Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Մասին Յայտարարութիւնները Կը Թէժանան. Արդեօք Անիկա Զերօ Կէտի՞ Վերադարձաւ

Սեպտեմբեր 5, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ նախանցեալ օր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուած նախարարական կազմը, կառավարութեան կազմութեան ճիգերուն վերջ տալու փոխարէն, այդ հոլովոյթին մասին յայտարարութիւնները թէժացուց այն աստիճան, որ կարելի է հարց տալ. «Արդեօք կառավարութեան հոլովոյթին մասին բանակցութիւնները զերօ կէտի՞ վերադարձան»:

Նախագահ Աունի դիտողութիւններով սկսած կազմին մասին մեկնաբանութիւնները հետզհետէ շատցան, մէկ կողմէ հասնելով «սփոփանքի կառավարութիւն» եզրին` Հզօր Լիբանան համախմբումին անուանումով, իսկ միւս կողմէ «ոչ յաղթողի եւ ոչ պարտուողի ազգային միասնականութեան կառավարութիւն» եզրին` Մուսթաքպալ պլոքին անուանումով:

Հարիրի երէկ յետմիջօրէին Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի եւ Մուսթաքպալ հոսանքի կեդրոնական խորհուրդի ընդարձակ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցեր:

Նիստէն ետք Մուսթաքպալ պլոքի անունով յայտարարուեցաւ, որ կառավարութեան կազմութեան չափանիշները ճշդուած են սահմանադրութեամբ եւ Թաէֆի համաձայնագիրով, հետեւաբար այդ մասին որեւէ այլ կարծիք կը մնայ անձնական տեսակէտի սահմաններուն մէջ:

Մուսթաքպալ պլոքը Հարիրիի ներկայացուցած կառավարութեան կազմը կոչեց «ոչ յաղթողի եւ ոչ պարտուողի ազգային միասնականութեան կառավարութիւն»` հաստատելով իր վստահութիւնը վարչապետին ի գործ դրած ջանքերուն հանդէպ:

Երէկ երեկոյեան Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ այցելեց վարչապետ Հարիրիի, ընկերակցութեամբ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի:

Հանդիպումէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ Թայմուր յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը կառչած կը մնայ տիւրզի համայնքի ներկայացուցչութեան վերաբերեալ իր պահանջին:

Ապա վարչապետ Հարիրի լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ինք համոզուած է իր այդ կազմով:

Ան նշեց, որ իր այդ կազմին մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները յարգուած են: «Վարչապետի իմ իրաւասութիւններս յստակ են, իսկ ներկայացուցած կառավարութիւնս կարելի եղած է կազմել զիջումներու հիման վրայ: Եթէ ես այդ կազմը Մուսթաքպալ հոսանքին ներկայացնէի, ապա ան պիտի մերժէր, սակայն Լիբանանը քաղաքական ուժերէն աւելի կարեւոր է», ըսաւ ան:

Հարիրի շեշտեց, որ պէտք է բաժակին լեցուն բաժինը տեսնել եւ աւելցուց, որ եթէ նախագահ Աունի դիտողութիւնները քննարկելի են, ապա ինք պատրաստ է քննարկումի, «իսկ կառավարութիւնը անպայման պիտի կազմուի: Պարզապէս իւրաքանչիւրը պէտք է իր գահէն հրաժարի, որպէսզի կառավարութեան կազմութիւնը կարելի դառնայ», եզրափակեց Հարիրի:

Վարչապետին յայտարարութեան յաջորդեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուանի յայտարարութիւնը, որուն մէջ ան շեշտեց, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն նոր կառավարութեան մէջ ստանձնել երեք ծառայութեան եւ մէկ պետական նախարարութիւններ:

Միւս կողմէ, Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ ներկայացուած վերջին կառավարութեան կազմը կը հարուածէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները` աւելցնելով, որ այս գծով նախագահ Աուն պիտի մերժէ արձանագրուած յապաղումը եւ կրնայ դիմել կարգ մը ընտրանքներու, որոնցմէ առաջինը վարչապետ Հարիրիի հետ խորհրդակցութիւնն է:

Ապու Սաապ ընդգծեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կառավարութեան կազմութիւնը չի խոչընդոտեր, սակայն ան նաեւ կը մերժէ, որ իր ապահոված իրաւունքները իրմէ խլուին:

Նշենք, որ նախկին վարչապետներ Նեժիպ Միքաթի, Ֆուատ Սինիորա եւ Թամմամ Սալամ քննադատեցին նախանցեալ օր նախագահական պալատին հրապարակած հաղորդագրութիւնը` ընդգծելով, որ նախագահ Աունի կողմէ կառավարութեան հիմքերուն եւ չափանիշներուն մասին կատարուած յայտարարութիւնը անտեղի էր, որովհետեւ անոնք կառավարութեան կազմութեան վերաբերող սահմանադրական նորմեր չեն:

Անոնք կոչ ուղղեց սահմանադրութեան հսկող նախագահ Աունին` վերջ տալու այս ընթացքին, որ խոցելի կը դարձնէ ներկայ իշխանութիւնը եւ նահանջի կը մատնէ երկրին բարգաւաճումը, որուն անհամբեր կը սպասեն լիբանանցիները:

Նախորդը

541 Սուրիացի Տեղահանուածներ Տունդարձ Կատարեցին

Յաջորդը

«Նախիջեւանի Մէջ Թրքական Ռազմակայան Ստեղծելու Անհրաժեշտութիւն Չկայ» Կ՛ըսէ Փեքին

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?