Կառավարութեան կազմութեան նպատակով խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին: Երէկ յետմիջօրէին յանկարծ յայտարարուեցաւ, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ համախոհութիւն գոյացած է կառավարութիւնը պատնէշներու կազմէն վերածելու արդիւնաբեր կազմի մը:
Կարգ մը լրատուական միջոցներ արդէն իսկ հաղորդեցին, որ կառավարութեան նոր կազմի մը յայտարարութիւնը մօտալուտ է:
Անոնք հաստատեցին, որ կառավարութեան կազմութեան նպատակով կատարուող խորհրդակցութիւնները շարունակուեցան երէկ` աւելցնելով, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի յետմիջօրէին այցելած է Պաապտա, ուր ժամեր տեւած հանդիպում մը ունեցած է նախագահ Աունի հետ:
Ուշ գիշերին Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ վարչապետին Պաապտա այցելութեան այդ լուրը հերքեցին:
Այդ խորհրդակցութիւններուն շրջագիծին մէջ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երեկոյեան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշին` ներկայութեամբ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի:
Հանդիպումէն ետք Ռիաշի յայտնեց, որ միջմարոնիական հաշտութիւնը սուրբ է եւ կարմիր գիծ, «իսկ քաղաքական տարբերութիւնները տարակարծութիւններու պէտք չէ վերածուին», աւելցուց ան:
Ռիաշի շեշտեց, որ այս հանդիպումը վերադարձ մըն է դէպի հաշտութեան սկիզբը, երբ բոլոր լիբանանցիները օգտուեցան այդ հաշտութենէն, որ նոյն տան հաշտութիւնը կը նկատուէր:
Ռիաշի նշեց, թէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ Պասիլի անունով կրնայ հաստատել, որ հաշտութիւնը սուրբ է, եւ քաղաքական տարակարծութիւններ պէտք չէ ըլլան քաղաքական երկու ուժերուն միջեւ եւ պէտք չէ բանավէճի վերածուին փողոցին ու ընկերային ցանցերուն մէջ:
Իր կարգին, Քանաան յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն աւետիսներ պիտի լսուին:
Ան նշեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամներուն անունով ինք կը հաստատէ, որ իրենց համար կարեւորը արդիւնաբեր կառավարութիւնն է, իսկ իշխանութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն իշխանութիւնն է:
Քանաան ընդգծեց, որ Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ հաշտութիւնը ռազմավարական է եւ ոչ թէ եղանակային: «Քաղաքական տարակարծութիւնները կը պատահին երկու ուժերու միջեւ, սակայն մեր միջեւ գոյութիւն ունեցող ռազմավարութիւնը մեզի կը միացնէ եւ կը վերադարձնէ այս տեսակի երկխօսութեան, վարուելակերպի եւ գործակցութեան», ըսաւ ան:
Քանաան հաստատեց, որ ինք պատրաստ է այս ոգիով գործակցելու` լիբանանցիներուն գոհացուցիչ արդիւնքներ ապահովելու նպատակով: Ան նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին արդարութեան նախարարութեան հարցը բնաւ չէ քննարկուած:
Նախագահ Աունի կողմէ արդարութեան նախարարութենէն զիջելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Քանաան շեշտեց, որ այդ տեղեկութիւնները անճիշդ են:
Երեկոյեան Ռիաշի այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի:
Հանդիպումէն ետք Ռիաշի նշեց, որ ինք վարչապետին յանձնած է Ժահժահէն նամակ մը, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է Պասիլի հետ ունեցած իր հանդիպումի արդիւնքներուն:
Ռիաշի նշեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կառավարութեան կազմութեան համար շատ զիջումներ կատարած է` մաղթելով, որ իրենց նուազագոյն պահանջին նկատմամբ ընդառաջում արձանագրուի:
«Յառաջիկայ 48 ժամերուն ընթացքին կառավարութեան կազմին մասին պատասխաններ կը սպասենք», եզրափակեց Ռիաշի:
Միւս կողմէ, մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան մթնոլորտը դրական է` աւելցնելով, որ շաբաթավերջին լիբանանցիները ուրախալի իրադարձութիւններ պիտի վկայեն:
Խուրի շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի ամէն ջանք ի գործ կը դնէ նոր կառավարութիւնը կազմելու նպատակով:
Ան յաջողութիւն մաղթեց վարչապետին` հաստատելով, որ կարգ մը խոչընդոտներ արդէն իսկ լուծուած են:
«Մուսթաքպալ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ տիւրզի համայնքին վերագրուող թնճուկը լուծուած է` կրթութեան նախարարութիւնը պահելով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մօտ, ինչպէս նաեւ հաղորդեց, որ Մարատա հոսանքը դարձեալ պիտի ստանձնէ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարութիւնը, իսկ արդարութեան նախարարութիւնը կը մնայ հանրապետութեան նախագահին իրաւասութեան մէջ:
Այլ լրատուամիջոցներ ընդգծեցին, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը պիտի ստանձնէ Հըզպալլան:



