Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ նոր նշանակուած դեսպան Հաքան Չաքըլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու լիբանանեան-թրքական գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Հանդիպումին ընթացքին Սարրաֆ Չաքըլի հետ քննարկեց նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին ունեցած հետեւանքները` Լիբանանի վրայ:
Սարրաֆ շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ` լիբանանեան բանակի օժանդակութեան «Հռոմ 2» միջազգային խորհրդաժողովին անոր մասնակցութեան եւ ցուցաբերած օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ծովուժին մաս կազմելուն համար:
Ապպաս Իպրահիմի Մօտ
Թուրք դեսպանը այցելեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի: Հանդիպումը ունէր ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան եւ թրքական դեսպանատան միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:



