Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէի հետ քննարկեց Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի ուշացումին ունենալիք հետեւանքները` «Սետր»-ի խորհրդաժողովին որոշումներուն վրայ: ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան քննիչները երէկ Սին Էլ Ֆիլի մէջ գրաւեցին ելեկտրածին շարժակ մը, որ նախարարութեան վաւերացուցած որոշումը կը խախտէր: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին...


















