Լիբանանեան

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԵՐՔԻՆ ապահովական ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը յայտարարեց, որ այսօր, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, խորհրդարանական յանձնախումբերը պիտի գումարեն միացեալ նիստ մը: Առ այդ, Պէյրութի Դրամատուներու փողոցը առաւօտեան ժամը 7:00-էն մինչեւ նիստին աւարտը փակ պիտի ըլլայ հանրութեան դիմաց: ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանի նախագահ զօր. Հիւսէյն Ապտալլա տաժանակիր աշխատանքի եւ մահապատիժի վճիռներ արձակեց «Քէթէիպ Ապտալլա Ազամ» կոչուած ահաբեկչական խմբաւորումին պատկանող անհատներու, որոնք ահաբեկչական գործողութիւններ կատարած էին...

Նախագահ Աուն Կը Հաստատէ, Որ Պէյրութի  Միջազգային Օդակայանին Մօտակայքը Զինամթերքի  Առկայութեան Մասին Իսրայէլեան  Ամբաստանութիւնները Անհիմն Են

Նախագահ Աուն Կը Հաստատէ, Որ Պէյրութի Միջազգային Օդակայանին Մօտակայքը Զինամթերքի Առկայութեան Մասին Իսրայէլեան Ամբաստանութիւնները Անհիմն Են

Նախագահ զօր. Միշել Աուն նախագահական պալատին մէջ երէկ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը: Զօր. Աուն ըսաւ, որ Իսրայէլի կատարած ամբաստանութիւնը, թէ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մօտակայքը, մարդաբնակ վայրերու մէջ զինամթերք գոյութիւն ունի, անհիմն Է: Ըստ նախագահին, այդ մէկը փաստուեցաւ արտաքին գործոց նախարարին նախաձեռնութեամբ օտար երկիրներու դեսպաններուն հետ տեղի ունեցած այցելութիւններուն ընթացքին`...

Պըրրի. «Ինչո՞ւ Պեքաայի Պատկերը Աղաւաղելու  Եւ Զայն Ապօրինութեամբ  Ներկայացնելու Մնայուն Փորձ Կայ»

Պըրրի Այն Թինէէն Կը Յայտարարէ, Թէ Կառավարութեան Կազմութիւնը Մօտալուտ Է

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէէն յայտարարեց, որ Լիբանանի ներկայ կացութեամբ, ուր տիրական են նեղ շահերը, կարելի չէ ակնկալել, որ վիճակը բարելաւուի եւ  անկարելի է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը եզրափակել, մանաւանդ երբ ազգային ընդհանուր շահը կիզակէտը չէ այս կազմութեան: Պըրրի յայտնած է, որ ինք միշտ ալ ջատագով եղած է երկխօսութեան միջոցով հարցերու լուծման, որքան ալ քաղաքական իմաստով տարակարծութիւնները մեծ ըլլան, որովհետեւ...

Լիբանանի Նոր Տարին` Ապահովական Բացառիկ  Կայունութեան Եւ Տօնախմբութիւններու  Մթնոլորտի Մէջ

Ինչո՞ւ Աւետիս Կիտանեան Թեկնածու Է Զբօսաշրջութեան Նախարարութիւնը Վերստանձնելու

«Սիտըրզ Ռիփորթ» կայքը անդրադարձած է այն տուեալներուն, որոնց շնորհիւ լիբանանեան քաղաքական կողմերը, որոնց կարգին Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, կը կառչին զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանին, որպէսզի ան շարունակէ վարել այս նախարարութիւնը: Ըստ կայքին, այս իրողութեան պատճառը հետեւեալ բնագաւառներուն մէջ անոր արձանագրած յաջողութիւններն են. 1.- Լիբանանեան քաղաքական ոչ մէկ բաղադրիչ մերժեց այս նախարարութիւնը Կիտանեանի յանձնել, անոնց կարգին` հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետ Սաատ Հարիրին`...

Հարիրի. «Անհրաժեշտ Է Լիբանանի  Ընդհանուր Շահերը Վեր Դասել Ամէն Ինչէ»

Հարիրի. «Անհրաժեշտ Է Լիբանանի Ընդհանուր Շահերը Վեր Դասել Ամէն Ինչէ»

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին կառավարութեան կազմութեան վերաբերող անոնց բազմաթիւ հարցումներուն ի պատասխան հաստատեց, որ այդ գործընթացը կանգ չէ առած, իսկ ինք այսօր` 24 հոկտեմբերին, Սէուտական Արաբիա կը ճամբորդէ: Վարչապետին մօտիկ աղբիւրներ դիտել տուին, որ անհամաձայնութիւններու շրջագիծը կը նեղնայ, ինչ որ կը բարձրացնէ յոյսերը: Օրուան ընթացքին ան կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր կողմերուն` վեր դասելու...

Նախագահ Միշէլ Աուն Ծանօթացաւ Արամ  Պէզիքեան Ցեղասպանութեան Որբերու Թանգարանի Կառոյցին Եւ Բովանդակութեան

Նախագահ Միշէլ Աուն Ծանօթացաւ Արամ Պէզիքեան Ցեղասպանութեան Որբերու Թանգարանի Կառոյցին Եւ Բովանդակութեան

22 հոկտեմբերին նախագահական նստավայրին մէջ հանրապետութեան նախագահ զօրավար Միշէլ Աուն ընդունեց այցելութիւնը ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիին, երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուիին եւ ճարտարապետներ Վիգէն եւ Րաֆֆի Թարխանեաններուն: Նախագահ Աունին փոխանցուեցան տեղեկութիւններ` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հովանաւորութեամբ եւ  տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանի նուիրատուութեամբ կառուցուած «Արամ Պէզիքեան» Ցեղասպանութեան որբերու թանգարանին մասին: Նախագահը յուզումով լսեց,...

Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւնը  Չի Փափաքիր Բախումի Մէջ Մտնել  Նախագահ Աունի Հետ

Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւնը Չի Փափաքիր Բախումի Մէջ Մտնել Նախագահ Աունի Հետ

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարներէ քաղելով իր տեղեկութիւնները` «Հայաթ» կը գրէ, թէ, թէեւ կուսակցութիւնը կը փափաքէր արդարութեան նախարարութեան տիրանալ, սակայն նկատի ունենալով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կ’ուզէ այդ նախարարութիւնը պահել, ուրեմն կարելի է այլընտրանքի գծով բանակցիլ: Նոյն աղբիւրները «Հայաթ»-ին յայտնած են, որ նոր առաջարկներու վերաբերող բանակցութիւններուն լոյսին տակ է, որ նախորդ շաբաթ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ տեսակցեցաւ...

Օման Եւ Լիբանան Պիտի Զարգացնեն Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Օման Եւ Լիբանան Պիտի Զարգացնեն Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, նախագահ զօր. Միշել Աունի անունով, յառաջիկայ յունուարին Պէյրութի մէջ կայանալիք տնտեսական գագաթնաժողովի հրաւէրներ յանձնեց Օմանի սուլթանի անձնական ներկայացուցիչ, փոխվարչապետ Ասատ Պըն Թարիք Սայիտին եւ Քաթարի իշխան Թամիմ պըն Համատ Թանիին: Օմանի փոխվարչապետին հետ Պասիլ քննարկեց նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն բարգաւաճման եւ Պէյրութ-Մասքաթ օդանաւի ուղղակի թռիչքի կարելիութիւնը: Անոնք համաձայնեցան նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ ներդրումներու...

ՀՅԴ-ն Եւ Ասորիներու Լիկան Հրապարակեցին  Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը` Պահանջելով  Ճիշդ Ներկայացուցչութիւն

ՀՅԴ-ն Եւ Ասորիներու Լիկան Հրապարակեցին Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը` Պահանջելով Ճիշդ Ներկայացուցչութիւն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ, 22 հոկտեմբերին, Շաղզոյեան կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամը: Հանդիպումի աւարտին հրապարակուեցաւ միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որ կը պարունակէ հետեւեալ 6 կէտերը` Առաջին` Երկու կողմերը կը հաստատեն, որ հայերուն եւ ասորիներուն միջեւ գոյութիւն ունին պատմական, դաւանական, ընկերային եւ քաղաքական սերտ յարաբերութիւններ` ո՛չ միայն Լիբանանի...

Ներկայ Իրավիճակը Կը Պահանջէ Կառավարութեան  Կազմութեան Գործընթացին Արագացումը

Ներկայ Իրավիճակը Կը Պահանջէ Կառավարութեան Կազմութեան Գործընթացին Արագացումը

Նախագահ զօր. Միշել Աուն կը հետեւի կառավարութեան կազմութեան գործընթացին. այս ծիրին մէջ ան ունեցած է շարք մը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ, ուր շեշտը դրած է շրջանցելու կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտող արգելքները` յայտնելով, որ ներկայ իրավիճակը կը պահանջէ կառավարութեան կազմութեան գործընթացին արագացումը եւ ազգային շահերը ամէն բանէ վեր դասելը: Առ այդ, զօր. Աուն նախագահական պալատին մէջ տեսակցութիւն ունեցաւ երեսփոխան Ասատ Տըրղամի հետ ու քննարկումներ...

Լէյլա Սոլհ Համատէ Այցելեց  Զբօսաշրջութեան Նախարարութիւն

Լէյլա Սոլհ Համատէ Այցելեց Զբօսաշրջութեան Նախարարութիւն

«Ուալիտ պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ Համատէ այցելեց զբօսաշրջութեան նախարարութեան կեդրոնատեղի` Համրայի մէջ, ուր հանդիպում ունեցաւ նախարար Աւետիս Կիտանեանին հետ: Անոնք միասնաբար այցելեցին նախարարութեան շէնքին մէջ գտնուող եւ հաստատութեան նիւթական յատկացումով վերանորոգուող ու վերականգնուող ապակեայ սրահ եւ հետեւեցան տարուող աշխատանքներուն: Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ նախարար Կիտանեան յայտնեց, որ Լէյլա Սոլհ Համատէ իր տարած բոլոր...

Հարիրի. «Կառավարութեան Կազմութիւնը  Անկարելի Չէ, Իսկ Բարդութիւնները Լուծելի Են»

Հարիրի. «Կառավարութեան Կազմութիւնը Անկարելի Չէ, Իսկ Բարդութիւնները Լուծելի Են»

Վարչապետ Սաատ Հարիրի հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը անկարելի չէ, իսկ բարդութիւնները լուծելի են: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ անճիշդ են շրջան ընող այն տեղեկութիւնները, որոնց համաձայն, կառավարութեան կազմութիւնը կ՛ուշանայ Պաապտայի եւ վարչապետարանին միջեւ առկայ հարցերուն պատճառով` վստահեցնելով, որ ինք աշխատանքը կը շարունակէ նախագահին հետ համագործակցաբար եւ համախորհուրդ` ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութեան ի խնդիր: Ան շեշտեց, որ սիւննի հանգոյց գոյութիւն չունի,...

Պըրրի Միացեալ Նիստի Մը Հրաւիրեց

Պըրրի Միացեալ Նիստի Մը Հրաւիրեց

Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հինգշաբթի առաւօտեան միացեալ նիստի հրաւիրեց ելեւմուտքի եւ պիւտճէի հարցերու, ազգային տնտեսութեան եւ առեւտուրի, ճարտարարուեստի, ծրագրաւորումի եւ երկրագործութեան  խորհրդարանական յանձնախումբերը:

Ելեւմուտքի Եւ Պիւտճէի Հարցերու  Յանձնախումբը Կը Վաւերացնէ  Առողջապահական Քարտերու Օրէնքը

Ելեւմուտքի Եւ Պիւտճէի Հարցերու Յանձնախումբը Կը Վաւերացնէ Առողջապահական Քարտերու Օրէնքը

Ելեւմուտքի եւ պիւտճէի հարցերու յանձնախումբը գումարեց առողջապահական քարտերու օրէնքը քննարկող նիստ մը, որուն կը նախագահէր երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան: Նիստին ներկայ էր նաեւ փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի: Ակնարկելով նիստին` երեսփոխան Քանաան յայտնեց, որ առողջապահական քարտերու օրէնքը բարենպաստ քայլ մըն է մանաւանդ անոնց համար, որ չեն օգտուիր ապահովագրող սնտուկներէ, որոնց տոկոսը կը հասնի 35-ի: Այս քարտի օրէնքը պիտի ընդգրկէ նաեւ անհատի...

Պասիլի Համաձայն, Մօտ Օրէն Պիտի Կազմուի  Ազգային Միասնականութեան Կառավարութիւն

Պասիլի Համաձայն, Մօտ Օրէն Պիտի Կազմուի Ազգային Միասնականութեան Կառավարութիւն

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, թէ ընդունելի է, որ կողմերը քաղաքական տարբեր տեսակէտներ ունենան, սակայն անընդունելի է քաղաքացիներուն վերաբերող հարցերու լուծման մէջ անհամաձայնութիւններ ըլլան: Ան աւելցուց, որ Լիբանան մօտ ատենէն պիտի ունենայ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որուն հիմնական խնդիրը պիտի ըլլայ զբաղիլ երկրին տնտեսական իրավիճակի բարելաւումով` առանց համայնքային պառակտումներու, որովհետեւ լիբանանցիներուն ելեկտրականութեան, փոխադրութեան եւ այլ կենսական հարցեր համայնքային բնոյթ...

Վարչապետի Պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Լիբանան Տուած Իր Աշխատանքային Այցելութեան Սկսաւ Հանդիպելով Իշխանութեան Երեք Պետերուն Հետ

Վարչապետի Պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Լիբանան Տուած Իր Աշխատանքային Այցելութեան Սկսաւ Հանդիպելով Իշխանութեան Երեք Պետերուն Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 20 հոկտեմբերին երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ հասաւ Լիբանան եւ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Աունի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին նախագահ Աունի հետ ունեցած տեսակցութեան ընթացքին երկկողմանի համաձայնութիւն գոյացաւ երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ առկայ յարաբերութիւններու առաւել սերտացման ուղղութեամբ աշխատանք տանելու, աւելի եւս աշխուժացնելու աշխատանքը...

Sheikh-Qassem

Քասեմ. «Կառավարութեան Կազմութիւնը Պիտի Ըլլայ Ապագային, Որ Չենք Գիտեր Եթէ Մօտ Է, Թէ Հեռու»

«Մենք Հըզպալլայի մէջ օգտուեցանք փորձառութենէն, եւ Աստուծոյ օգնութեամբ յաղթեցինք Իսրայէլին, որ մեծ պարտութիւն կրեց: Մենք փոխեցինք պատերազմի օրէնքները: Փոխանակ Իսրայէլը կռուի ուրիշին դաշտին վրայ, կռիւը տեղի կ՛ունենայ բռնագրաւուած տարածքին վրայ, ուր անոնք տեղակայուած են: Փոխանակ անոր հրթիռները եւ օդանաւները վախցնեն, անոնք կը վախնան Դիմադրութեան հրթիռներէն եւ ընթացքէն: Փոխանակ Իսրայէլ ըլլայ սպառնացողը, ան կը ստանայ իր սպառնալիքներուն պատասխանը: Ան կը խօսի...

Տորի Շամունը` Տանի Շամունի Եւ Անոր Ընտանիքին Անդամներուն Նահատակութեան Տարելիցին Առիթով.   «Ձեռք-Ձեռքի Բռնենք, Որպէսզի Վերականգնի Լիբանանը»

Տորի Շամունը` Տանի Շամունի Եւ Անոր Ընտանիքին Անդամներուն Նահատակութեան Տարելիցին Առիթով. «Ձեռք-Ձեռքի Բռնենք, Որպէսզի Վերականգնի Լիբանանը»

Ազգային ազատականներու կուսակցութեան ղեկավար, նախկին երեսփոխան Տորի Շամուն, Տանի Շամունի եւ անոր ընտանիքին նահատակութեան 28-րդ տարելիցին առիթով, որ տեղի ունեցաւ Սոտեքոյի Մար Անթոնիոս եկեղեցւոյ մէջ, նշեց, որ այս պատարագը, որ «կը կատարենք ամէն տարի, միայն Տանիի եւ անոր ընտանիքին համար չէ, այլ բոլոր անոնց, որոնք սպաննուեցան այդ նպատակով»: «Այստեղ կը յիշենք վերջին նահատակը, Փիեռ Ամին Ժեմայելը, որ կը յուսանք կ՛ըլլայ...

Թալալ Մերեհպի. «Դիւրացնենք Կառավարութեան Ծնունդը Եւ Բոլորս Աշխատինք Երկիրը Փրկելու Տնտեսական Վատթարացման Վիճակէն»

Թալալ Մերեհպի. «Դիւրացնենք Կառավարութեան Ծնունդը Եւ Բոլորս Աշխատինք Երկիրը Փրկելու Տնտեսական Վատթարացման Վիճակէն»

Նախկին նախարար եւ երեսփոխան Թալալ Մերեհպի կրկին կոչ ուղղեց բոլոր կողմերուն` «դիւրացնելու կառավարութեան ծնունդը եւ աշխատելու երկիրը փրկելու տնտեսական վատթարացման վիճակէն ու լուծելու ներկայ խնդիրները»: «Ժամանակը հասած է յայտարարելու կառավարութեան կազմը, եւ քաղաքացիները կը սպասեն անոր արագ ծնունդը», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութիւնը վստահուած է վարչապետին, որ կը խորհրդակցի հանրապետութեան նախագահին հետ: Վարչապետին ջանքերը զգալի են, եւ պէտք է...

Խրէյս. «Սկիզբէն Մենք Աշխատեցանք Դիւրացնել Կառավարութեան Կազմութիւնը»

Խրէյս. «Սկիզբէն Մենք Աշխատեցանք Դիւրացնել Կառավարութեան Կազմութիւնը»

Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի անդամ, երեսփոխան Ալի Խրէյս կոչ ուղղեց «արագացնելու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը, որովհետեւ ուշացումը ժխտականօրէն կ՛ազդէ երկրին ընկերային եւ տնտեսական կացութեան վրայ, ինչպէս նաեւ կը շարժէ վստահութիւնը պետութեան եւ իր կառոյցներուն հանդէպ, յատկապէս ինչպէս կը տեսնենք, կայ նախարարութիւններու բաժանման խնդիր, կամ կան անոնք, որոնք կ՛ուզեն աւելի առնել կամ ճարպիկ թուիլ»: Խրէյս շեշտեց, որ «մենք սկիզբէն աշխատեցանք դիւրացնել կառավարութեան...

Page 608 of 988 1 … 607 608 609 … 988

Արխիւներ