Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ երեկոյեան վերադարձաւ Պէյրութ` աւարտելէ ետք Հռոմ կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը, որուն ընթացքին հանդիպում մը ունեցած էր Ֆրանչիսկոս պապին հետ:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ, Ռայի պատրիարքին դիմաւորեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, նախարար Ղաթթաս Խուրի:
Օդակայանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ կարելի չէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արգելակումը շարունակել, ի՛նչ ալ ըլլան պատճառները:
«Ո՛չ ոքի արտօնուած է անձնական կամ հատուածական շահերու պատճառով խոչընդոտել կառավարութեան կազմութեան ընթացքը», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց բոլորին փաստելու, թէ Լիբանանի նկատմամբ իրենց պարտականութիւններուն եւ Լիբանանի հարցերուն լուծման յանձնառու են: «Ո՛վ որ Լիբանանի տագնապներով կը տառապի, Լիբանանի շահերը առաջնահերթ կը նկատէ եւ պատրաստ է օժանդակել Լիբանանին, ապա զիջումներ կը կատարէ», շեշտեց ան:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց միջազգային ընտանիքին կողմէ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման անջատումը սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձէն: Ան հաստատեց, որ այս իմաստով միջազգային ընտանիքը պէտք է օժանդակէ Լիբանանին:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Ֆրանչիսկոս պապը շատ կը սիրէ մարոնի եկեղեցին եւ Լիբանանը` աւելցնելով, որ Վատիկանի մէջ ունեցած է հանդիպումներ, որոնց ընթացքին Վատիկանի եւ Լիբանանի եկեղեցիներուն միջեւ փորձառութիւնները կիսուած են:



