Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժեմայէլ. «Հանրապետութեան Նախագահն Ու Վարչապետը Պատմական Առիթը Ունին Վերածուելու 2018-ի Պշարա Խուրիին Եւ Ռիատ Սոլհին»

November 26, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շաբաթավերջին «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն արտասանեց հեռասփռուած խօսք մը` Փաղանգաւոր կուսակցութեան հիմնադրութեան 82-ամեակին առիթով:

Ժեմայէլ յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան եւ Լիբանանի ճակատագիրը զուգահեռ կ՛ընթանան` աւելցնելով, որ այս առիթով հզօրագոյն պատգամը պիտի ըլլայ այն, որ լիբանանցիները զզուած են ու յոգնած երկրին բարգաւաճումին վերաբերող ծրագիրները յետաձգելէ:

«Կոչ կ՛ուղղեմ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին իրենց տրուած պատմական առիթը օգտագործելու եւ վերածուելու 2018-ի Պշարա Խուրիին եւ Ռիատ Սոլհին` դառնալով երրորդ հանրապետութեան կերտիչները: Ժամանակն է աշխատելու յեղափոխութեան վրայ, ինչպէս նախապէս յեղափոխութիւններ կատարուած են պաղեստինեան եւ սուրիական հոգատարութիւններուն դէմ», ընդգծեց ան:

Ժեմայէլ ընդգծեց, որ լիբանանցիները լքող իշխանութիւնները պէտք է փոխուին` յայտնելով, որ Հըզպալլա պէտք է իմանայ, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը իր տարիքով եւ փորձառութեամբ աւելի մեծ կուսակցութիւն է:

«Հըզպալլային ուղղուած պատգամը պիտի ըլլայ այն, որ ո՛չ ոք կրնայ առանձինն երկրին իշխել եւ լիբանանցի ժողովուրդը ծունկի բերել, նոյնիսկ եթէ ան յաջողած է կարգ մը քաղաքական գործիչներ ծնրադիր դարձնել», ըսաւ ան:

Ժեմայէլ կոչ ուղղեց Հըզպալլային օրէնքի հարկին տակ լիբանանցիներուն հետ գործակցութեան յանդուգն որոշումը տալու, «որովհետեւ եթէ Հըզպալլա ինքզինք լիբանանցիներէն աւելի հզօր նկատէ, ապա ատիկա լիբանանցիները պիտի մղէ Հըզպալլայի դէմ յեղափոխութիւն կատարելու», եզրափակեց ան:

 

Նախորդը

Նախարար Կիտանեան Ընդունեց Լիբանանի Գեղեցկութեան Թագուհին

Յաջորդը

«Վստահ Եմ, Որ Ի Վերջոյ Կառավարութեան Կազմութեան Թղթածրարին Հարցով Պիտի Հասնինք Լուծումի Մը» Ըսաւ Վարչապետ Հարիրի

RelatedPosts

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու,  Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի  Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ  Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին
Լիբանանեան

Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ, Քանատայի Եւ Ճափոնի Դեսպանատուները Միացեալ Հաղորդագրութիւն Մը Հրապարակեցին

November 6, 2026
Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց  Հանրապետութեան Նախագահը.  «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան  Տարածումով»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն
Լիբանանեան

Ժապեր Պոսփորի Վեհաժողովին Ներկայացուց Հանրապետութեան Նախագահը. «Կայունութիւնը Կը Սկսի Գերիշխանութեան Տարածումով» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

November 6, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.