«Նուր» ձայնասփիւռի կայանին հիմնադրութեան 30-ամեակին առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ ընդունեց ձայնասփիւռի կայանին անձնակազմը` դրուատելով անոր աշխատանքը:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց լրատուամիջոցներուն կողմէ ստոյգ լուր հաղորդելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ այդ իրականութեան շնորհիւ է, որ լրատուամիջոց մը վստահելի կը դառնայ:
Սէյիտ Նասրալլա զգուշացուց ընկերային ցանցերու վտանգէն` նշելով, որ տեղեկատուութեան այս նոր ճակատամարտը մղելու համար պէտք է պատրաստ ըլլալ:
Հանդիպումին ընթացքին սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ Լիբանանը թիրախ դարձնող հարցերը դիմագրաւելու հիմնական զէնքը գիտակցութիւնն է` աւելցնելով, որ թէեւ իրենք ապահովական եւ զինուորական սպառնալիքները շրջանցած են, սակայն պատրաստ մնալը անհրաժեշտ է ու կարեւոր:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Հըզպալլայի դիմագրաւած գլխաւոր մարտահրաւէրներէն է Դիմադրութեան քանդումը` իր իսկ շրջանակին մէջ: «Այս բոլորը մարդիկ կը փորձեն կատարել ներկուսակցական սադրանքներ նախապատրաստելով, հետեւաբար մենք կոչուած ենք գիտակցելու եւ մեր գիտակցութեամբ տապալելու նման փորձերը», ըսաւ ան:



