Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Արաբական Լիկայէն Պահանջեց Գումարել Անմիջական Նիստ Մը` ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն Ֆինանսաւորելու Նպատակով

September 4, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց պաղեստինեան ընդարձակ պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուրը եւ պաղեստինեան ու իսլամական քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները` ներկայութեամբ Ամալ շարժումի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Ժամիլ Հայեքի եւ խորհուրդի անդամներ Պիլալ Շարարայի, Մոհամետ Ժըպպաուիի եւ Պասսամ Քաժաքի:

Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի Արաբական լիկայէն պահանջեց գումարել անմիջական նիստ մը` ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն ֆինանսաւորելու նպատակով:

Հանդիպումին ընթացքին Լիբանանի տարածքին ազգային միասնականութիւնը պահպանելու փաստաթուղթի ստորագրութեան առիթով, պաղեստինեան պատուիրակութիւնը Պըրրիին յանձնեց յուշանուէր մը` արժեւորելու համար անոր զօրակցութիւնը Պաղեստինեան դատին եւ պաղեստինցիներուն:

Պըրրի շեշտեց, որ այս սեւ ժամանակաշրջանին ընթացքին պաղեստինեան խմբաւորումներուն գոյացուցած միասնականութիւնը միակ լուսաւոր էջն է:

Պըրրի հաստատեց, որ Արաբական լիկան հաստատ գումարներ ունի հայթայթելիք պաղեստինցի ժողովուրդին, որպէսզի ան միասնականութեամբ շարունակէ իր գոյատեւման պայքարը:

Պասիլ. «Այսօր Լիբանան Կը Գտնուի Քաղաքական-Դիւանագիտական
Ճակատումի Դիմաց Եւ Պիտի Պայքարի Մերժելով Բնակեցումը»

ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ին ֆինանսաւորումը կասեցնելու ամերիկեան որոշումին լոյսին տակ, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ նախարարութեան կեդրոն հրաւիրեց ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ին օժանդակութիւններ յատկացնող ինը պետութիւններուն Լիբանանի մէջ ներկայացուցիչները, այսինքն` դեսպանները, որոնց կողքին նաեւ Լիբանանի մէջ գործող 15 արաբական երկիրներու դեսպաններն ու ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի, Եւրոպական Միութեան եւ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչները:

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ բացակայեցաւ հանդիպումէն:

Հանդիպումին ընթացքին Պասիլ հաստատեց, որ Լիբանան ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնէ մերժելու պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ դիւանագիտական պայքարը պիտի շարունակէ` մերժելով Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը:

«Մենք համոզուած ենք պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձին արդար իրաւունքով», հաստատեց Պասիլ:

Ան նշեց, որ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը կասեցնելու ամերիկեան որոշումը խաղաղութեան գործընթացը, յատկապէս շրջանային եւ միջազգային ապահովական կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը  խանգարելու փորձ մըն է:

Պասիլ հաստատեց, որ Լիբանան չի կրնար հանդուրժել պաղեստինցի գաղթականներուն բեռը, եւ իւրաքանչիւր դեսպանէ խնդրեց այդ կեցուածքը եւ տիրող վտանգաւոր կացութեան իրականութիւնը ներկայացնել իր պետութեան:

«ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը պէտք է շարունակուի, որովհետեւ անիկա կենաց մահու խնդիր է», ըսաւ Պասիլ:

Ան ընդգծեց, որ միջազգային ընտանիքը խոստացած է օժանդակել պաղեստինցի գաղթականներուն, հետեւաբար այդ օժանդակութիւնը կասեցնելը կը հարուածէ պետութիւններուն հետ ստորագրուած համաձայնագիրները, ինչպէս նաեւ իր ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ խաղաղութեան եւ երկխօսութեան վրայ` աշխարհին մէջ տարածելով ծայրայեղութիւնը:

Նշենք, որ Պասիլ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի հետ: Քննարկուեցան ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ին վերաբերող հարցեր:

ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի Պաշտօնեաները Բողոքի Նստացոյցեր Կատարեցին

Լիբանանի տարբեր շրջաններուն եւ պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ գործող ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի պաշտօնեաները երէկ գործադրեցին բողոքի նստացոյցեր` խստիւ դատապարտելով ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը դադրեցնելու ամերիկեան վարչակազմին որոշումը:

Նստացոյցեր կատարուեցան Պէյրութի, Պիր Հասանի, Պեքաայի, Սայտայի, Սուրի եւ Թրիփոլիի մէջ:

Լիբանանի մէջ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ծառայութիւններու գրասենեակի նախագահ Ռայիֆ Ահմետ շեշտեց, որ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի գոյութիւնը համազօր է Պաղեստինեան հարցին միջազգային ականատեսի գոյութեան:

Ան հաստատեց, որ ՄԱԿ-ի յաջորդ ընդհանուր ժողովին պէտք է արծարծուի այս հարցը` ընդգծելու համար, որ ՄԱԿ տակաւին յանձնառու է պաղեստինցի գաղթականներուն եւ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի զօրակցութեան` ՄԱԿ-ի թիւ 194 բանաձեւին համաձայն:

 

 

Նախորդը

Այսօր Հարիւրաւոր Սուրիացի Տեղահանուածներ Տունդարձ Պիտի Կատարեն

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Պուսթանիի Հետ Քննարկեց Շուֆի Կարիքները

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.