Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ոմանց համար կառավարութեան կազմութիւնը կարեւոր չէ այնքան, որքան Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ստանալիք չափաբաժինը` կառավարութեան մէջ:
Ժահժահ շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են` աւելցնելով, որ տակաւին կան կէտեր, որոնք կը մնան անլոյծ:
Ժահժահ շեշտեց, որ Պաապտա այցելութիւնը հաւանական է` նկատի ունենալով արձանագրուած զարգացումները: Ան աւելցուց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ իր յարաբերութիւնները լաւ են, ինչպէս որ էին իշխանութեան սկիզբը:
Ան հաստատեց, որ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի եւ տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշիի հանդիպումը` արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ, կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւններուն չէ անդրադարձած` նկատի ունենալով, որ կառավարութեան կազմութեամբ կը զբաղի վարչապետը:
Ռիաշիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ հանդիպումին մասին Ժահժահ յայտնեց, որ Ռիաշի իրեն փոխանցած է վարչապետին ողջոյնները, ինչպէս նաեւ այն արտայայտութիւնը, թէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կառավարութեան զարդն է:
«Վարչապետ Հարիրիի հետ խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակենք` լուծելու համար առկախ մնացած հարցերը, իսկ վերջին խնդացողը շատ կը խնդայ», եզրափակեց Ժահժահ:



