Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Եազիժի Պատրիարքին Եւ Սէյիտի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Մանրամասնութիւնները

November 27, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող հարցերն ու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին դիմագրաւած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Եազիժի պատրիարքը յայտնեց, որ նախագահ Աունը շնորհաւորած է Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին առիթով եւ հանրապետութեան նախագահին մաղթած է յաջողութիւն` Լիբանանը ապահով պահելու առումով:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ, որ շնորհաւորեց զայն անկախութեան տօնին առիթով եւ անոր հետ քննարկեց շարք մը հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Սէյիտ յայտնեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է կառավարութեան կազմութեան իրականութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը, որոնք կը պարտադրեն ամէնէն արագ միջոցին լուծել հարցը եւ կազմել կառավարութիւնը` պահպանելով մէկ կողմէ սահմանադրական սկզբունքները, իսկ միւս կողմէ` յարգելով երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները:

Սէյիտ ընդգծեց նաեւ քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ համախոհութիւն գոյացնելու կարեւորութիւնը:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող տնտեսական եւ ելեւմտական կացութիւնը:

Մեկնումի պահուն Սալամէ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ դրամական կայունութիւնը տակաւին առկայ է, եւ երկիրը տակաւին կարողութիւններ ունի` նիւթական կայունութիւնը հակակշիռի տակ պահելու:

Նշենք, որ նախագահ Աուն Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին առիթով շնորհաւորական հեռագիր մը ստացաւ Չինաստանի նախագահ Չի Ճին Փինկէն:

 

 

Նախորդը

Մըրատ. «Նոր Կազմուելիք Կառավարութեան Մէջ Մեզմէ Մէկուն Անձով Ներկայացուելու Պահանջին Կառչած Կը Մնանք»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Տեղահանուածներու Տունդարձին Առումով Լիբանանի Կոչին Հանդէպ Միջազգային Ընտանիքին Կողմէ Ցուցաբերուած Անտեսումը Զարմանալի Է»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.