկայ նիստին ընթացքին յանձնախումբը երկրին տնտեսութեան եւ ելեւմտական իրավիճակին մասին յատուկ զեկուցումներ պիտի լսէ ելեւմուտքի եւ տնտեսութեան նախարարներ Ալի Հասան Խալիլէն եւ Ռաէտ Խուրիէն:

ՊԵՔԱԱՅԻ երեսփոխանները երէկ շարունակեցին Պեքաայի բարգաւաճման վերաբերող իրենց աշխատանքները, որոնց շրջագիծին մէջ անոնք ստուգեցին նաեւ Լիթանի գետին ապականումին վերջ տալու ծրագիրը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նազիհ Նաժըմ հաստատեց, որ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու խորհրդարանի մնայուն յանձնախումբը կը պահանջէ օրէնքները գործադրել` աւելցնելով, որ ոչ ոք օրինազանցութիւն կատարելու իրաւունք ունի:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ քննադատեց կառավարութեան կազմութեան գծով տիրող անտարբերութիւնը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն կոչ ուղղեց տիւրզի համայնքին համար կատարելու լաւագոյնը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա հաստատեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ բոլոր զիջումները Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հաշուոյն կատարուին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի կառավարութեան կազմութիւն:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ ամէնօրեայ դրութեամբ իրենք կը բացայայտեն նոր դաւադրութիւն մը եւ աւազակութիւն մը, որոնց պատճառով Քֆարֆալուսը կը հիւծի: «Իսկ այս բոլոր դաւադրութիւնները կը կատարուին ազգային միասնականութեան անունով», ընդգծեց Աուատ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Անթուան Հապշի հիւսիսային Պեքաայի մէջ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նահատակներուն յիշատակին նուիրուած հոգեհանգիստին առիթով խոստացաւ իրականացնել անոնց նպատակները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր հաստատեց, որ վտանգի բոլոր փողերը սկսած են հնչել, եւ Լիբանան պէտք է դուրս գայ կառավարութեան կազմութեան տագնապէն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժիհատ Սամատ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան տուեալները բաւական աննշան են:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա ընդգծեց լիբանանեան պետական հաստատութիւններուն մէջ գործելու թեկնածուները անոնց կարողութեան եւ ատակութեան չափանիշներուն համաձայն աշխատանքի ընդունելու կարեւորութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Այուպ Հըմայէտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Սաֆատի շեշտեց, որ պաղեստինեան դատը բոլոր արաբներուն դատն է:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ շեշտեց, որ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ին կատարուած օժանդակութիւնները դադրեցնելու ամերիկեան վարչակազմի որոշումը մտահոգիչ է:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ հաստատեց լիբանանցի երիտասարդները պետական վարչակազմի աշխատանքներուն մէջ ներգրաւելու կարեւորութիւնը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան արձանագրած ուշացումը բացայայտած է ներքին լիբանանեան քաղաքական երկփեղկումը քաջալերող դաւադրական ծրագիր մը:

 

 

Նախորդը

Ըստ «Ճումհուրիեթ»-ին. Թուրքիան Կրնայ Անակնկալ Կերպով Ազատ Արձակել Ամերիկացի Պատուելին

Յաջորդը

Տար Ֆաթուայի Մէջ. Հանրապետութեան Միւֆթին Ընդունեց Պուխարին

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?