Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ գտնուող հարիւրաւոր սուրիացի տեղահանուածներ այսօր առաւօտեան ժամը 6:00-էն սկսեալ տունդարձ պիտի կատարեն Մասնաայի եւ Ապուտիէի սահմաններէն:
Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ նախկին երեսփոխան Նաուար Սահիլիի հետ, որմէ ստացաւ կամովին Սուրիա վերադառնալ փափաքող սուրիացի տեղահանուածներուն անուանացանկը:
Նշենք, որ Ապպաս Իպրահիմ երէկ այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը: