Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վարչապետ Հարիրիի Ներկայացուցած Կառավարութեան Կազմը «Սփոփանքի Կառավարութիւն» Է» Շեշտեց Քանաան

September 5, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:

Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին ներկայացուցած կառավարութեան իր կազմը կոչած էր սկզբնական կազմ, «սակայն համախմբումը զայն կը նկատէ «սփոփանքի կառավարութեան կազմ», եւ կը մերժէ համայնքներու ներկայացուցչութեան մեկուսացումը, որովհետեւ անիկա հակաժողովրդավարական է: «Այդ պատճառով է, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին մենք որդեգրեցինք համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնք մը, որպէսզի բոլորը ներկայացուին», ըսաւ Քանաան:

Ան նշեց նաեւ, որ համախմբումը ներկայացուած կառավարական կազմին մէջ նշմարած է երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները ջրող եւ զանոնք անարգող փորձ մը: Այս շրջագիծին մէջ Քանաան հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է սահմանադրութիւնն ու ժողովուրդին կարծիքը յարգել` միաժամանակ շրջանցելով երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները:

Քանաան հաստատեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրին պատճառաբանութեամբ հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնները նկատի չունենալու փորձեր կը կատարուին: Ան աւելցուց, որ հանրապետութեան նախագահը միակն է, որ երկրին սահմանադրութիւնը յարգելու եւ գործադրելու համար խորհրդարանին ներկայութեան երդում կը կատարէ: «Թաէֆի համաձայնագիրին պատճառաբանութեամբ հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւնները հարուածելը նախագահ զօր. Միշել Աունի իշխանութեան օրով անընդունելի է, որովհետեւ նախագահ Աուն իսկական գործակցութեան յանձնառու է: Հետեւաբար բոլորէն կը պահանջուի յարգել անոր իրաւասութիւններն ու դերակատարութիւնը», ըսաւ ան:

Քանաան նշեց, որ իրենք պատրաստ չեն երկար ատեն առանց կառավարութեան մնալու, որովհետեւ կը փափաքին, որ բոլոր քննարկումներն ու գործնական աշխատանքները կատարուին նախարարաց նոր խորհուրդի նիստերուն ընթացքին:

ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը կասեցնելու ամերիկեան որոշումին մասին Քանաան յայտնեց, որ համախմբումը կը մերժէ այդ որոշումը եւ զայն վտանգաւոր կը նկատէ, ինչպէս նաեւ կառչած կը մնայ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը մերժող Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքին:

Քանաան նշեց, որ Հզօր Լիբանան համախմբումը կը պահանջէ յարգել պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձի իրաւունքը:

Անդրադառնալով դպրոցներուն` ուսուցիչներու աշխատավարձի եւ  կրթաթոշակներու արձանագրած յաւելումներուն, Քանաան շեշտեց, որ համախմբումը կը ջանայ այս իմաստով ամբողջական լուծումի յանգիլ` աւելցնելով, որ բոլորը պէտք է զիջին ամբողջական լուծումի մը յանգելու համար:

Տնտեսական իրավիճակին վերաբերեալ շրջանառութեան մէջ դրուած մեկնաբանութիւններուն մասին Քանաան ըսաւ. «Համախմբումը կը հաստատէ, որ Լիբանան իր տնտեսական լաւագոյն պայմաններուն մէջ չի գտնուիր, սակայն կրնայ նաեւ շեշտել, որ ան սնանկացումի սեմին չի գտնուիր: Այս իմաստով միջազգային կազմակերպութիւններու տեղեկագիրները կը շեշտեն, թէ Լիբանանի տնտեսական կայունութիւնը ի զօրու է: Կարեւոր է, որ երկրին տնտեսական կայունութիւնը պահպանուի եւ բարեկարգումները կատարուին, իսկ այս երկու աշխատանքներուն համար կարիքը կայ նոր կառավարութեան», շեշտեց Քանաան:

 

Նախորդը

Կաթողիկէ Վարժարաններու 25-րդ Խորհրդաժողովը Կը Վերածուի Կրթական Տագնապ Յայտարարող Ահազանգի

Յաջորդը

Բանակի Եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Հրամանատարները Քննարկեցին Փոխադարձ Գործակցութեան Ամրապնդման Հեռանկարները

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.