Լիբանանեան

Պաալպեքի Մէջ .  Իմամ Մուսա Սատըրի Եւ Անոր Ընկերակիցներուն  Առեւանգման 40-ամեակի Յիշատակի Ոգեկոչում

Պաալպեքի Մէջ . Իմամ Մուսա Սատըրի Եւ Անոր Ընկերակիցներուն Առեւանգման 40-ամեակի Յիշատակի Ոգեկոչում

Իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն` շէյխ Մոհամետ Եաագուպի եւ լրագրող Ապպաս Պատրէտտինի առեւանգումին 40-ամեակին առիթով, նախագահ Աուն ոգեկոչեց երեք առեւանգեալներուն յիշատակը: Նախագահ Աուն անյայտ կորսուած իմամ Մուսա Սատըրը նկատեց ազգային անձնաւորութիւն մը, որ պայքարած է Լիբանանի միասնականութեան եւ լիբանանեան ազգային գոյակցութեան ու համերաշխութեան պատգամը պաշտպանելու ի խնդիր: Նախագահ Աուն հաստատեց, որ այսօր կարիքը կայ իմամ Մուսա Սատըրի նման անձնաւորութեան...

Մարզական Աւանին Մօտ  Ինքնաշարժի Ահաւոր Արկած

Մարզական Աւանին Մօտ Ինքնաշարժի Ահաւոր Արկած

Պէյրութի միջազգային օդակայան տանող մայրուղիին վրայ, Մարզական աւանին մօտ, երէկ կէս գիշերին պատահեցաւ ինքնաշարժի ահաւոր արկած մը, որուն պատճառով արձանագրուեցան հինգ զոհեր եւ մեծ թիւով վիրաւորներ: «Ասատ» մայրուղիին վրայ պատահած արկածը վեց ինքնաշարժներու միջեւ արձանագրուած է:

Զբօսաշրջութեան Նախարարութիւնը  Յայտարարեց Քաջալերական Յատուկ  Սակերով Փաթեթ Մը.  «Այս Նախաձեռնութիւնը Կը Միտի Զբօսաշրջիկը  Քաջալերել` Լիբանան Այցելելու»   Ընդգծեց Ա. Կիտանեան

«Քաղաքական Պատասխանատուները Պէտք Է Աշխատին` Իրագործելու Համար Զիրենք Ընտրողներու Առաջադրանքները» Շեշտեց Ա. Կիտանեան

Հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Թրիփոլիի «Ռաշիտ Քարամէ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Ֆուտ էքսփօ» ցուցահանդէսը` կազմակերպութեամբ` «Փլէյ պեք» ընկերութեան: Նախարար Կիտանեան ցուցահանդէսին բացումը կատարելէ եւ զետեղուած տաղաւարները շրջագայելէ ետք, ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումին ընթացքին ուրախութիւն յայտնեց, որ Թրիփոլի կը գտնուի: Ա. Կիտանեան դրուատեց ցուցահանդէսը կազմակերպող «Փլէյ պեք» ընկերութեան արհեստավարժութիւնը` աւելցնելով, որ նման ցուցահանդէս մը կազմակերպելը ինքնին հերոսական արարք մըն է,...

Հարիրի Կը Շարունակէ Կառավարութեան  Կազմութեան Հոլովոյթը

Հարիրի Կը Շարունակէ Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ ան կը շարունակէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը` աւելցնելով, որ վարչապետին կատարած վերջին խորհրդակցութիւններն ու հանդիպումները յանգած են ընդունելի արդիւնքներու, որոնց հիման վրայ կառավարութեան կազմութիւնը կարելի կրնայ դառնալ: Նոյն աղբիւրները նշեցին, որ կարգ մը յստակացումներու համար վարչապետը կը սպասէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի այցելութեան: Ըստ այդ աղբիւրներուն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պիտի...

Ապպաս Իպրահիմ. «Սահմանային Անցքերը  Բանալու Գծով Սուրիական Իշխանութիւնները  Ոչ Մէկ Նախապայմանի Մասին Խօսած Են»

Ապպաս Իպրահիմ. «Սահմանային Անցքերը Բանալու Գծով Սուրիական Իշխանութիւնները Ոչ Մէկ Նախապայմանի Մասին Խօսած Են»

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք տնօրէնութեան աշխատանքներէն գոհ չէ` նկատի ունենալով, որ իրենց առաջադրանքներն ու ձգտումները շատ աւելի մեծ են: «Մենք հսկայ ջանքեր պէտք է թափենք իրականացնելու համար մեր ձգտումները, որովհետեւ լիբանանցիները աւելիին արժանի են», ըսաւ ան: Իպրահիմ շեշտեց, որ ապահովական գետնի վրայ պէտք է կազմ ու պատրաստ ըլլալ` ապահովական որեւէ...

Պասիլ. «Կը Մաղթենք, Որ Կազմուի Արդարութեան,  Հաւասարակշռութեան Եւ Համագործակցութեան  Վրայ Հիմնուած Կառավարութիւն Մը»

Պասիլ. «Կը Մաղթենք, Որ Կազմուի Արդարութեան, Հաւասարակշռութեան Եւ Համագործակցութեան Վրայ Հիմնուած Կառավարութիւն Մը»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ այցելեց Տիման, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ: Հանդիպումէն ետք Պասիլ նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան դիմագրաւած հարցերուն լուծման համար վարչապետ Սաատ Հարիրի ճիգ կը թափէ: Ան յոյս յայտնեց, որ մօտիկ ապագային կառավարութիւնը կարելի ըլլայ կազմել: Պասիլ յայտնեց, որ բոլոր լիբանանցիները...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կեցուածքները նոր թափ ընծայած են կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն: ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ կոչ ուղղեց կազմելու 12 ոչ կուսակցական նախարարներէ բաղկացող սեղմ կառավարութիւն մը` երիտասարդութեան յոյս ներշնչելու նպատակով: ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի պէտք է լիբանանեան հաշուիչ մեքենայ մը...

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը  Աւելի Արագ Թափով Կ՛ընթանայ

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Աւելի Արագ Թափով Կ՛ընթանայ

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին յաւելեալ արագութեան թափ տալու շրջագիծին մէջ, երէկ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն միջեւ փոխադարձ այցելութիւնները շարունակուեցան: Երէկ երեկոյեան վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրը` ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի: Քննարկուեցան քաղաքական իրադարձութիւնները եւ յատկապէս կառավարութեան կազմութեան հետ կապուած հարցերը: Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ գործուղուած ներկայացուցիչ` տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի...

Նախագահ Աուն Քննարկեց Երկրին  Վերաբերող Քաղաքական, Տնտեսական  Եւ Մշակութային Շարք Մը Հարցեր

Նախագահ Աուն Քննարկեց Երկրին Վերաբերող Քաղաքական, Տնտեսական Եւ Մշակութային Շարք Մը Հարցեր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց երեսփոխաններ Սելիմ Աունը եւ Միշել Տահերը, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին նախագահին Մեթնի արագ մայրուղիին, ինչպէս նաեւ Թարշիշ-Զահլէ մայրուղիին վերաբերող շինութիւններուն առիթով: Աուն եւ Տահեր նախագահ Աունին յայտնեցին, թէ երկուշաբթի, 3 սեպտեմբեր 2018-ին, խորհրդարանին մէջ 23 երեսփոխաններով պիտի քննարկեն Պեքաայի ենթակառոյցի շինութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր, որոնց կարգին նաեւ Տահր Պայտարի մայրուղիին...

Պասիլ Զասիփքինի Հետ Քննարկեց Սուրիացի  Տեղահանուածներու Տունդարձին Վերաբերող  Ռուսիոյ Հետ Բանակցութիւնները

Պասիլ Զասիփքինի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Վերաբերող Ռուսիոյ Հետ Բանակցութիւնները

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը: Հանդիպումէն ետք Զասիփքին յայտնեց, որ Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ Պասիլի ունեցած հանդիպումին եւ շրջանային զարգացումներուն լոյսին տակ քննարկեցինք լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին`...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոք.  Լիբանան Կոչուած Է Իր Ռազմավարական  Դիրքորոշումը Վերատեսութեան Ենթարկելու

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոք. Լիբանան Կոչուած Է Իր Ռազմավարական Դիրքորոշումը Վերատեսութեան Ենթարկելու

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ նախագահեց պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող քաղաքական իրադարձութիւնները: Պլոքի նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ անյայտ կորսուած իմամ Մուսա Սատըր մարդկային արժանիքներուն օրինակելի տիպարը կը մնայ` շեշտելով, որ զայն եւ անոր ընկերակիցները առեւանգելով ու անհետացնելով թշնամին ուզած է անոր յառաջադիմական գաղափարները ճնշել եւ հայրենիքին կայունութիւնը խախտել: «Բայց եւ այնպէս...

Ֆընիանոս. «Պէյրութի Միջազգային Օդակայանը  Անմիջական Կարիքը Ունի 100 Միլիոն Տոլարի»

Ֆընիանոս. «Պէյրութի Միջազգային Օդակայանը Անմիջական Կարիքը Ունի 100 Միլիոն Տոլարի»

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Պէյրութի միջազգային օդակայանը օգտագործող բոլոր ճամբորդներէն ներում հայցեց` այս ամսուան ընթացքին օդակայանին մէջ տիրած ահռելի խճողումներուն համար: Ան հաստատեց, որ ինք քաջ գիտէ, թէ ինք եւ Քաղաքացիական օդանաւորդութեան վարչութիւնը պատասխանատու չեն  պատահածին: Ֆընիանոս յայտնեց, որ ինք բազմիցս այցելած է օդակայան եւ շատ լաւ գիտէ, թէ ի՛նչ է...

Ապպաս Իպրահիմ Ֆըրզլիի Հետ Քննարկեց  Երկրին Քաղաքական Իրադարձութիւնները

Ապպաս Իպրահիմ Ֆըրզլիի Հետ Քննարկեց Երկրին Քաղաքական Իրադարձութիւնները

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները: Ապպաս Իպրահիմի այցելեց նաեւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի: Քննարկուեցան Լիբանանի եւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը: Նշենք, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն հիմնադրութեան 73-ամեակին առիթով, Ապպաս Իպրահիմ շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Ընկերվար յառաջդիմական...

Մուսթաքպալ Պլոքին Մաս Չկազմող Սիւննի  Երեսփոխանները Իրաւունք Ունին  Կառավարութեան Մէջ Ներկայացուելու

Մուսթաքպալ Պլոքին Մաս Չկազմող Սիւննի Երեսփոխանները Իրաւունք Ունին Կառավարութեան Մէջ Ներկայացուելու

Մուսթաքպալ պլոքին մաս չկազմող երեսփոխաններ, այլ խօսքով` անկախ սիւննի երեսփոխաններ Ֆայսալ Քարամէ, Ապտել Ռահիմ Մըրատ, Ժիհատ Սամատ, Ուալիտ Սըքքարիէ, Քասեմ Հաշեմ եւ Ատնան Թրապուլսի երէկ խորհրդարանին մէջ գումարեցին խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները: Հանդիպումէն ետք Սըքքարիէ շեշտեց ազգային միասնականութեան կառավարութիւն կազմելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ այդ կառավարութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն հիման վրայ կազմել կը նշանակէ նկատի...

Ապահովութեան Խորհուրդը Մէկ Տարիով Երկարաձգեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Առաքելութիւնը

Ապահովութեան Խորհուրդը Մէկ Տարիով Երկարաձգեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Առաքելութիւնը

Երէկ երեկոյեան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը միաձայնութեամբ որոշեց մէկ տարի երկարաձգել Հարաւային Լիբանանի մէջ գործող ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը: Ապահովութեան խորհուրդը շեշտեց զէնքերու ամբողջական արգելքը գործադրելու անհրաժեշտութիւնը:

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը շարք մը զիջումներ կատարած է` դիւրացնելու համար վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը: Ան ըսաւ, թէ երկրին իշխանութիւնը բոլորին կը պատկանի` աւելցնելով, որ իրենք նախարարութեան մէջ աշխատանքի առած են բոլոր ատակ թեկնածուները: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ կառավարութիւնը անյապաղ կազմելու կարիքը զգալի է` բարելաւելու համար երկրին տնտեսական...

Պաապտայի Մէջ.   «Նախագահ Աուն Լաւատես Է Վարչապետ  Հարիրիի Կատարելիք Այցելութեամբ»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Պաապտայի Մէջ. «Նախագահ Աուն Լաւատես Է Վարչապետ Հարիրիի Կատարելիք Այցելութեամբ» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը: Նախագահ Աունի հետ հանդիպելէ ետք Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահէն իմացած է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին: Սակայն Ռայի պատրիարքը նշեց, որ իրենք միշտ լաւատես են, եւ ըսաւ. «Նախատեսուած է, որ յառաջիկայ 48 ժամերուն ընթացքին վարչապետ Սաատ Հարիրի այցելէ նախագահ...

Պըրրի. «Խորհրդարանը Կ՛ուղղուի Դէպի  Օրէնսդիր Աշխատանք, Իսկ Ազգային Միասնականութեան  Կառավարութիւնը Կրնայ Երկրին Դիմագրաւած  Հարցերուն Լուծման Նախաքայլը Ըլլալ»

Պըրրի. «Խորհրդարանը Կ՛ուղղուի Դէպի Օրէնսդիր Աշխատանք, Իսկ Ազգային Միասնականութեան Կառավարութիւնը Կրնայ Երկրին Դիմագրաւած Հարցերուն Լուծման Նախաքայլը Ըլլալ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի կառավարութեան կազմութեան: Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի ընդգծեց կառավարութեան կազմութեան կարեւորութիւնը: «Ազգային միասնականութեան կառավարութիւնը կրնայ երկրին դիմագրաւած հարցերուն լուծման նախաքայլը ըլլալ», ըսաւ Պըրրի: Ան շեշտեց, որ խորհրդարանը կ՛ուղղուի դէպի օրէնսդիր աշխատանք` հաստատելով, որ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն նիստերուն, յատկապէս ելեւմտական իրավիճակին...

Հարիրի. «Ոչ Ոք Կրնայ Ինծի Կառավարութեան  Կազմութեան Ժամկէտ Պարտադրել»

Հարիրի. «Ոչ Ոք Կրնայ Ինծի Կառավարութեան Կազմութեան Ժամկէտ Պարտադրել»

Երէկ երեկոյեան շուրջ ժամը 9:00-ին վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահը` ընկերակցութեամբ տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշիի: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի: Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներ «Էլ. Պի. Սի. Այ.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ Հարիրի - Ժահժահ հանդիպումը բացառիկ էր, մանաւանդ ընտրութիւններու արդիւնքներուն լոյսին տակ Լիբանանեան ուժերու ունեցած չափին...

Այզընքոթ Տել Քոլէն Կը Պահանջէ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն  Իշխանութիւնը Պարտադրել Հըզպալլայի Վրայ

Այզընքոթ Տել Քոլէն Կը Պահանջէ Հարաւային Լիբանանի Մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Իշխանութիւնը Պարտադրել Հըզպալլայի Վրայ

«Իսրայէլ թուտէյ» օրաթերթին համաձայն, իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Կատի Այզընքոթ անցեալ շաբթուան ընթացքին հանդիպում մը ունեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար Սթեֆանօ Տել Քոլի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Այզընքոթ Տել Քոլէն պահանջեց հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն իշխանութիւնը պարտադրել Հըզպալլայի վրայ: Այզընքոթ նշեց, թէ Թել Աւիւ կը մաղթէ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հրամանատարութիւնը ստանձնած իտալացի զօրավարը նախորդ հրամանատարին`...

Page 622 of 988 1 … 621 622 623 … 988

Արխիւներ