Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

541 Սուրիացի Տեղահանուածներ Տունդարձ Կատարեցին

September 5, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ գտնուող հարիւրաւոր սուրիացի տեղահանուածներ երէկ առաւօտեան կամովին տունդարձ կատարած են Մասնաայի եւ Ապուտիէի սահմանային դռներէն:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ սուրիացի տեղահանուածները սուրիական իշխանութիւններուն կողմէ տրամադրուած փոխադրակառքերով Շեպաայէն, Մասնաայէն, Պուրճ Համուտէն, Նապաթիէէն եւ Թրիփոլիէն ուղղուեցան Սուրիա` ընկերակցութեամբ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն:

Սուրիական իշխանութիւններուն հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ աւելի քան չորս տարի ետք սուրիացի տեղահանուածները 25 փոխադրատար մեքենաներով Ժտայտեթ Եապուսի սահմանային անցքէն վերադարձած են իրենց երկիրը:

Տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի երէկ յայտնեց, որ միայն Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը իրաւունք ունին սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձով զբաղելու` նկատի ունենալով, որ պաշտօնապէս անոնց վստահուած է այս առաքելութիւնը:

Մերեհպի հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս Հըզպալլա ինքն իրեն կ՛արտօնէ միջամտել նաեւ տեղահանուածներու տունդարձի գործողութեան: «Սուրիոյ պատերազմին միջամուխ դառնալով Հըզպալլա պատերազմի պատճառ դարձած է, եւ հարց կու տանք, թէ ան ինչպէ՞ս յանկարծ Կարմիր խաչի վերածուած է», ըսաւ Մերեհպի:

Նախարար Մերեհպի շեշտեց, որ Սուրիան շրջապատող քաղաքական, ապահովական, ապրուստի եւ տարբեր ծառայութեանց պայմաններուն պատճառով սուրիական իշխանութիւնները կը մերժեն Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն կողմէ իրենց ներկայացուած տունդարձ կատարել փափաքող սուրիացիներու անուանացանկերուն շուրջ կէսը:

Մերեհպի շեշտեց, որ լիբանանեան-ռուսական որեւէ պաշտօնական յանձնախումբի կազմութեան պարտադիր անցքը Լիբանանի կառավարութեան պաշտօնական համաձայնութիւնն է, այլ խօսքով` Լիբանանի կառավարութեան կողմէ տրուելիք քաղաքական որոշումը:

Միւս կողմէ, նախկին երեսփոխան Նաուար Սահիլի, որ ներկայիս պատասխանատու է սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի Հըզպալլայի գրասենեակին, հաստատեց, որ այս գրասենեակը երկու ամսուան ընթացքին շուրջ 1150 տեղահանուածներու տունդարձը ապահոված է` գործակցութեամբ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն եւ Սուրիոյ կառավարութեան հետ:

Նշենք, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Իթթիհատ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատի հետ, որ պատրաստակամութիւն յայտնեց օժանդակելու եւ համադրելու սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձի աշխատանքը:

 

Նախորդը

Պըրրի Ընդունեց Զասիփքինը Եւ Ապու Ասիի Հետ Քննարկեց Բնակարանային Վարկերուն Վերաբերող Հարցերը

Յաջորդը

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Մասին Յայտարարութիւնները Կը Թէժանան. Արդեօք Անիկա Զերօ Կէտի՞ Վերադարձաւ

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.