Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ իր հանդիպումը շատ դրական եղած է` աւելցնելով, որ ինք եւ նախագահ Աուն լաւ կը հասկնան տիրող պայմանները:
Միւս կողմէ, թուիթըրեան գրառումի մը մէջ Ժոմպլաթ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը ամէնէն արագ միջոցին պէտք է կատարուի, որովհետեւ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը պէտք չէ իր դիմագրաւած հսկայական տագնապին պատճառով փուլ գայ:
Ժոմպլաթ հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով ինք կը ձայնակցի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին եւ անոր նման յանձնառու քաղաքական անձնաւորութիւններուն:



