Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մըրատ. «Նոր Կազմուելիք Կառավարութեան Մէջ Մեզմէ Մէկուն Անձով Ներկայացուելու Պահանջին Կառչած Կը Մնանք»

November 27, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իթթիհատ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատ երէկ յայտնեց, որ նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու անդամ սիւննի անձնաւորութիւններու ներկայացուցչութեան առումով լուծումի մը յանգելու մասին տեղական եւ միջազգային քաղաքական կեցուածքներ կրնան արձանագրուիլ, «սակայն մենք վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ հանդիպելու ժամադրութիւն մը տակաւին չենք ստացած, սակայն այդ ժամադրութիւնը կրնայ մօտալուտ ըլլալ», ըսաւ ան:

Մըրատ շեշտեց, որ Հըզպալլա կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտելու պատճառ մը չի կրնար ըլլալ, այլ այդ հանգոյցին գոյատեւման բուն հարցը վարչապետ Սաատ Հարիրին է, որ կը մերժէ 6 անկախ սիւննի երեսփոխաններէն մէկը ներկայացնել կառավարութեան մէջ:

Մըրատ յոյս յայտնեց, որ անկախ սիւննի երեսփոխանները հանդիպում մը ունենան վարչապետ Հարիրիի հետ եւ անոր յայտնեն, թէ սիւննի համայնքի 40 առ հարիւրը իր քուէները շնորհած է իրենց, եւ կարելի չէ այդ 40 առ հարիւրը անտեսել:

«Նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ մեզմէ մէկուն անձով ներկայացուելու պահանջին կառչած կը մնանք», ըսաւ Մըրատ:

Ան ընդգծեց Պաապտայի եւ Այն Թինէի դերակատարութեան կարեւորութիւնը` լուծելու համար Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու սիւննիներու ներկայացուցչութեան հարցը:

Նշենք, որ երէկ «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ կառավարութեան կազմութեան հաւանականութեան նշոյլներ չկան` հաստատելով, որ վարչապետ Հարիրի վերջնական որոշում տուած է անկախ սիւննի  երեսփոխաններուն հետ հանդիպումի ժամադրութիւն չճշդելու իմաստով:

Միւս կողմէ, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, կառավարութեան կազմութեան իմաստով քուլիսներու ետին աշխատանք կը տարուի եւ այդ իմաստով յառաջիկայ քանի մը օրերուն այցելութիւններու աշխուժութիւն մը պիտի տիրէ:

 

 

Նախորդը

«Վարչապետը Յանձնառու Է Երկրին Ազգային Շահերուն Պաշտպանութեան» Շեշտեց Տահեր

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Եազիժի Պատրիարքին Եւ Սէյիտի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Մանրամասնութիւնները

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.