Մինչ անկախ սիւննի երեսփոխաններէն մէկը կառավարութեան մէջ ներկայացնելու պահանջը կը շարունակէ խոչընդոտել կառավարութիւնը կազմելու ճիգերը, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը թեւակոխէ իր եօթներորդ ամիսը:
Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց սուզորդներու ակումբը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որ շնորհաւորեց վարչապետը Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին առիթով եւ մաղթեց, որ Լիբանանը ցամաքային, օդային եւ ծովային առումով դառնայ մոլութենէ զերծ վայր մը:
Հարիրի յայտնեց, որ իր հայրը` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի կ՛ըսէր, թէ երկիրը պանդոկ չէ, երկիրը երկիր է, իսկ Լիբանանը բոլորին է, այդ պատճառով ալ պէտք է բոլորս աշխատինք զայն փտածութենէ, մսխումէ եւ թմրեցուցիչէ պաշտպանելու համար:
Անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան թղթածրարին` վարչապետ Հարիրի ըսաւ. «Վստահ եմ, որ ի վերջոյ կառավարութեան կազմութեան թղթածրարին հարցով պիտի հասնինք լուծումի մը: Սահմանադրութիւնը կը միացնէ մեզ եւ մեր տարակարծութիւնները կը սահմանափակէ: Պէտք է կեդրոնանանք այն կէտերուն վրայ, որոնք կը միացնեն մեզ»:
Միւս կողմէ, Իթթիհատ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատ երէկ երեկոյեան հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ վարչապետ Հարիրիի կողմէ կառավարութեան մէջ անկախ սիւննի երեսփոխաններու ներկայացուցչութեան հարցին անտեսումը լիբանանեան հանրային կարծիքին դէմ չարիք է` աւելցնելով, որ իրենք այդ ներկայացուցչութեան կառչած կը մնան, որովհետեւ կը յարգեն զիրենք ընտրողները:
Մըրատ շեշտեց, որ կառավարութիւնը կրնայ վաղն իսկ կազմուիլ, եթէ վարչապետ Հարիրի որոշէ անկախ սիւննի երեսփոխաններէն մէկը իր կառավարութեան մէջ նախարար նշանակել:



