Պասիլ Ժիպէյլի Մէջ. «Չկայ Պատճառ, Որ Նոր Կառավարութիւնը Չօգտագործէ Մագնիսական Քարտերը»
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ կատարեց ստուգման շրջագայութիւն մը Ժիպէյլի Ազատ հոսանք կուսակցութեան ընտրական կեդրոններուն մէջ, ուր կուսակցութեան անդամները կ՛ընտրեն կուսակցութեան գաւառներու խորհուրդները: «Կը յուսանք, որ ժողովրդավարութեան վարակը տարածուի ամբողջ երկրին մէջ: Մենք այսօր կ՛ընտրենք «1 անձ 1 քուէ» ընտրական դրութեամբ, որ կը նկատուի համամասնական ձեւերէն մէկը: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը այսօր իրականացուց 10 «մեկասենթըր» ամբողջ Լիբանանի...




















