ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի շնորհաւորեց դեղագործները` անոնց սենտիքայի ընտրութեան առիթով:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտող թնճուկի հանգուցալուծման շրջագիծին մէջ, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի նախաձեռնութենէն բացի այլ նախաձեռնութիւն մը գոյութիւն չունի:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի հետ: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող քաղաքական եւ տնտեսական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ բարգաւաճման վերաբերող ծրագիրներ:
ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի երէկ յայտնեց, որ Եւրոպական Միութենէն Բրիտանիոյ հեռացումը մեծ նահանջ է` եւրոպական միասնականութիւնը խախտելու իմաստով:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ թուիթըրեան գրառումով մը նշեց, որ Եւրոպական Միութենէն Բրիտանիոյ հեռացումը պատմական մեծ վտանգ կը նկատուի, որովհետեւ կը խախտէ եւրոպական միասնականութիւնը, այլ խօսքով` Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք Եւրոպայի մէջ տիրող խաղաղութեան իսկական գործօնը: Ժոմպլաթ մտավախութիւն յայտնեց 20-րդ դարու սկիզբը տիրած պայմաններուն վերադառնալու հաւանականութենէն` աւելցնելով, որ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Խուրի շեշտեց, որ երկրին տնտեսական կացութիւնը զգայուն է, սակայն այդ կացութեան փուլ գալուն իրականութիւնը ճիշդ չէ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենք առաջարկած են ընտանեկան բռնութեան օրէնքը փոփոխութեան ենթարկել` մեկնելով կիներու նկատմամբ բռնութեան դէմ պայքարին իրենց յանձնառութենէն:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Շամել Ռուքոզ յայտնեց, որ կիներու նկատմամբ բռնութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ առաջարկած են բռնութիւն գործողներուն դէմ պատժական տնօրինումները փոփոխութեան ենթարկել` բռնութենէ պաշտպանելու համար թէ՛ կիները եւ թէ՛ ընտանիքը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապըշ շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի որեւէ օրինագիծի, որուն նպատակն է կիներուն դէմ գործուող բռնութիւնը կասեցնել:
ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ հանդիպումի երեսփոխան Ուալիտ Սըքքարիէ շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի կը պայքարի շրջանին մէջ ամերիկեան-իսրայէլեան ծրագիրի յաղթանակին ի խնդիր:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ իսկական անկախութիւնը կարելի է իրականացնել հողին, համերաշխութեան եւ պետութեան վերականգնումին կառչած մնալով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կեցուածքը յստակ է անկախ սիւննիներու ներկայացուցչութեան հարցէն` սիւննի երեսփոխաններուն հետ հանդիպի կամ ոչ:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ֆայսալ Սայեղ կոչ ուղղեց վերջ տալու լիբանանցի քաղաքացիին արժանապատուութեան եւ ապրուստին հետ խաղերուն:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ խորհուրդներու նախագահ Մոհամետ Շքէյր կոչ ուղղեց կառավարութիւն մը կազմելու, ինչպէս նաեւ արագ որոշումներ տալու` փրկելու համար տիրող ներկայ կացութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ շեշտեց, որ երկրին տնտեսական կացութիւնը զգետնուած է` աւելցնելով, որ ինք կը նախատեսէ, որ Լիբանանի մէջ արտակարգ աղէտներով լեցուն ձմեռ մը տիրէ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էլի Քէյրուզ կոչ ուղղեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուիին յաւելեալ բծախնդրութեամբ ուսումնասիրելու Լիբանանի պատմութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի չի կրնար ամբողջ Լիբանանի սիւննիներուն անունով խօսիլ: Ան հաստատեց, որ խիստ մերժելի է երկիրը Հարիրիի քինախնդրութեան առարկային վերածել:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակը Ատայսէի եւ Քֆարքիլայի միջեւ գտնուող շրջանին մէջ սկսած է սահմանային փշաթելերը նորոգել եւ ամրացնել, ինչպէս նաեւ պատ կառուցելու աշխատանքներուն նախապատրաստուիլ:
Նշենք, որ իսրայէլեան օդուժը երէկ Մազարեհ Շեպաայի կողմէ թռիչքներ գործեց Հարամունի բարձունքներուն ու Շէյխ լերան վերեւ` խախտելով Լիբանանի օդային սահմանները:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան մէջ սիւննի համայնքի ներկայացուցչութեան թնճուկի լուծման պատասխանատուները հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունն ու վարչապետ Սաատ Հարիրին են:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա կառչած կը մնայ կառավարութեան մէջ անկախ սիւննի երեսփոխաններու ներկայացուցչութեան:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա ոչ մէկ հարց ունի Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը քննարկելու համար ազգային երկխօսութեան նիստի մը մասնակցելու: