Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները, կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւններն ու Շուֆի կարիքները, որոնց շրջագիծին մէջ նաեւ` Շուֆի մէջ գործադրուելիք բարգաւաճման ծրագիրները, յատկապէս` Տէյր Քամարի մէջ կառուցուելիք հիւանդանոցին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ Իսամ Սլէյմանը: Քննարկուեցան խորհուրդին որդեգրած քայլերը` արաբական ու միջազգային առումով յաւելեալ ներկայութիւն ըլլալու եւ մասնակցութիւն բերելու արաբական ու միջազգային խորհրդաժողովներուն:
Հանդիպումին ընթացքին Սլէյման նախագահ Աունին ներկայացուց նաեւ Լիբանանի մէջ ժողովրդավարութիւնը զարգացնելու նպատակով Սահմանադրական խորհուրդին որդեգրած քայլերը:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ դեսպան Խալիլ Քարամ եւ Քեսրուանի քաղաքապետական խորհուրդներու համադաշնակցութեան նախագահ Ժոան Հպէյշ:



