ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէի հետ քննարկեց Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի ուշացումին ունենալիք հետեւանքները` «Սետր»-ի խորհրդաժողովին որոշումներուն վրայ:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան քննիչները երէկ Սին Էլ Ֆիլի մէջ գրաւեցին ելեկտրածին շարժակ մը, որ նախարարութեան վաւերացուցած որոշումը կը խախտէր:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակերը նուազած են 900 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 700 լ. ոսկիով:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ հաստատեց, որ իրենք կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին դիմագրաւած տագնապին մաս չեն կազմեր` աւելցնելով, որ այդ հարցին լուծումը կարելի է ապահովել վեց անկախ սիւննի երեսփոխաններուն հետ խորհրդակցելով:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Խուրի յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ունի կարգ մը միտքեր, որոնք կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին հանգուցալուծում կրնան ապահովել:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժոզեֆ Իսհաք կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին կառավարութիւնը կազմելու քաղաքական այն ուժերով, որոնք իրենց նախարարական թեկնածուներուն անունները ներկայացուցած են:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին իմաստով արձանագրուած ճիգերուն մէջ ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կազմութիւնը այդքան ալ մօտալուտ չէ, ինչպէս կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններ կը պատկերացնեն: Նոյն օրաթերթը կը գրէ, թէ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ կը ջանայ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ վեց անկախ սիւննի երեսփոխաններուն միջեւ հանդիպում մը կազմակերպել:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ լաւատես է կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող վերջին արգելքները վերացնելու իմաստով: