ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան հաստատեց, որ կառավարութիւնը պիտի կազմուի` աւելցնելով, որ մօտիկ ապագային կարելի է ականատես ըլլալ այդ քայլին:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործավար Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց երկրին եւ շրջանին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւնները:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս ընդունեց Հզօր հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Անթուան Հապշին, որուն հետ քննարկեց Պեքաայի ենթակառոյցին վերաբերող հարցեր:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը կը մնայ անփոփոխ:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի խստիւ դատապարտեց Պաղեստինի դէմ իսրայէլեան յարձակումներն ու բռնարարքները, յատկապէս Կազայի բնակչութիւնը շրջափակելու Իսրայէլի արարքը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան գծով խորհրդակցութիւնները այժմ կեդրոնացած են նախարարութիւնները քաղաքական ուժերուն միջեւ բաժնելու վրայ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-եգիպտական յարաբերութիւնները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Նազիհ Նաժըմ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող թնճուկները տակաւին ընթացքի մէջ են` աւելցնելով, որ նոր կազմուելիք կառավարութիւնը պէտք է վերջ տայ մսխումին եւ հաշուետուութեան կանչէ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ֆատի Ալամէ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին կապուած որոշ տուեալներ կը յուշեն, թէ նոր կառավարութիւնը պիտի յայտարարուի շաբաթավերջին, իսկ ներկայիս կը սերտուին նախարարութիւնները քաղաքական ուժերուն միջեւ բաժնելու կարելիութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան. «Կառավարութիւնը ո՛չ վաղը պիտի յայտարարուի, ո՛չ ալ միւս օր: Որեւէ անհաւասարակշիռ կառավարութիւն ձախողութեան ենթակայ է, նախքան` իր գործունէութեան սկսիլը»:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը վկայէ իր վերջին բանակցութիւնները: Ան նշեց, որ կառավարութեան կազմութենէն ետք քաղաքական նոր դաշինքներ եւ փոխըմբռնումներ պիտի արձանագրուին:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ շեշտեց, որ Տահր Պայտարի միջազգային մայրուղիի լուսաւորումի հարցը քննարկումի ընթացքին մէջ է:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Օքայս շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նկատմամբ պէտք չէ վատ վերաբերում ցուցաբերել, այլ` կառավարութեան մէջ անոր ներկայացուցչութիւնը ընդարձակել:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաամէ Թոհմէ շեշտեց, որ ինք մէկուկէս տարուան ընթացքին ձրիօրէն կրնայ հիմնել ելեկտրականութեան ընկերութիւն մը, որ ամբողջ Լիբանանը կրնայ լուսաւորել:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Կապի Լայեուն հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը իր վերջին փուլին մէջ կը գտնուի:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ Հըզպալլայի ղեկավարութիւնը մաղթած են, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ մնայ կառավարութեան մէջ: Միւս կողմէ, Մարատա հոսանքի աղբիւրներ յայտնեցին, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ յարաբերութիւնները տակաւին պակասաւոր են` աւելցնելով, որ Լիբանանեան ուժերուն հետ քաղաքական դաշինք պիտի չգոյանայ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութիւնը շաբաթ օր յայտարարելու համաձայնութիւն գոյացած է:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ կառավարութիւնը շաբաթավերջին կազմուի:
«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա կ՛աճապարէ կառավարութեան կազմութեան գծով` նախքան Իրանի դէմ պատժամիջոցներու գործադրութիւնը:


