Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 3, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ ընդունեց երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ: Քարամէ հաստատեց, որ իրենք կը զօրակցին Լիբանանի կառավարութեան արագ կազմութեան` հիմնուելով երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքներուն վրայ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը կը մօտենան վերջնականացման փուլին:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Էտի Ապի Լամաա շեշտեց, որ ոմանք անդադար կը փորձեն Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը շրջափակել, սակայն անոնց փորձերը երբեք պիտի չյաջողին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի աշխատանքներու ֆինանսաւորման կասեցումը կը նշանակէ, որ պաղեստինցի գաղթականները պիտի բնակեցուին իրենց գտնուած երկիրներուն մէջ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան գծով հիմնական խախտում չէ արձանագրուած` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող հանգոյցները տակաւին առկայ են:

ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ նախարար Նեֆթալի Պենեթ յայտնեց, որ Հըզպալլայի մօտ կը գտնուին այնպիսի հրթիռներ, որոնք կրնան հարուածել իսրայէլեան որեւէ շրջան: Ըստ Պենեթի, Հըզպալլայի մօտ կան 150 հազար  հեռահար հրթիռներ:

ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն պատրաստ է դրական կերպով քննարկելու վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ ներկայացուելիք կառավարութեան նոր կազմը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կազմութեան առաջին իսկ օրէն անոր պիտի պարտադրուին Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու հեռանկարները:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը ահաբեկչութեան թիրախ դարձնելու գործողութիւններու մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն ստացած են:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի միջեւ հարցերը պիտի յամենան:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան շրջագիծին մէջ դարձեալ սկսած է խօսուիլ 18 կամ 24 նախարար հաշուող կազմի մասին:

 

Նախորդը

«Իրան-Թուրքիա-Ռուսիա Վեհաժողովը Ի Շահ Ամբողջ Տարածաշրջանին Է» Կ՛ըսէ Պաքու

Յաջորդը

«Լիբանան Մուտք Գործած Է Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձը Իրականացնելու Թեքնիք Աշխատանքներու Հունին Մէջ» Շեշտեց Ամալ Ապու Զէյտ

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?