Լիբանանեան

Դեղագործներու Սենտիքայի  Ընտրութիւն

Դեղագործներու Սենտիքայի Ընտրութիւն

Երէկ տեղի ունեցած դեղագործներու սենտիքայի ընտրութեան ընթացքին, յաղթանակ արձանագրեց Ղասսան Ամինի նախագահած ընտրացանկը, որ բաղկացած էր Հըզպալլայի, ՀՅԴ-ի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան, Ամալ շարժումի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան թեկնածուներէն: Ընտրուած դեղագործներն են. Սալեհ Տպիպօ, Զիատ Նասսուր, Տորի Պատտուրա, Այման Պազ, Գրիգոր Սահակեան, Մարի Ղասսուպ, Թոնի Եուսեֆ, Շաուքի Շամմաս եւ Զիատ Հաժ Շահատէ:

Պասիլ. «Շուֆի Մէջ Քաղաքական Վերադարձը  Կատարուած Է, Իսկ Մարտահրաւէրը Կը Մնայ  Այդ Վերադարձը Գործի Ու Բարգաւաճման Վերածելը»

Պասիլ. «Շուֆի Մէջ Քաղաքական Վերադարձը Կատարուած Է, Իսկ Մարտահրաւէրը Կը Մնայ Այդ Վերադարձը Գործի Ու Բարգաւաճման Վերածելը»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ այցելեց Շուֆ եւ այդ շրջանի մայրիներու արգելոցին մէջ տնկեց մայրի մը` իր անունով: Պասիլ յայտնեց, որ իրենցմէ կը պահանջուի մայրիի արմատներուն նման հողին մէջ խրած մնալ: «Շուֆի մէջ մենք սորվեցանք ինչպէս կառուցել: Այս առիթով կը շնորհաւորենք Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը, որ միշտ Լիբանանի կենսոլորտին հոգ կը տանի», ըսաւ ան:...

Պելճիքայի Խորհրդարանի Նախագահը  Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Հասած Է Լիբանան

Պելճիքայի Խորհրդարանի Նախագահը Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Հասած Է Լիբանան

Ընդառաջելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւէրին` Պելճիքայի խորհրդարանի նախագահ Սիկրիտ Պրաք երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան: Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ իր կատարած յայտարարութեամբ Պրաք հաստատեց, որ այս այցելութեան վրայ մեծ յոյսեր կան` նկատի ունենալով, որ անիկա կը կատարուի յարմար եւ զգայուն պահու մը, երբ Լիբանանն ու լիբանանցիները պէտք է շարք մը կարեւոր որոշումներ տան: Պրաք նշեց, որ Լիբանան արաբական...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ կոչ ուղղեց վարչապետ Սաատ Հարիրիին` ճանչնալու այլոց գոյութիւնը, յատկապէս երբ ուրիշներ եւս հանգամանք եւ կշիռ կը ներկայանցնեն: ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի կոչ ուղղեց բոլորին Լիբանանի դիմագրաւած այս ներկայ զգայուն փուլը իմաստութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ շրջանցելու` հեռու մնալով յուսալքումի քաղաքականութենէն: ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ բոլորը զիրենք...

Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակի  Պաշտօնական Նշում` Ներկայութեամբ  Իշխանութեան Երեք Պետերուն

Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակի Պաշտօնական Նշում` Ներկայութեամբ Իշխանութեան Երեք Պետերուն

Նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, հինգշաբթի առաւօտեան լիբանանեան բանակը Կեդրոնական Պէյրութի Շաֆիք Ուազզանի անուան պողոտային վրայ կատարած իր դասական զինուորական տողանցքով նշեց Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակը: Տողանցքին ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, վարչապետ Սաատ Հարիրի, հանրապետութեան նախկին նախագահներ  զօր. Միշել Սլէյման եւ Ամին Ժեմայէլ, նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորա, Նեժիպ Միքաթի եւ Թամմամ Սալամ, խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, փոխվարչապետ Ղասսան...

Զօր. Աուն Բանակին Ուղղեց  Օրուան Հրահանգը

Զօր. Աուն Բանակին Ուղղեց Օրուան Հրահանգը

Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին առիթով օրուան հրահանգը ուղղեց լիբանանեան բանակին: Զօր. Աուն զինուորներուն յայտնեց, թէ անկախութեան ադամանդեայ յոբելեանը իսկական առիթ մըն է մտածելու, որ բազմաթիւ դժուարութիւններ դիմագրաւած Լիբանանը 22 նոյեմբեր 1943-ին իր անկախութիւնը կերտած է լիբանանցիներուն կողմէ օտար հոգատարութեան դէմ մղուած երկար պայքարին շնորհիւ եւ ոչ թէ շրջանային եւ միջազգային նպաստաւոր պայմաններուն բերումով: Զօր. Աուն շեշտեց,...

Հըզպալլա Ձերբակալած Է Գործակալ Մը

Հըզպալլա Շնորհաւորեց Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակը

Հըզպալլայի ղեկավարութիւնը նախանցեալ օր հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շնորհաւորեց լիբանանցիները` երկրին անկախութեան 75-ամեակին առիթով: Հըզպալլա փառաբանեց Լիբանանի եւ անոր անկախութեան ու ազատագրումին համար ինկած նահատակները, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ կերտել եւ պահպանել Լիբանանի անկախութիւնը: Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» եռեակ տարազին կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ անոր շնորհիւ 2000-ին կարելի եղաւ ազատագրել հարաւային Լիբանանը, 2006-ին յաղթել թշնամի Իսրայէլին, իսկ...

Խորհրդակցական Հանդիպումը Պաշտօնական  Հանդիպում Խնդրած Է Վարչապետի Գրասենեակէն

Խորհրդակցական Հանդիպումը Պաշտօնական Հանդիպում Խնդրած Է Վարչապետի Գրասենեակէն

Վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց  Լիբանանի մէջ Ուրուկուէյի դեսպան Մարթա Ինես Փիցանելլի Շենոնէն, որուն հետ զրուցեց երկու երկիրներու յարաբերութեան եւ գործակցութեան մասին: Հարիրի հանդիպում ունեցած էր նաեւ Սֆէյր պատրիարքի անուան հաստատութեան նախագահ տոքթ. Էլիաս Սֆէյրի հետ, որ զինք հրաւիրած էր հաստատութեան պաշտօնական ընթրիքին: Աւելի ուշ, վարչապետը տեսակցութիւն ունեցաւ ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութենէն պատուիրակութեան մը հետ,...

Մամլոյ Արձակուրդ

Մամլոյ Արձակուրդ

Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ ուրբաթ, 23 նոյեմբեր 2018-ին: Մեր յաջորդ թիւը` շաբաթ, 24 նոյեմբերին:

«Անկախութեան Պահպանումը Մեր Բոլորին  Պատասխանատուութիւնն Է, Եւ Զայն Պաշտպանելու  Համար Պէտք Է Ամրապնդենք Մեր Միասնականութիւնը»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Անկախութեան Պահպանումը Մեր Բոլորին Պատասխանատուութիւնն Է, Եւ Զայն Պաշտպանելու Համար Պէտք Է Ամրապնդենք Մեր Միասնականութիւնը» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին առիթով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան լիբանանցիներուն ուղղեց անկախութեան պատգամը, որուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանան իր անկախութեան 75 տարիներուն ընթացքին ենթարկուած է այնպիսի հարուածներու, որոնք կրնային պատճառ դառնալ երկրին անհետացումին, բայց եւ այնպէս ան կրցաւ ապրիլ յատկանշական օրեր եւ կերտել անմոռանալի պատմութիւն: «Լիբանան 75 տարիէ ի վեր իր անկախութիւնը կը տօնէ, սակայն անկախութիւնը լոկ տօնակատարութիւն...

Եարզէի Մէջ .  Անկախութեան 75-ամեակին Նուիրուած   Յուշակոթողի Բացման Արարողութիւն`  Ներկայութեամբ Իշխանութեան Երեք Պետերուն

Եարզէի Մէջ . Անկախութեան 75-ամեակին Նուիրուած Յուշակոթողի Բացման Արարողութիւն` Ներկայութեամբ Իշխանութեան Երեք Պետերուն

Ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, երէկ կէսօրէ առաջ Եարզէի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդանշական ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին նուիրուած յուշակոթողին: Զօր. Ժոզեֆ Աուն այս առիթով նախագահ Աունին ուղղեց իր խօսքը, որուն մէջ յայտնեց, թէ 1943-ին այս օրերուն...

«Փիեռ Ժեմայէլ Միշտ Պայքարեցաւ Ի Խնդիր  Լիբանանի Գերիշխանութեան, Հակառակ  Բոլոր Դժուարութիւններուն»  Շեշտեց Ամին Ժեմայէլ

«Փիեռ Ժեմայէլ Միշտ Պայքարեցաւ Ի Խնդիր Լիբանանի Գերիշխանութեան, Հակառակ Բոլոր Դժուարութիւններուն» Շեշտեց Ամին Ժեմայէլ

Նախկին նախարար Փիեռ Ժեմայէլի սպանութեան ԺԲ. տարելիցին առիթով, երէկ Պիքֆայայի Մար Մըխայէլ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որուն ներկայ գտնուեցան նահատակ նախարարին ընտանիքը, մեծ թիւով երեսփոխաններ` ներկայ եւ նախկին, ինչպէս նաեւ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներու եւ բարեկամներու հոծ բազմութիւն մը: Հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ շեշտեց, որ Փիեռ Ժեմայէլ Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան, գերիշխանութեան եւ պատգամ ըլլալու իրողութեան բուռն...

Մամլոյ Արձակուրդ

Մոհամետ մարգարէի ծննդեան տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ չորեքշաբթի, 21 նոյեմբեր 2018-ին: Մեր յաջորդ թիւը` հինգշաբթի, 22 նոյեմբեր 2018-ին:

Պասիլ Հանդիպում Մը Ունեցաւ  Խորհրդակցական Հանդիպումին Հետ

Պասիլ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Խորհրդակցական Հանդիպումին Հետ

Խորհրդակցական հանդիպումի անդամ երեսփոխանները երէկ Իթթիհատ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատի բնակարանին մէջ հանդիպում մը ունեցան արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ կենսոլորտի նախարար Թարեք Խաթիպ: Անկախ սիւննի երեսփոխանները Պասիլէն տեղեկացան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ջանքերուն մասին` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը դիւրացնելու նպատակով: Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ ինք մէկ շաբաթէ ի վեր խնդրած է...

Թրամփ Շնորհաւորեց Նախագահ Աունը

Թրամփ Շնորհաւորեց Նախագահ Աունը

Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին առիթով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփէն ստացաւ շնորհաւորական հեռագիր մը, որուն մէջ վերջինս շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն զօրակցիլ Լիբանանի ապահովութեան ու խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ բարգաւաճումին: Թրամփ շնորհաւորեց Լիբանանի մէջ արձանագրուած իրագործումներն ու ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարը: Միւս կողմէ, նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Մոհամետ Հասան...

Մոհամետ Մարգարէի Ծննդեան Տօնին Առիթով.  Վարչապետ Հարիրի Մաղթեց, Որ Լիբանանի  Կայունութիւնը Ամրապնդուի

Մոհամետ Մարգարէի Ծննդեան Տօնին Առիթով. Վարչապետ Հարիրի Մաղթեց, Որ Լիբանանի Կայունութիւնը Ամրապնդուի

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք յայտարարուեցաւ, որ կառավարութեան կազմը պատրաստ է եւ քաղաքական բոլոր ուժերուն համախոհութիւնը կը վայելէ, բացի այն ուժէն, որ անկախ սիւննիներու ներկայացուցչութիւնը կը ցանկայ: Մուսթաքպալ պլոքը անդրադարձաւ նաեւ Ռամլեթ Պայտայի մէջ կոյուղիներու ողողումներու հարցին եւ լսեց այդ մասին երեսփոխան Նազիհ Նաժըմի պատրաստած զեկուցումը: Պլոքը որոշեց այդ...

Նախարար Կիտանեան Վարչապետը Ներկայացուց  Միջին Արեւելքի Եւ Ափրիկէի Ազատ Շուկաներու  Միութեան Խորհրդաժողովին

Նախարար Կիտանեան Վարչապետը Ներկայացուց Միջին Արեւելքի Եւ Ափրիկէի Ազատ Շուկաներու Միութեան Խորհրդաժողովին

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ` զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ բացումը կատարեց Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի ազատ շուկաներու միութեան խորհրդաժողովին: Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի ազատ շուկաներու միութեան խորհրդաժողովը Միջին Արեւելքի մէջ Լիբանանը զբօսաշրջական հիմնական կեդրոնի վերածելու մեկնակէտն է, «յարգանքովս հանդերձ շրջանին մէջ զբօսաշրջութեան վայրեր նկատուող այլ երկիրներու», ըսաւ...

Պըրրի Արիտիի Եւ Ապու Ֆաուրի Հետ  Քննարկեց Կառավարութեան  Կազմութեան Վերաբերող Հարցեր

Պըրրի Արիտիի Եւ Ապու Ֆաուրի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող Հարցեր

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Ղազի Արիտին` ընկերակցութեամբ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող հարցեր: Այս շրջագիծին մէջ Պըրրի շեշտեց, որ անկախ սիւննի երեսփոխանները կառավարութեան մէջ ներկայացնելու իմաստով ինք ոչ մէկ զարգացում կամ նորութիւն շօշափած է` աւելցնելով սակայն, որ տակաւին կարելի...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան հաստատեց, որ սիւննի համայնքի ներկայացուցչութեան թնճուկը քաղաքական հանգոյց մըն է, որ ուղղակի պարտադրուած է լիբանանեան քաղաքական կեանքին եւ պէտք է այդ հանգոյցը լուծել: ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն եւ պատասխանատուներուն` Լիբանանի շահերը կուսակցական շահերէ վեր դասելու: ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի հաստատեց, որ ելեկտրածին շարժակներէ...

Page 601 of 988 1 … 600 601 602 … 988

Արխիւներ