Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Տեղահանուածներու Տունդարձին Առումով Լիբանանի Կոչին Հանդէպ Միջազգային Ընտանիքին Կողմէ Ցուցաբերուած Անտեսումը Զարմանալի Է»

November 27, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պելճիքայի խորհրդարանի նախագահ Սիկրիտ Պրաք եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը երէկ այցելեցին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն հետ քննարկեցին Լիբանանը եւ շրջանը յուզող հարցերը:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն կատարելիք տունդարձը իրականացնելով լաւագոյն ձեւով լուծած կ՛ըլլանք այդ հարցը: Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման սպասելը կասկածներ կ՛արթնցնէ, թէ ոմանք կը փափաքին սուրիացի տեղահանուածները բնակեցնել այն երկիրներուն մէջ, ուր անոնք ապաստանած են:

Նախագահ Աուն նշեց, որ Լիբանան միջազգային հաստատութիւններէն, ՄԱԿ-էն եւ միջազգային ընտանիքէն պահանջած է օժանդակել սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին, ինչպէս նաեւ անոնցմէ պահանջած է իրեն տրամադրուած նիւթական օժանդակութիւնները աւելցնել` օժանդակելու համար երկրին կառուցման, տնտեսութեան եւ ենթակառոյցին բարգաւաճման:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան յաջողած է իր ապահովական կայունութիւնը վերահաստատել եւ ահաբեկչական խմբաւորումները տապալել, բայց եւ այնպէս ան ներկայիս կը դիմագրաւէ տնտեսական լուրջ տագնապ մը, որ հետեւանք է նախկին տարիներու կուտակումին եւ համաշխարհային տագնապին:

«Տեղահանուածներու տունդարձին առումով Լիբանանի կոչին հանդէպ միջազգային ընտանիքին կողմէ ցուցաբերուած անտեսումը զարմանալի է», շեշտեց նախագահ Աուն:

Միւս կողմէ, Պրաք շեշտեց Լիբանանի կարեւորութիւնը` եւրոպական երկիրներուն համար ընդհանրապէս եւ Պելճիքայի համար յատկապէս, նկատի ունենալով, որ Պելճիքա կը փափաքի Լիբանանի հետ իր երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւել:

Ան աւելցուց, որ յառաջիկայ յունուարէն սկսեալ Պելճիքա ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին անդամ պիտի դառնայ, հետեւաբար միջազգային գետնի վրայ ան կրնայ զօրակցիլ Լիբանանին:

Պրաք այցելեց նաեւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Նեպիհ Պըրրիի:

Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պըրրի շեշտեց Պրաքի այցելութեան կարեւորութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր` ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող պելճիքական զօրամասին առաքելութեան համար:

Պատասխանելով Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան մասին հարցումի մը` Պըրրի շեշտեց, որ պէտք է լաւատեսութեամբ զինուիլ եւ բարին մաղթել:

Պրաք այցելեց նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Պրաք մաղթեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ամէնէն մօտիկ ապագային կազմուի, որովհետեւ շրջանին մէջ կայունութեան կարիք կայ եւ Լիբանան այդ կայունութեան ստեղծման ու պահպանումին իմաստով հիմնական դերակատար է:

Պրաք նշեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին առումով  Պելճիքա պատրաստ է Լիբանանի կառավարութեան հետ գործակցելու: «Հետեւաբար կը մաղթենք, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ամէնէն մօտիկ ապագային կազմուի, որպէսզի ան նաեւ կարենայ գործադրել Փարիզի խորհրդաժողովին ընթացքին որոշուած բարեկարգումները», ըսաւ Պրաք` մնայուն զօրակցութիւն յայտնելով Լիբանանի:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Եազիժի Պատրիարքին Եւ Սէյիտի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Մանրամասնութիւնները

Յաջորդը

Հանդիսաւոր Մեկնարկ` «ՀՅԴ-ի Նախընտրական Քարոզարշաւին

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.