Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զասիփքին. «Տեղահանուածներու Տունդարձը Ապահովող Ռուսական Նախաձեռնութիւնը Ռազմավարական Է»

September 3, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ մինչեւ շրջանային իրադարձութիւններու յստակացումը Լիբանան պիտի ըլլայ լուծումներու հիմնական միջոցը` նկատի ունենալով, որ անիկա կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու մարտկոցն է, հետեւաբար պէտք է ամէն ջանք ի գործ դրուի` ամրապնդելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Զասիփքին շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ Ռուսիա իւրայատուկ դերակատարութիւն ունի` նկատի ունենալով, որ իրենք բոլորին հետ յարաբերութիւններ ունին եւ քաղաքական բոլոր ուժերէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին:

Դեսպանը լուսարձակի տակ առաւ Լիբանանի մէջ կառավարութիւնը անյապաղ կազմելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ ի զուր է քաղաքական կարգ մը ուժերուն սպասումը` շրջանային հետագայ զարգացումներուն հիման վրայ կառավարութեան կազմութեան առնչուող:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի կազմուի, որովհետեւ երկրին իշխանութեան երեք պետերը կը փափաքին այդ մէկը:

Զասիփքին նշեց նաեւ, որ Լիբանանի մէջ լաւագոյն ընտրանքը պիտի ըլլայ կազմել ընդարձակ կառավարութիւն մը, որ կը պարփակէ լիբանանեան քաղաքական գրեթէ բոլոր ուժերը:

Սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին մասին ռուսական նախաձեռնութեան վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով` Զասիփքին ըսաւ, որ կարգ մը միջազգային ուժեր ռուսական այս նախաձեռնութիւնը ողջունելի չեն գտներ, մինչդեռ լիբանանցիները դրուատած են զայն, մաղթելով բոլոր տեղահանուածներուն տունդարձը:

Զասիփքին հաստատեց, որ տեղահանուածներու տունդարձը ապահովող ռուսական նախաձեռնութիւնը ռազմավարական է` աւելցնելով, որ մօտիկ ապագային պիտի կազմուի լիբանանեան- ռուսական յանձնախումբ մը` սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձի թղթածրարին շուրջ գործակցելու նպատակով: «Ես անձամբ պիտի ստանձնեմ տունդարձի գործունէութեան քաղաքական պատասխանատուութիւնը, իսկ դեսպանատան զինուորական կցորդը` ապահովական պատասխանատուութիւնը», շեշտեց ան:

Ան նշեց, որ արեւմտեան երկիրները սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը կ՛օգտագործեն` ճնշում բանեցնելու համար սուրիական վարչակարգին վրայ, «հիմնականին մէջ տապալելու համար Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը», շեշտեց Զասիփքին:

Ան հաստատեց, որ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ներկայութիւնը ապօրինի է` կոչ ուղղելով ամերիկեան ուժերու Սուրիայէն հեռացումին:

Զասիփքին նկատել տուաւ, որ Ռուսիոյ եւ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի եւ Ժըպրան Պասիլի միջեւ Մոսկուայի մէջ կատարուած հանդիպումին ընթացքին Լաւրով լիբանանցի իր պաշտօնակիցին ներկայացուցած է ռուսական նախաձեռնութեան մանրամասնութիւնները, որոնց նկատմամբ Պասիլ յայտնած է իր ամբողջական զօրակցութիւնը եւ այդ մասին գոհունակութիւն յայտնած:

Զասիփքին շեշտեց նաեւ, որ Մոսկուա պիտի օժանդակէ Սուրիոյ վերաշինութեան աշխատանքին:

 

Նախորդը

Տել Քոլ Ողջունեց Ապահովութեան Խորհուրդի Որոշումը` ՖԻՆԻՒԼ-ի Միջազգային Խաղաղապահ Ուժերու Պաշտօնավարութիւնը Երկարաձգելու

Յաջորդը

Պէյրութի Մէջ. «Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձի Որոշումը Միայն Անոնց Կը Պատկանի, Եւ Մենք Կը Ջանանք Փարատել Անոնց Մտավախութիւնները» Շեշտեց Ֆիլիփօ Կրանտի

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.