Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Մոնիքա Շմուցը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ տեղական ու շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու միջեւ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը` մարդ անհատին օգտակար դառնալու, իսկ ժողովուրդներուն միջեւ խաղաղութիւնը իրականացնելու առումով:
Շէյխ Քապալան յաջողութիւն մաղթեց Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ նոր նշանակուած դեսպանին` հաստատելով, որ երկու ժողովուրդներուն եւ բարեկամ երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները պէտք է ամրապնդել:
Անդրադառնալով շրջանային իրադարձութիւններուն` շէյխ Քապալան հաստատեց շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու կարեւորութիւնը, յատկապէս Պաղեստինի եւ պաղեստինցիներուն դէմ իսրայէլեան բռնարարքներուն կասեցումը:
Շէյխ Քապալան շեշտեց, որ Լիբանանի ազգային կառավարութիւնը ամէնէն մօտիկ ապագային պէտք է կազմել, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին տնտեսական կացութիւնը բարելաւել` վերջ տալով տնտեսական տագնապին եւ ընկերային մարզը յուզող հարցերուն:



