Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի տեղահանուածներու յանձնաժողովի նախագահ Ֆիլիփօ Կրանտին` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի տեղահանուածներու յանձնաժողովի ներկայացուցիչ Միրէյ Ժերարի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան, սուրիական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող հարցերը:
Նախագահ Աուն Կրանտիէն պահանջեց, որ ՄԱԿ յաւելեալ ճիգ ի գործ դնէ` դիւրացնելու համար Լիբանանէն սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ բռնագրաւուած բոլոր տարածքները ազատագրուած են եւ ապահովական կայունութիւն կը վայելեն:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան պիտի շարունակէ տեղահանուածներու տունդարձին հարցը կարգաւորել` մաղթելով, որ միջազգային կազմակերպութիւնները պէտք եղած բոլոր օժանդակութիւնները տրամադրեն Սուրիոյ ապահով վայրերը վերադարձող տեղահանուածներուն:
Նախագահ Աուն հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ սուրիական իշխանութիւնները ճնշում բանեցուցած են եւ տունդարձը պարտադրած իրենց քաղաքացիներուն: «Սուրիացի տեղահանուածները կամովին կը փափաքին վերադառնալ իրենց երկիրը», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ տեղահանուածներու տունդարձի հարցը պէտք է լրիւ անջատել Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծումէն` աւելցնելով, որ պաղեստինեան հարցը 70 տարիէ ի վեր քաղաքական լուծման կը սպասէ, իսկ կիպրական հարցը 44 տարիէ ի վեր կը մնայ անլոյծ:
Նախագահ Աուն վերահաստատեց, որ Լիբանան կը զօրակցի տեղահանուածներու տունդարձի ռուսական նախաձեռնութեան եւ կոչ կ՛ուղղէ այդ նախաձեռնութեան ամբողջական գործադրութեան, որպէսզի սուրիացի տեղահանուածները կարենան ուղղուիլ իրենց երկիրը եւ աստիճանաբար սկսին իրենց բնականոն կեանքին:
Իր կարգին, Կրանտի շեշտեց, որ նախագահ Աունին ներկայացուցած է սուրիացի պատասխանատուներուն հետ իր կատարած խորհրդակցութիւնները, ինչպէս նաեւ այն օժանդակութիւնները, որոնք ՄԱԿ-ի յանձնաժողովը կը տրամադրէ սուրիացի տեղահանուածներուն:
Կրանտի հասկացողութիւն ցուցաբերեց սուրիացի տեղահանուածներու ապահով տունդարձին մասին նախագահ Աունի կեցուածքին նկատմամբ:
Վարչապետին Մօտ
Վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կարգին ընդունեց Կրանտին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ տեղահանուածներու հարցով պետական նախարար Մույին Մերեհպիի:
Հանդիպումէն ետք Կրանտի յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու հարցին համար լաւագոյն լուծումը անոնց ապահով եւ արժանապատիւ տունդարձն է:
Ան նշեց, որ Սուրիոյ մէջ նախորդ հինգ տարիներուն ընթացքին կացութիւնը բաւական վատ եւ լարուած եղած է, եւ իբրեւ այդպիսին իրենց համար կարեւոր է իմանալ, թէ տեղահանուածները կամովին կը վերադառնան Սուրիա:
Կրանտի աւելցուց նաեւ, որ իրենք սուրիական իշխանութիւններուն հետ քննարկած են տեղահանուածներու տունդարձի աշխատանքին դէմ ծառացող արգելքները չէզոքացնելու հեռանկարները` թէ՛ օրինական եւ թէ՛ նիւթական առումով:
Կրանտի յայտնեց, որ իրենք մտահոգութիւններ ունին Իտլիպի մէջ արձանագրուելիք հաւանական զարգացումներուն առնչութեամբ` աւելցնելով, որ այդ շրջագիծին մէջ է, որ իրենք կը խուսափին արագ լուծումներէ եւ որոշումներ կայացնելէ:
Նշենք, որ Կրանտի այցելեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի, որուն հետ քննարկեց սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը, ինչպէս նաեւ ընդհանուր տնօրէնութեան որդեգրած միջոցառումները` դիւրացնելու համար անոնց տունդարձը:
Մամլոյ Ասուլիս
Պէյրութ կատարած իր այցելութեան ընթացքին ունեցած հանդիպումներէն ետք, Կրանտի հրաւիրեց պաշտօնական մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, թէ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին որոշումը միայն անոնց կը պատկանի` աւելցնելով, որ իրենք կը ջանան փարատել անոնց մտավախութիւնները:
Կրանտի յայտնեց, որ Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը վերջինն էր` սուրիացի տեղահանուածներուն հարցով Յորդանան-Սուրիա-Լիբանան իր կատարած շրջապտոյտին ծիրին մէջ:
Ան նկատել տուաւ, որ ինք հանդիպումներ ունեցած է նախագահ Աունի եւ վարչապետ Հարիրիի հետ:
Կրանտի նաեւ ըսաւ, թէ տեղահանուածներու հարցերով ՄԱԿ-ի յանձնաժողովին հիմնական գործունէութիւնը կ՛ըլլայ այդ տեղահանուածներուն մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրել իրենց գտնուած վայրերուն մէջ, մինչեւ վերջնական լուծումներու գտնուիլը: «Անշուշտ այս պարագային լաւագոյն լուծումը տեղահանուածին կողմէ կամովին տրուած տունդարձի որոշումն է, եւ այս առումով ճիշդ է, որ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածները կը փափաքին տուն վերադառնալ», ընդգծեց ան:
Այս շրջագիծին մէջ ան ողջունեց սուրիական կառավարութեան հրապարակած պաշտօնական հրամանագիրը, որուն մէջ անիկա կ՛ողջունէր սուրիացի իր քաղաքացիներուն տունդարձ կատարելու որոշումը: Կրանտի հաստատեց, որ սուրիական կառավարութեան այդ կեցուածքը դրական է, բայց եւ այնպէս կարիքը կը զգացուի նաեւ տունդարձ կատարող կարգ մը սուրիացիներուն մօտ Սուրիոյ իշխանութիւններուն նկատմամբ վստահութիւնը ամրապնդելու:
Կրանտի նշեց, որ թէեւ տեղահանուածներու տունդարձին առումով Ռուսիա նախաձեռնութիւն մը առաջադրած է, սակայն Մոսկուա եւս իր մտահոգութիւնները ունի` տեղահանուածներու ակամայ հայրենիք վերադարձին առումով: «Այս պատճառով է, որ պէտք է տունդարձը համագործակցութեամբ կատարուի», շեշտեց ան:
Կրանտի հասկացողութիւն ցուցաբերեց Լիբանանի վրայ սուրիական տագնապին, յատկապէս տեղահանուածներու հարցին ունեցած հետեւանքներուն մասին: Անդրադառնալով Լիբանանի կառավարութեան հետ իրենց յարաբերութեան` Կրանտի ըսաւ. «Յարաբերութիւնը միշտ փշոտ կ՛ըլլայ, երբ կառավարութիւն մը կը փափաքի իր քաղաքացիներուն իրաւունքները պաշտպանել եւ կազմակերպութիւն մը կը փափաքի տեղահանուածները պաշտպանել: Սակայն Լիբանանի հետ յարաբերութիւնները միշտ ալ լաւ եւ շինիչ եղած են, իսկ հարցերը պարզաբանելու առումով միշտ կարելիութիւն եղած է»:
Պասիլ-Կրանտի Հանդիպում
Կրանտի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Պասիլ նշմարեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին առումով ՄԱԿ-ի տեղահանուածներու յանձնաժողովին կեցուածքին մէջ փոփոխութիւն արձանագրուած է` տունդարձը չխոչընդոտելու, այդ տունդարձը արգելակող խոչընդոտները վերացնելու, ինչպէս նաեւ տեղահանուածներուն ապահով տունդարձին նպաստող պայմաններ ստեղծելու եւ համագործակցելու գծով: