Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 5, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասի դրուատեց Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ բարեկամական պատմական յարաբերութիւնները:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն երէկ կոչ ուղղեց քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ նախարարութիւններն ու կառավարութեան չափաբաժինները հաւասարակշռելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամի Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ եթէ Մուսթաքպալ հոսանքի չափաբաժինէն դուրս այլ սիւննի նախարար մը պիտի ըլլայ, ան պիտի ըլլայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի չափաբաժինէն:

ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ հաստատեց, որ իրենք կը գտնուին տագնապահար եւ անզօր պետութեան մը մէջ, որ անկարող է դիմադրել իրեն դէմ սպառնացող մարտահրաւէրներուն:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Էտի Ապի Լամաա շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող քաղաքական միակ ուժը տակաւին կը շարունակէ նոյն ընթացքով խոչընդոտել կառավարութեան կազմութիւնը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ հաստատեց, որ իր կարծիքով` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը տակաւին ժամանակի կարիք ունի` աւելցնելով, որ ինք համոզուած է, թէ այդ հոլովոյթը յաւելեալ յապաղում պիտի արձանագրէ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Անիս Նասսար հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը իր լաւագոյնը տուած է` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը խոչընդոտող իսկական կողմը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնն է:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Սաֆատի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Թրիփոլիի նաւահանգիստի տնօրէն Ահմետ Թամերի հետ եւ կոչ ուղղեց պատասխանատուներուն կատարելու իրենց պարտականութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ֆատի Աուար հաստատեց, որ ոմանք կը փորձեն տիւրզի համայնքն ու անոր հաստատութիւնները սեփականացնել:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երեսփոխանական պլոքներուն հետ խորհրդակցութիւններ կատարելու մթնոլորտին մէջ չի գտնուիր:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան դիմագրաւած իսկական հարցը Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի միջեւ գոյութիւն ունեցող խնդիրն է:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Հըզպալլայի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ անոնք մաղթած են, որ Լիբանանի կառավարութիւնը գործակցի Սուրիոյ կառավարութեան հետ` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին համար:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ամերիկեան վարչակազմը Լիբանանէն պահանջած է մերժել ռուսական զինուորական օժանդակութիւնները: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներէն, գրած է, թէ ո՛վ որ կը հաւատայ, թէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը պիտի ենթարկուի այլոց պայմաններուն` չարաչար կը սխալի:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ կառավարութեան նոր կազմի ներկայացումը վարչապետ Սաատ Հարիրիի համար փորձ մըն էր, իսկ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի համար` հիասթափութիւն մը:

 

Նախորդը

Իսրայէլեան Հրթիռային Նոր Յարձակումներ` Թարթուսի Եւ Համայի Մէջ Դիրքերու Վրայ. Ռուսական Տուման Կը Դատապարտէ

Յաջորդը

Մաշնուք Քարտելի Հետ Քննարկեց ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի, Միջազգային Դատական Ատեանի Եւ Կառավարութեան Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.