Լիբանանեան

Մըրատ. «Հարիրիի Կողմէ Սիւննի Համայնքի  Միայն Մուսթաքպալ Հոսանքով Ներկայացումը  Երեսփոխանական Ընտրութիւններու  Արդիւնքներու Հարուածում Է»

Մըրատ. «Հարիրիի Կողմէ Սիւննի Համայնքի Միայն Մուսթաքպալ Հոսանքով Ներկայացումը Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Արդիւնքներու Հարուածում Է»

Իթթիհատ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատ երէկ իր բնակարանին մէջ նախագահեց սիւննի անկախ երեսփոխաններու հանդիպումին, որուն ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին հաստատուեցաւ, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ սիւննի համայնքի միայն Մուսթաքպալ հոսանքով ներկայացումը երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքներու հարուածում է: Սիւննի անկախ երեսփոխանները հաստատեցին, որ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն կարելի չէ կազմել, առանց կառավարութեան մէջ քաղաքական բոլոր ուժերը ներառելու: Անոնք...

Նախագահ Աուն Ընդունեց Տիւրզի Համայնքի  Ղեկավարներն Ու Ժաաֆարին

Նախագահ Աուն Ընդունեց Տիւրզի Համայնքի Ղեկավարներն Ու Ժաաֆարին

Հակառակ անոր որ երկրին մէջ դրական մթնոլորտ կը տիրէ` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած զարգացումներուն առումով, սակայն տակաւին յստակ օր եւ ժամ չէ որոշուած` վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի միջեւ կատարուելիք հանդիպումին առնչութեամբ: Այսուհանդերձ նախագահ Աուն երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին ընդունեց տիւրզի համայնքի ղեկավարները, որոնց հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող հարցերը: Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ Ընկերվար...

Հարիրի Դարձեալ Ընդունեց Պասիլը,  Իսկ Մուսթաքպալ Պլոքը Հաստատեց Վարչապետի Ջանքերուն Նկատմամբ Իր Վստահութիւնը

Հարիրի Դարձեալ Ընդունեց Պասիլը, Իսկ Մուսթաքպալ Պլոքը Հաստատեց Վարչապետի Ջանքերուն Նկատմամբ Իր Վստահութիւնը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ շարունակեց կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւններուն մասին իր կատարած խորհրդակցութիւնները: Այս շրջագիծին մէջ երէկ գիշեր երկրորդ օրն ըլլալով Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած զարգացումները: Նախապէս Հարիրիի այցելած էր նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, որուն հետ քննարկուեցան երկիրը յուզող քաղաքական իրադարձութիւնները:...

Հզօր Լիբանան Համախմբում.  Բոլորին Ուղղութեամբ Օժանդակութեան Ձեռք  Կ՛երկարենք, Իսկ Յաջորդող  Փուլին  Մեր Տարակարծութիւնները Մէկդի Պիտի Դնենք

Հզօր Լիբանան Համախմբում. Բոլորին Ուղղութեամբ Օժանդակութեան Ձեռք Կ՛երկարենք, Իսկ Յաջորդող Փուլին Մեր Տարակարծութիւնները Մէկդի Պիտի Դնենք

Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի: Նիստէն ետք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի անհրաժեշտ նկատեց ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւնը` շեշտելով, որ այդ կառավարութիւնը պէտք է ներկայացնէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը: Սահնաուի նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը նոր թափ ստացած է` աւելցնելով, որ իրենք իրենց կարգին կարելի...

Խորհրդարանը Վերընտրեց  Իր Դիւանը` Ամբողջական Կազմով

Խորհրդարանը Վերընտրեց Իր Դիւանը` Ամբողջական Կազմով

Խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ գումարեց ընտրութեան իր նիստը` նախագահութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի, նկատի ունենալով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի Ժընեւ գտնուիլը: Նուազ քան տասը վայրկեան տեւած նիստին ընթացքին խորհրդարանը վերընտրեց իր դիւանը` ամբողջական կազմով: Խորհրդարանը վաւերացուց իր ընդհանուր քարտուղարներուն` երեսփոխաններ Ալեն Աունի եւ Մարուան Համատէի ընտրութիւնը: Իսկ խորհրդարանի դիւանի անդամ ընտրուեցան նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի...

Սարրաֆ. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ  Իր Հողերուն Եւ Ոչ Մէկուն Դէմ Յարձակում  Սանձազերծելու Նպատակ Ունի»

Սարրաֆ. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Իր Հողերուն Եւ Ոչ Մէկուն Դէմ Յարձակում Սանձազերծելու Նպատակ Ունի»

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ այցելեց հարաւային Լիթանիի մէջ գտնուող լիբանանեան բանակի Պանու Պարաքաթ զօրանոցը, ուր ընդունուեցաւ գնդապետ-զօրավար Ռոպեր Ալամի եւ բանակի սպաներուն կողմէ: Ապա Սարրաֆ հանդիպում մը ունեցաւ զինուորական գործողութիւններու պետ գնդապետ Նիքոլաոս Թապեթի հետ, որ ներկայացուց հարաւային Լիթանիի մէջ տիրող իրավիճակը եւ գործնական մարտահրաւէրները, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուին, յատկապէս իսրայէլեան սպառնալիքներն ու սահմանային քարաշէն պատի կառուցումը շարունակելու...

Ժընեւի Մէջ.   «Սուրիոյ Ապահովութիւնը Իրաքի Եւ Լիբանանի  Ապահովութիւն Կը Ներշնչէ, Իսկ Պաղեստինցիներուն`  Հողերը Ազատագրելու Յոյս»  Շեշտեց Պըրրի

Ժընեւի Մէջ. «Սուրիոյ Ապահովութիւնը Իրաքի Եւ Լիբանանի Ապահովութիւն Կը Ներշնչէ, Իսկ Պաղեստինցիներուն` Հողերը Ազատագրելու Յոյս» Շեշտեց Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը շարունակէ մասնակցիլ Խորհրդարանական միջազգային համադաշնակցութեան 139-րդ ընդհանուր ժողովին, որ տեղի կ՛ունենայ Ժընեւի մէջ: Ընդհանուր ժողովին զուգահեռ, Պըրրի կը հետեւի նաեւ Պէյրութի մէջ արձանագրուող կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւններուն, եւ այդ հոլովոյթին մասին իրեն ընկերակցող տեղեկատուական պատուիրակութեան ըսած է, թէ կառավարութեան կազմութեան առումով յառաջխաղացք արձանագրուած է: Ան մաղթած է, որ կառավարութեան լրիւ կազմին շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ, որպէսզի կարելի...

«Սուրիական Իշխանութիւններէն Պաշտօնապէս  Տեղեկացուեցանք, Որ Լիբանանեան  Բեռնատարներուն Փոխադրութիւնը Կարելի Է»  Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

«Սուրիական Իշխանութիւններէն Պաշտօնապէս Տեղեկացուեցանք, Որ Լիբանանեան Բեռնատարներուն Փոխադրութիւնը Կարելի Է» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ սուրիական իշխանութիւններէն պաշտօնապէս տեղեկացուած են, թէ լիբանանեան բեռնատարներուն փոխադրութիւնը կարելի է, այնպէս ինչպէս էր ընթացքը` նախքան Սուրիոյ պատերազմին բռնկումը: Ապպաս Իպրահիմ հաստատեց նաեւ, որ երկրագործները քաջ գիտեն, թէ ի՛նչ միջոցներու պէտք է դիմեն լիբանանեան արտադրութիւնները արտածելու նպատակով: Պատասխանելով հարցումի մը, թէ սուրիական իշխանութիւնները լիբանանեան արտադրութիւններուն պարագային յաւելեալ տուրք պարտադրա՞ծ են,...

Նախագահ Աուն Աւետիս Կիտանեանի Հետ  Քննարկեց Կառավարութեան Մէջ  Հայկական Ներկայացուցչութիւնը

Նախագահ Աուն Աւետիս Կիտանեանի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Մէջ Հայկական Ներկայացուցչութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթն ու կառավարութեան կազմին մէջ հայութեան ներկայացուցչութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը  Կը Շարունակէ Դրական Ուղիով Ընթանալ

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Կը Շարունակէ Դրական Ուղիով Ընթանալ

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ յետմիջօրէէն մինչեւ գիշեր ընդունեց շարք մը անձնաւորութիւններ, որոնց հետ խորհրդակցեցաւ կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւններուն մասին: Բոլոր հանդիպումներէն ետք կատարուած յայտարարութիւններն ու յայտնուած կեցուածքները յուշեցին, թէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը շարունակէ դրական ուղիով ընթանալ: Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ վարչապետ Հարիրի ընդունեց նախկին վարչապետներ Թամմամ Սալամը, Ֆուատ Սինիորան եւ Նեժիպ Միքաթին: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող հարցերն ու կառավարութեան կազմութեան...

Նախագահ Աուն Դրուատեց  Նասիպի Անցքին Բացումը

Նախագահ Աուն Դրուատեց Նասիպի Անցքին Բացումը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ դրուատեց սուրիական եւ յորդանանեան իշխանութիւններուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ կարելի եղաւ բանալ երկու երկիրները իրարու կապող Նասիպի անցքը: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ այդ անցքին բացումը շահաբեր պիտի ըլլայ նաեւ Լիբանանի համար եւ զայն պիտի կապէ արաբական խորքին հետ` արտօնելով, որ լիբանանցիներն ու լիբանանեան արտադրութիւնները հասնին արաբական երկիրներ: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Նասիպի...

Ժընեւի Մէջ .  «Պաղեստինեան Դատը Պաշտպանելու   Միակ Ազդու Ձեւը Դիմադրութիւնն Է»  Շեշտեց Պըրրի

Ժընեւի Մէջ . «Պաղեստինեան Դատը Պաշտպանելու Միակ Ազդու Ձեւը Դիմադրութիւնն Է» Շեշտեց Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Ժընեւի մէջ Խորհրդարանական միջազգային համադաշնակցութեան 139-րդ ընդհանուր ժողովին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ չի փափաքիր քաղաքականութեան մասին խօսիլ, այլ կը բաւարարուի ըսելով, որ Պաղեստինեան դատը պաշտպանելու միակ ազդու ձեւը Դիմադրութիւնն է: Պըրրի լուսարձակի տակ առաւ նաեւ Լիբանանի կացութիւնը` անդրադառնալով անոր դիմագրաւած տնտեսական տագնապին, երկրին հարաւային սահմանները վտանգի ենթարկելու առումով իսրայէլեան մնայուն սպառնալիքներուն, ինչպէս...

776 Սուրիացի Տեղահանուածներ  Վերադարձան Սուրիա

776 Սուրիացի Տեղահանուածներ Վերադարձան Սուրիա

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ յայտարարեց, որ երէկ լիբանանեան տարբեր շրջաններէ 776 սուրիացի տեղահանուածներ վերադարձան Սուրիա: Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը, գործակցութեամբ ՄԱԿ-ի բարձրագոյն յանձնակատարին, Մասնաայի, Ապպուտիէի, Արսալի եւ Զամարանիի սահմաններէն ու անցքերէն երաշխաւորեցին կամովին տունդարձ կատարող սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով փոխադրութիւնը: Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, 776 տեղահանուածները փոխադրակառքերով տեղափոխուած են դէպի Սուրիա` Շեպաայէն, Մասնաայէն, Պուրճ Համուտէն, Ապպուտիէէն,...

Զօր. Աուն Պարգեւատրեց Մալլաքը`  Մեծապէս Գնահատելով Անոր Աշխատանքը

Զօր. Աուն Պարգեւատրեց Մալլաքը` Մեծապէս Գնահատելով Անոր Աշխատանքը

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ նախագահեց բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Հաթեմ Մալլաքի հանգստեան կոչուելուն առիթով կազմակերպուած մեծարանքի հանդիսութեան: Զօր. Աուն մեծապէս գնահատեց Մալլաքի աշխատանքը` հաստատելով, որ ան փայլուն մատնահետքեր թողած է իր ստանձնած տարբեր պաշտօններուն պարագային` ներառեալ բանակի սպայակոյտի պետի պաշտօնը: Զօր. Աուն շեշտեց, թէ Մալլաք այն սպաներէն է, որ անձնուրացութեամբ գործած է եւ իր աշխատելաոճը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիոյ հասցէին կատարուած քաղաքական շանթաժը մարտահրաւէր մըն է` ուղղուած աւելի քան մէկ միլիառ իսլամականներու: ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հարաւային Քորէայի դեսպան Իքոնկ Մանլ Լին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները: ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս հաստատեց, որ նախարարութեան համար խիստ կարեւոր է...

Պաապտայի Մէջ.   «Նախագահ Աունի Հետ Տարակարծութիւն Եզրը Գոյութիւն Չունի Ո՛չ Իմ, Ո՛չ Ալ Անոր Բառարանին Մէջ»  Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Նախագահ Աուն Եւ Վարչապետ Հարիրի Պիտի Շարունակեն Կառավարութեան Կազմութեան Խորհրդակցութիւնները

  Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի այս շաբթուան ընթացքին պիտի շարունակեն կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները, որոնց լոյսին տակ Հարիրի նախագահ Աունին պիտի ներկայացնէ կառավարութեան նոր կազմը: Այս շրջագիծին մէջ, վարչապետ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրները հերքեցին նոր կառավարութեան կազմին վերաբերեալ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը` հաստատելով, որ վարչապետ Հարիրի կառչած կը մնայ իր լաւատեսութեան: Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի շաբաթավերջին հեռաձայնային...

Ժընեւի Մէջ.   Պըրրի Զգուշացուց Պաղեստինեան  Դատը Ջնջելու Փորձերէն

Ժընեւի Մէջ. Պըրրի Զգուշացուց Պաղեստինեան Դատը Ջնջելու Փորձերէն

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին ուղղուեցաւ Ժընեւ` մասնակցելու համար Արաբական խորհրդարաններու համադաշնակցութեան 139-րդ ընդհանուր ժողովին: Պըրրիի ընկերակցեցաւ խորհրդարանական պաշտօնական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Եասին Ժապեր, Միշել Մուսա եւ Ռուլա Թապաշ-Ժարուտի: Խորհրդարանական միջազգային համադաշնակցութեան կեդրոնին մէջ արաբական խորհրդարանական պատուիրակութիւններու նախագահներուն յատկացուած երէկուան երկարատեւ նիստին ընթացքին Պըրրի զգուշացուց Պաղեստինեան դատը ջնջելու...

Պասիլ. «Հըզպալլայի Հետ Յաջողեցանք  Պաշտպանել Լիբանանը, Իսկ Այժմ Պէտք Է Զայն  Տնտեսական Հաւանական Փլուզումէ Պաշտպանենք»

Պասիլ. «Հըզպալլայի Հետ Յաջողեցանք Պաշտպանել Լիբանանը, Իսկ Այժմ Պէտք Է Զայն Տնտեսական Հաւանական Փլուզումէ Պաշտպանենք»

Անցեալ շաբաթավերջին 13 հոկտեմբերի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկի մը ընթացքին, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ շեշտեց, որ ամէնօրեայ դրութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հասցէին ամբաստանութիւններ կ՛ուղղուին, ինչպէս նաեւ զայն փտածութեամբ կը մեղադրեն, երկու իրականութիւններ, որոնք 13 հոկտեմբերի արարքներէն շատ աւելի տգեղ են: Պասիլ նշեց, որ իրենց վերագրուող փտածութեան ու զեղծարարութեան յանցանքները 13 հոկտեմբերի մէկ այլ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան կոչ ուղղեց Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանին իսլամ համայնքէն ներում հայցելու եւ խնդրեց զգուշանալ իսլամ կամ քրիստոնեայ կրօնական սրբութիւնները անտեսելէ կամ ծաղրելէ, որովհետեւ անտեսումի եւ ծաղրի մօտեցումները երկրին մէջ սադրանքներ կը հրահրեն: ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ղազի Զաայթեր այցելեց Լապուէ` ստուգելու համար տեղատարափ անձրեւին պատճառած վնասները: Ան ըսաւ. «Հակառակ անոր որ հատուցումներու առումով լիբանանցին վատ փորձառութիւն ունի,...

Նախագահ Աուն Մասնակցեցաւ Ֆրանսախօս  Երկիրներու Կազմակերպութեան 17-րդ Վեհաժողովին  Եզրափակիչ Նիստին Եւ Հանդիպում Մը Ունեցաւ  Ֆրանսայի Նախագահ Մաքրոնի Հետ

Նախագահ Աուն Մասնակցեցաւ Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան 17-րդ Վեհաժողովին Եզրափակիչ Նիստին Եւ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Ֆրանսայի Նախագահ Մաքրոնի Հետ

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովը երէկ երկրորդ օրն ըլլալով շարունակեց իր աշխատանքները: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն առաւօտեան ժամը 9:00-ին ներկայ գտնուեցաւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան վեհաժողովի երկրորդ լիագումար նիստին` ներկայութեամբ վեհաժողովին մասնակցող բոլոր նախագահներուն եւ վարչապետներուն: Նախագահ Աունի կողքին վեհաժողովին ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի պաշտօնական պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, մշակոյթի...

Page 610 of 988 1 … 609 610 611 … 988

Արխիւներ