Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ժաաֆարի նախանցեալ օր պաշտօնական այցելութեամբ մը եկաւ Պէյրութ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ:
Ժաաֆարի այցելեց նաեւ Պուսթրոս պալատ, ուր հանդիպեցաւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` արտաքին գործոց նախարար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղական եւ միջինարեւելեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ յայտնեց, որ իրենք լիայոյս են, որ մօտիկ ապագային Լիբանան կառավարութիւն մը կ՛ունենայ` մաղթելով, որ Իրաքի մէջ եւս կազմուի նոր կառավարութիւնը:
Անդրադառնալով Նասիպի անցքի բացումին` Պասիլ մաղթեց, որ Լիբանան-Սուրիա-Իրաք սահմանամերձ շրջանները յաւելեալ տնտեսական թթուածին կը տարածեն օդին մէջ:
Ան նշեց, որ Լիբանանը եւ Իրաքը իրենց մշակութային եւ մտաւոր կամքով կրցած են յաղթել ծայրայեղութեան եւ տապալել զայն:
«Կը մաղթենք, որ զոյգ երկիրներուն մէջ կայունութիւնը տիրէ, որպէսզի անոնք անցնին տնտեսական յարաբերութիւններու ամրապնդումին», ըսաւ ան:
Իր կարգին, Ժաաֆարի յայտնեց, որ թէ՛ Իրաքը եւ թէ՛ Լիբանանը ո՛չ միայն ապահովական կայունութիւն եւ խաղաղութիւն կը վայելեն, այլեւ` խաղաղութիւն, սէր եւ ապահովութիւն կը տարածեն ամբողջ աշխարհին մէջ` մաղթելով, որ աշխարհին մէջ խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը տիրական դառնան:
Ան նշեց, որ երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ նմանութեան շատ գիծեր կան եւ ապագային անոնք կրնան ամրապնդուիլ:
Ժաաֆարի նշեց, որ ինք ուրախ է Լիբանան այցելութեամբ` ընդգծելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ միացեալ շահեր գոյութիւն ունին, «եւ պիտի շարունակուին` երկու երկիրներուն դրական արդիւնքներ ապահովելով», ըսաւ ան:
Ժաաֆարի ընդգծեց, որ Իրաքի վերաշինութեան եւ վերակառուցումի շուկան Լիբանանի դիմաց բաց է:
Վարչապետին Մօտ
Ժաաֆարի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:
Հանդիպումէն ետք Ժաաֆարի յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրիին յայտնած են իրենց փափաքը ամէնէն մօտիկ ժամանակաշրջանին վկայելու Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան` աւելցնելով, որ այդ հոլովոյթը զուգահեռ կ՛ընթանայ Իրաքի մէջ նոր կառավարութեան կազմութեան:
Ժաաֆարի մաղթեց, որ զոյգ կառավարութիւնները անյապաղ կազմուին եւ անոնց միջեւ գործակցութիւնը աշխուժանայ ու ամուր հիմերու վրայ դրուի:
Ժաաֆարի շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանին, որ զօրակցած է Իրաքի` ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին մէջ:
Ան շեշտեց նաեւ, որ Իրաք կը փափաքի տնտեսական մարզին մէջ գործակցիլ Լիբանանի հետ: Ժաաֆարի ընդգծեց, որ Իրաք տապալած է ահաբեկչութիւնը եւ հպարտութիւնը ունի յայտարարելու այդ իրականութիւնը: «Այս իմաստով եւս Իրաք կը մաղթէ ապահովական առումով գործակցիլ Լիբանանի հետ», ըսաւ ան:
Ժաաֆարի յայտնեց, որ Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական յաղթանակները կը զօրացնեն Իրաքը, իսկ Իրաքի նուաճումները կը զօրացնեն Լիբանանը` յոյս յայտնելով, որ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու իմաստով երկկողմանի ջանքեր ի գործ կը դրուին:




