Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակի Եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Հրամանատարները Քննարկեցին Փոխադարձ Գործակցութեան Ամրապնդման Հեռանկարները

September 5, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ այցելեց Նաքուրա, ուր ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն պարտականութիւնները` Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութիւնը մէկ տարիով երկարաձգելու որոշումին լոյսին տակ:

Զօրավարներ Աուն եւ Տել Քոլ քննարկեցին փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին կարողութիւնները բարելաւելու կարեւորութիւնը` երաշխաւորելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը, յատկապէս Լիթանիի հարաւային շրջանին մէջ կայունութեան ապահովումը, ինչ որ էր պարագան նախորդ 12 տարիներուն:

Հանդիպումէն ետք զօր. Տել Քոլ յայտնեց, որ հակառակ շրջանային իրարանցումներուն լիբանանեան բանակն ու ապահովական կառոյցները իրենց բոլոր ջանքերը ի գործ կը դնեն` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը: Ան նշեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ եւս կացութիւնը խաղաղ է` աւելցնելով, որ իրենք կը հսկեն, որ շրջանին մէջ գաղտնի զէնքեր չպահուին եւ յարձակողական գործողութիւններ չկատարուին:

Ան ընդգծեց լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը:

Իր կարգին, զօր. Աուն գնահատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող 41 երկիրներու ջոկատները` շեշտելով, որ անոնց առաքելութիւնը կը նպաստէ լիբանանեան բանակին հզօրացման եւ խաղաղութեան պահպանումին:

Զօր. Աուն յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը կը զօրակցի զօր. Տել Քոլին եւ պատրաստ է ամէն իմաստով գործակցելու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հետ, որովհետեւ փոխադարձ գործակցութեան հիմամբ կարելի եղած է հարաւային Լիբանանի եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի գործունէութեան շրջաններուն կայունութիւնը պաշտպանել:

«Հարաւային Լիբանանի խաղաղ իրավիճակը ամբողջ Լիբանանի վրայ իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ, եւ մեր մաղթանքն է փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդել, որպէսզի ամբողջական գործադրութիւն ապահովենք ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին», ընդգծեց զօր. Աուն:

 

Նախորդը

«Վարչապետ Հարիրիի Ներկայացուցած Կառավարութեան Կազմը «Սփոփանքի Կառավարութիւն» Է» Շեշտեց Քանաան

Յաջորդը

Պըրրի Ընդունեց Զասիփքինը Եւ Ապու Ասիի Հետ Քննարկեց Բնակարանային Վարկերուն Վերաբերող Հարցերը

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.