Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Դրական Հունի Մէջ, Բայց Անորոշութիւններով Լեցուն

Հոկտեմբեր 19, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թէեւ կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւններուն դրական մթնոլորտը շարունակուեցաւ երէկ, սակայն այդ խորհրդակցութիւններուն մանրամասնութիւնները մերթ ընդ մերթ անորոշութեան ենթարկեցին այդ հոլովոյթին հետեւող քաղաքացիները:

Կառավարութեան կազմութեան ընթացքին մասին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ գիշեր Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ ինք լաւատես է, որ կառավարութեան կազմը այս շաբաթ պիտի յայտարարուի, եւ կառավարութեան մէջ բոլորը ներկայացուած պիտի ըլլան:

Հարիրի լրագրողներէն խնդրեց, որ իրեն օժանդակեն` նախարարութիւններու բաժանումին մասին մանրամասնութիւններու մէջ չմխրճուելով:

Միւս կողմէ, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ կատարած յայտարարութիւններէն մէկուն մէջ շեշտեց, որ կը նախատեսուի, որ կառավարութիւնը յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին յայտարարուի` աւելցնելով, որ հայ համայնքը վերապահ է այն առումով, որ կառավարութեան մէջ իր իրաւունքը նկատուող երկրորդ նախարարը այլ համայնքի տրուելու հաւանականութեան դիմաց կը գտնուի:

Նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ այլ համայնքները կաշառել փափաքողը թող իր քսակէն կաշառէ զանոնք եւ ոչ թէ այլոց քսակէն, «յատկապէս նկատի ունենալով, որ մեր միսը դիւրաւ կարելի չէ ծամել», աւելցուց ան:

Իր կարգին, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան շեշտեց, որ պլոքը կը մերժէ լիբանանահայութիւնը իրաւազրկել` անոր երկրորդ նախարար ունենալու իրաւունքը խլելով եւ զայն յանձնելով փոքրամասնութիւններու ներկայացուցչութեան:

«Մենք համաձայն ենք, որ փոքրամասնութիւնները ներկայացուելու իրենց իրաւունքը ստանան, սակայն ոչ հայ համայնքին հաշուոյն», շեշտեց Թերզեան:

Ան հաստատեց, որ հայ համայնքը Լիբանանը բաղկացնող գլխաւոր համայնք է եւ կարելի չէ զայն իրաւազրկել` ընդգծելով, որ լիբանանահայութիւնը կառչած կը մնայ երկու նախարարով ներկայացուելու իր իրաւունքին:

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին շուրջ անորոշութիւնը աւելի եւս շեշտուեցաւ ուշ գիշերին, երբ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ հաստատեց, որ քուլիսներու ետին կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող հարցերուն 80 առ հարիւրը տակաւին կը յամենայ: Ան նշեց, որ տիւրզի համայնքին թնճուկը հանգուցալուծուած է, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Մարատա հոսանքին թնճուկները երբեմն կը լուծուին եւ երբեմն առկայ կը մնան, ինչպէս նաեւ ինքզինք պարտադրող հիմնական հարցերէն մէկն է սիւննի ընդդիմութեան ներկայացուցչութեան հարցը:

Այս շրջագիծին մէջ Ֆրենժիէ յայտնեց, որ ինք կը կասկածի, որ կառավարութիւնը առանց Մարտ 8-ի սիւննիներուն կազմուի:

Ֆրենժիէ շեշտեց, որ Մարատա հոսանքին տակաւին պաշտօնապէս չէ փոխանցուած, թէ ան պիտի ստանձնէ ուժանիւթի կամ հանրօգուտ շինութեանց նախարարութիւնը` աւելցնելով, որ Մարատա կառչած կը մնայ իր պահանջին, այլ խօսքով` եթէ այդ նախարարութիւններէն մէկը Մարատային չտրուի, ապա անիկա կառավարութեան մաս պիտի չկազմէ:

Նախորդը

«Կը Ջանանք Կազմել Ազգային Միասնականութեան Կառավարութիւն Մը» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Ժամանակն Է, Որ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Դառնայ 21-րդ Դարու Կառոյց»

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?