Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան քուէյթեան «Քապաս» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կատարուած առաջարկը, թէ հայ համայնքը պիտի ներկայացուի մէկ հայ նախարարով, լիբանանահայ քաղաքական եւ հոգեւոր շրջանակներուն մէջ յառաջացուցած է ցասումի զգացում մը:
Ա. Կիտանեան նշեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին փոխանցած է իր մերժումը այս առաջարկին նկատմամբ:
Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ պէտք է այդ սխալը սրբագրել եւ կառավարութեան մէջ լիբանանահայ համայնքը ներկայացնել երկու հայ նախարարով:
Նախարար Կիտանեան նշեց, որ այս սխալը ուղղելու նպատակով խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են, որպէսզի կարելի ըլլայ կազմել կառավարութիւն մը, ուր ներկայացուած ըլլան բոլոր համայնքներն ու յարանուանութիւնները:



