Կառավարութեան կազմութեան հետեւող աղբիւրներ հաստատեցին, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը վերջին փուլին մէջ կը գտնուի: Նոյն աղբիւրները նշեցին, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ կը գործակցի` լուծելու համար հայ համայնքին ներկայացուցչութեան հարցը:
Այս շրջագիծին մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շեշտեց, որ կը ջանան կազմել ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որուն յայտարարութենէն առաջ կը կատարուին վերջին խորհրդակցութիւններն ու ճշդումները:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց դեսպան Խալիլ Քարամը, որուն հետ քննարկեց Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովին արդիւնքները, ինչպէս նաեւ 2020-էն սկսեալ Լիբանանի մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան գրասենեակի գործունէութեան սկսելու հեռանկարները:
Նախագահ Աունի այցելեցին նաեւ երեսփոխաններ Ֆատի Աուար, շէյխ Սալման Եհիա եւ շէյխ Մահմուտ Եհիա, որոնք նախագահին հետ քննարկեցին Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Հարիրի Շարունակեց Կառավարութեան Կազմութեան
Ճիգերն Ու Խորհրդակցութիւնները
Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ շարունակեց Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան ճիգերն ու խորհրդակցութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի եւ հանրօգուտ շինութեանց ու փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող ընդհանուր իրադարձութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի կառավարութեան կազմութեան զարգացումներուն:
Նշենք, որ «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին համաձայն, վարչապետ Հարիրի յատնած է, թէ ինք մտադիր է յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին նոր կառավարութեան կազմի նախարարներուն անունները փոխանցել խորհրդարանին:
«Սաութ Լուպնան» հաստատեց, որ վարչապետ Հարիրի ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն կազմելու նպատակով:



