Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետին Մօտ. «Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Դրական Ընթացքով Կը Շարունակուի» Շեշտեց Պասիլ

October 20, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը:

Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ մթնոլորտը դրական է, եւ կը գտնուին կառավարութեան կազմութեան ճիշդ հունին վրայ` ճշգրիտ ներկայացուցչութեան արդար չափանիշներու հիման վրայ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը ունենալու իմաստով:

Պասիլ նշեց, որ իրենց նպատակն է կազմել կառավարութիւն մը, ուր բոլորը ներկայացուած ըլլան, իսկ կարեւորագոյնը այն է, որ արդիւնաբեր կառավարութեան մը դիմաց գտնուիք:

«Չենք փափաքիր լիբանանցիները առաջնորդել դէպի յաւելեալ յուսալքութիւն: Մենք բազմաթիւ զիջումներ եւ դիւրութիւններ ներկայացուցինք` կազմելու համար կառավարութիւն մը, որ նկատի կ՛ունենայ թիւերն ու հաւասարակշռութիւնները», ըսաւ Պասիլ:

Ան նկատել տուաւ, որ իրենք կը գտնուին կառավարութեան կազմութեան սեմին` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութիւնը վարչապետին հակակշիռին տակ կը գտնուի: «Մեզի եւ մեր իրաւունքներուն վերաբերեալ վարչապետ Հարիրիի հետ կատարեալ համաձայնութիւն ունինք, առանց ոեւէ մէկուն իրաւունքին դպչելու իսկ, ընդհակառակն` մենք մեր իրաւունքէն բաժին հանեցինք այլոց, կառավարութիւնը կազմելու նպատակով», հաստատեց Պասիլ:

Վարչապետ Հարիրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի օգնական Փերնիլ Տահլեր Քարտելը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:

Քարտել ընդգծեց Լիբանանը բաղկացնող քաղաքական բոլոր ուժերուն եւ շերտերուն միջեւ համագործակցութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Քարտել ընդգծեց, որ ՄԱԿ միշտ կը զօրակցի Լիբանանի կայունութեան եւ բարգաւաճումին` աւելցնելով, որ ՄԱԿ այսօր եւ ապագային նեցուկ պիտի կանգնի Լիբանանին:

 

 

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Կառավարութեան Կազմութեան Առումով Զարգացումներ Կան, Եւ Բոլորէն Կը Պահանջուի Գործակցիլ»

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Հանդիպումներ Ունեցաւ Հարիրիի Եւ Պասիլի Հետ

RelatedPosts

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն
Լիբանանեան

Մինչեւ Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Մէջ Պահանջուած Որոշումներու Որդեգրումը. Նախարար Ստի Որոշեց Չմասնակցիլ Նախարարաց Խորհուրդի Նիստերուն

October 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ  Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան  Պատուիրակութիւնը»
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց «Մապարաթ Խէյրիա» Սկաուտական Միութեան Պատուիրակութիւնը»

October 7, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.