Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:
Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ համախմբումը քննարկած է Լիբանանը յուզող ներկայ իրավիճակը` կեդրոնանալով կառավարութեան կազմութեան թղթածրարին վրայ:
Քանաան շեշտեց, որ Պասիլի ջանքերը կը միտին լուծել կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող թնճուկը` աւելցնելով, որ իրենք այդ հանգոյցին մաս չեն կազմեր:
Ան նշեց, որ ընթացաւարտ շրջանի կառավարութեան աշխատանքին տեւողութիւնը երկար չէ, իսկ ներդրուող ջանքերուն նպատակն է երկիրը փրկել իշխանութեան սառեցումէն:
Քանաան հաստատեց, որ բոլոր անոնք, որոնք լուծումներ կրնան ապահովել կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը հանգուցալուծելու համար, ողջոյնի արժանի են:
«Երկրին մէջ տիրող քաղաքական, տնտեսական եւ ապրուստի մարզերուն սպառնացող մարտահրաւէրներն են, որոնք զիրենք կը մղեն լուծումներ գտնելու: Իսկ արտաքին արգելքներուն մասին կատարուած յայտարարութիւնները սխալ են, որովհետեւ կառավարութեան կազմութեան առումով ոչ ոք կրնայ մեր ազգային կամքին դէմ կանգնիլ», ըսաւ Քանաան:
Ան ընդգծեց, որ առանց պետական հաստատութիւններուն նկատմամբ ազգային վստահութիւնը վերահաստատելու ոչինչ կարելի է իրագործել, որովհետեւ փտածութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է մսխումին եւ օրէնքներու խախտումին: Այս առումով Քանաան շեշտեց, որ համախմբումը կը յարգէ դատական իշխանութիւններուն իրաւունքը` հաշուետուութեան կանչելու:
Քանաան շեշտեց, որ Հզօր Լիբանան համախմբումը պատրաստ է բոլորին հետ գործակցելու` ի խնդիր փտածութեան դէմ մղուելիք պայքարին յաջողութեան եւ քաղաքացիներու իրաւունքներուն պաշտպանութեան:
Քանաան հաստատեց, որ համախմբումին համար կարեւոր է կազմել կառավարութիւն մը, որ կը գործէ եւ կ՛արտադրէ: «Ընդունելի չէ, որ քաղաքական ուժերուն միջեւ խորհրդարանին մէջ տիրող տարակարծութիւնները գործադիր իշխանութեան սեղան բերուին: Պէտք է աշխատիլ` իրականացնելու համար «Սետր»-ի խորհրդաժողովին որոշումները եւ զարգացնել օրէնքները յարգելու մշակոյթը, որովհետեւ այս իշխանութեան օրով է, որ հաշուետուութիւն պիտի կատարուի», եզրափակեց Քանաան:



