Լիբանանեան

Ռայի Պատրիարքը  Ինքնազսպումի Կոչ Ուղղեց

Ռայի Պատրիարքը Ինքնազսպումի Կոչ Ուղղեց

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին  արտասանեց քարոզ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ խիստ մերժելի է երկրին մէջ վկայել զինեալ երեւոյթ, որուն պատճառով զոհեր կ՛արձանագրուին, ինչպէս նաեւ համայնքային եւ յարանուանական սադրանքներ կը հրահրուին: Ռայի պատրիարքը ինքնազսպումի կոչ ուղղեց` շեշտելով, որ միայն օրէնքի պետութիւնն է, որ կը պաշտպանէ բոլորը` անոնց իրաւունքներով եւ արժանապատուութեամբ: Ռայի պատրիարքը...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով լուծման յանգելու յոյսեր չկան` աւելցնելով, որ ոմանք կառչած կը մնան կառավարութեան կազմութիւնը խոչընդոտելու իրենց կեցուածքին: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի ջանքերը կը շարունակուին եւ անոնք յաջողութեամբ պիտի պսակուին` կազմելու համար այնպիսի կառավարութիւն մը, որ կը դրսեւորէ լիբանանցիներուն...

Նախագահ Աուն Խոստացաւ Անյայտ  Կորսուածներու Թղթածրարին  Անձամբ Հետեւիլ

Նախագահ Աուն Խոստացաւ Անյայտ Կորսուածներու Թղթածրարին Անձամբ Հետեւիլ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին Տիպ նախագահ Աունին յանձնեց անյայտ կորսուածներու օրէնքէն օրինակ մը, ինչպէս նաեւ քննարկեց այս թղթածրարին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Տիպ շեշտեց, որ «խորհրդարանին մէջ վաւերացուած այդ օրէնքը պատմական նուաճում մըն էր, որ նախագահ Աունին կը...

Պըրրի. «Աշխատավարձի Յաւելումը  Պաշտօնեաներուն Իրաւունքն Է, Որ Ջնջուելու  Պարագային Յեղափոխութիւն Կը Յառաջացնէ»

Պըրրի. «Աշխատավարձի Յաւելումը Պաշտօնեաներուն Իրաւունքն Է, Որ Ջնջուելու Պարագային Յեղափոխութիւն Կը Յառաջացնէ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հաստատեց, որ աշխատավարձի յաւելումը պաշտօնեաներուն իրաւունքն է, որ ջնջելու պարագային յեղափոխութիւն կրնայ յառաջացնել: Պըրրի յայտնեց նաեւ, որ ինք այս թղթածրարին վերաբերեալ քննարկումներ կատարած է վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, որ իր կարգին հաստատած է, որ կառչած կը մնայ պաշտօնեաներուն իրաւունքին: Միւս կողմէ, Պետական դպրոցներու երկրորդական կարգերու ուսուցիչներու լիկայի նախագահ Նազիհ Ժապպաուի յայտնեց, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը...

«Վանայ Ձայն» Հիւրընկալեց  Ռուսիոյ Դեսպանը

«Վանայ Ձայն» Հիւրընկալեց Ռուսիոյ Դեսպանը

«Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանը քաղաքական իր յայտագիրներէն մէկուն ընթացքին հիւրընկալեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որ հաստատեց, որ Մոսկուա տակաւին Լիբանանի պաշտօնական պատասխանը չէ ստացած` երկրին նուիրուելիք ռուսական զինուորական օժանդակութեան առնչութեամբ: Զասիփքին նշեց, որ յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին այդ մասին լիբանանեան պաշտօնական պատասխանը պիտի իմանան` աւելցնելով, որ զինուորական այդ օժանդակութիւնը Ռուսիոյ կողմէ նուէր մըն է` ըլլայ ան բանակին...

Հարիրի Պասիլի Հետ Քննարկեց  Կառավարութեան Կազմութեան Ջանքերը

Հարիրի Պասիլի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Ջանքերը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ գիշեր Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը: Քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան իմաստով Պասիլի ի գործ դրած ջանքերը: Վարչապետ Հարիրի ընդունեց նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Վարչապետ Հարիրիի այցելեց նաեւ Իրաքի հանրապետութեան նախկին նախագահ Իյատ Ալլաուի: Հանդիպումին ընթացքին...

«Պէտք Է Անմիջապէս Կազմել Ազգային  Փրկութեան Կառավարութիւն Մը»  Շեշտեց Պշարա Ասմար

«Պէտք Է Անմիջապէս Կազմել Ազգային Փրկութեան Կառավարութիւն Մը» Շեշտեց Պշարա Ասմար

Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար Լիբանանի քաղաքական իշխանութենէն պահանջեց անմիջապէս կազմել ազգային փրկութեան կառավարութիւնը, որուն մաս կը կազմեն ատակ եւ կարողութիւններով օժտուած նախարարներ ու մասնագէտներ, որոնք կարենան երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ ընկերային ծանր տագնապները լուծել: Ասմար խստիւ դատապարտեց անարդարօրէն պաշտօնեաները աշխատանքէ արձակելու արարքները` ընդգծելով նաեւ, որ տնտեսական տագնապը հասած է կարմիր գիծին, որովհետեւ բազմաթիւ հաստատութիւններ կը սնանկանան եւ կը...

Պոկտանով Մաղթեց, Որ Լիբանանի  Կառավարութիւնը Մօտիկ Ապագային Կազմուի

Պոկտանով Մաղթեց, Որ Լիբանանի Կառավարութիւնը Մօտիկ Ապագային Կազմուի

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախագահ Միխայէլ Պոկտանով Մոսկուայի մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի ռուսական հարցերու խորհրդատու Ժորժ Շաապանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Պոկտանով մաղթեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը մօտիկ ապագային կազմուի: Ան հաստատեց, որ Մոսկուա կը շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանի գերիշխանութեան ու կայունութեան` մերժելով ներքին լիբանանեան հարցերուն արտաքին ուժերուն միջամտութիւնը:  

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան ուրբաթ օրուան նամազէն ետք ամօթալի նկատեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի դէմ կատարուած ցեխարձակումներն ու կազմակերպուող արշաւները, որոնք միայն քաղաքական նպատակներ կը հետապնդեն: ՊԱԱԼՊԵՔԻ Շարաուինա շրջանին մէջ լիբանանեան բանակին իրականացուցած ապահովական գործողութեան մը ընթացքին 4 յանցագործներ սպաննուեցան: ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիսթաֆըր Ռամպլինկի հետ: Հանդիպումին ընթացքին երկու...

Զօր. Աուն Բանակին Կարիքներն Ու Լիբանանի  Իրավիճակը Քննարկեց  Կարգ Մը Պատասխանատուներու Հետ

Զօր. Աուն Բանակին Կարիքներն Ու Լիբանանի Իրավիճակը Քննարկեց Կարգ Մը Պատասխանատուներու Հետ

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի օգնական Ուեսթ Օուընը` ներկայութեամբ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան, որուն մաս կը կազմէր նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն` ընկերակցութեամբ դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Ֆապրիս Շափելի: Հանդիպումին...

Կառավարութեան Կազմութեան  Հոլովոյթը Կը Բարդանայ

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Կը Բարդանայ

Անկախ Սիւննի Երեսփոխանները Կը Պահանջեն Խորհրդակցիլ Իրենց Ստանձնելիք Նախարարութեան Մասին, Իսկ Հարիրի Կը Շարունակէ Մերժել Անոնց Ներկայացուցչութիւնը  Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող արգելքը յաւելեալ բարդացում արձանագրեց երէկ երեկոյեան, երբ Խորհրդակցական հանդիպումին գումարած նիստէն բխեցաւ մագլցողական հաղորդագրութիւն մը: Նիստէն ետք երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ Խորհրդակցական հանդիպումին անունով յայտարարեց, որ Խորհրդակցական հանդիպումը ո՛չ միայն կը պահանջէ կառավարութեան մէջ ներկայացուիլ իր վեց երեսփոխաններէն մէկուն անձով,...

Նախարար Կիտանեան Պարսելոնայի  Քաղաքապետութենէն Իմացաւ, Որ Տարեկան  Իր Փառատօնը Պէյրութին  Նուիրուած Պիտի Ըլլայ

Նախարար Կիտանեան Պարսելոնայի Քաղաքապետութենէն Իմացաւ, Որ Տարեկան Իր Փառատօնը Պէյրութին Նուիրուած Պիտի Ըլլայ

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Պարսելոնայի քաղաքապետարանին մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ քաղաքապետարանի մշակութային բաժինի տնօրէն Մարթա Քլարիսի: Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը նախարար Կիտանեանին յայտնեց, թէ Պարսելոնայի մէջ յառաջիկայ սեպտեմբերին տեղի ունենալիք տարեկան փառատօնը նուիրուած պիտի ըլլայ Պէյրութին: Հանդիպումէն ետք Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ Պարսելոնայի տարեկան փառատօնը Պէյրութին նուիրելու շրջագիծին մէջ գործակցութիւն պիտի կատարուի Պէյրութի քաղաքապետարանին, Պէյրութի նահանգապետին եւ զբօսաշրջութեան...

Լիբանանի Մէջ Վիճակագրութեան Դրութեան  Զօրակցելու Ծրագիրի Քննարկում`  Իտալացի Պատասխանատուներու Հետ

Լիբանանի Մէջ Վիճակագրութեան Դրութեան Զօրակցելու Ծրագիրի Քննարկում` Իտալացի Պատասխանատուներու Հետ

Լիբանանի մէջ վիճակագրութեան դրութեան զօրակցելու ծրագիրի պատասխանատու յանձնախումբը երէկ գումարեց իր առաջին նիստը` նախագահութեամբ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեանի եւ Լիբանանի մէջ իտալական բարգաւաճման կեդրոնի նախագահին: Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան Հատաթի կեդրոնին մէջ գումարուած նիստին ներկայ գտնուեցան նաեւ Իտալիոյ վիճակագրական կառոյցի Հռոմի գրասենեակէն պատասխանատուներ: Եռամեայ այս ծրագիրին կը զօրակցի Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը, իսկ ծրագիրը կը ֆինանսաւորէ Իտալիոյ կառավարութիւնը`...

Մաշնուք Զասիփքինի Հետ Քննարկեց   Ապահովական Մարզի Երկկողմանի  Գործակցութեան Համաձայնագիրները

Մաշնուք Զասիփքինի Հետ Քննարկեց Ապահովական Մարզի Երկկողմանի Գործակցութեան Համաձայնագիրները

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան, սուրիական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող ռուսական նախաձեռնութեան մանրամասնութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ ապահովական մարզի երկկողմանի գործակցութեան համաձայնագիրները: Զասիփքին շեշտեց, որ Ռուսիա Լիբանանի հետ կը փափաքի իր պատմական ու հեզասահ յարաբերութիւնները պահել` մնալով քաղաքական տարակարծութիւններէն հեռու,...

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը  Քննարկեց  Տօնական Օրերուն Որդեգրուելիք Ապահովական  Միջոցառումներն Ու Թմրամոլութեան Դէմ  Պայքարելու Ծրագիրները

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Քննարկեց Տօնական Օրերուն Որդեգրուելիք Ապահովական Միջոցառումներն Ու Թմրամոլութեան Դէմ Պայքարելու Ծրագիրները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Պաապտայի մէջ նախագահեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Սաատ Հարիրի, պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Ներքին...

Պըրրի. «Ճիգ Չխնայել` Ամէնէն Արագ  Ժամանակամիջոցին Կազմելու Համար  Նոր Կառավարութիւնը»

Պըրրի. «Ճիգ Չխնայել` Ամէնէն Արագ Ժամանակամիջոցին Կազմելու Համար Նոր Կառավարութիւնը»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց դատական իշխանութիւններուն եւ քննիչ մարմիններուն դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը` փտածութեան դէմ պայքարին առումով: «Ինչո՞ւ աւազակը պիտի յանդգնի բացայայտօրէն գողնալ եւ մեզի պիտի արգիլուի բացայայտել այդ աւազակներուն եւ փտածներուն անուններն ու ինքնութիւնը եւ հաշուետուութեան կանչել զանոնք», հաստատեց Պըրրի: Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մասին Պըրրի ընդգծեց, որ ամէնէն արագ միջոցին նոր կառավարութիւնը...

Թերզեան. «Լիբանանահայութիւնը Միշտ Ալ Զօրակցած Է Երկրին Ապահովական Կայունութեան, Քաղաքացիական Անվտանգութեան Եւ Լիբանանեան Համերաշխութեան Ամրապնդումին»

Յ. Թերզեան. «Ոչ Ոքի Պիտի Արտօնենք Պէյրութը Պատանդ Առնել»

Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Պէյրութի մէջ տեղատարափ անձրեւներուն պատճառով արձանագրուած ողողումներուն, ինչպէս նաեւ Ռամլեթ Պայտայի կոյուղիի կեղտաջուրերուն յորդելուն` շեշտելով, որ այդ թղթածրարին անձամբ կը հետեւի արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի: Յ. Թերզեան խստիւ դատապարտեց հանրային կառոյցներուն վրայ արձանագրուած ոտնձգութիւնները` հաստատելով, որ անիկա Պէյրութի քաղաքապետարանին հակակշիռին տակ չէր գտնուէր` նկատի ունենալով, որ կոյուղիի փակ ըլլալու...

Դեսպան Մկրտչեան Հրաժեշտի Հանդիպում Մը  Ունեցաւ Վարչապետ Հարիրիի Հետ

Դեսպան Մկրտչեան Հրաժեշտի Հանդիպում Մը Ունեցաւ Վարչապետ Հարիրիի Հետ

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան հրաժեշտի այցելութիւն մը տուաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ընդհանուր իրավիճակն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հարիրի գնահատեց դեսպան Մկրտչեանի ջանքերը` երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ լիբանանեան-հայկական համագործակցութիւնը աշխուժացնելու իմաստով: Հարիրի յաջողութիւն մաղթեց դեսպան Մկրտչեանին` իր հետագայ դիւանագիտական գործունէութեան մէջ:

Պասիլ Ուղղուեցաւ Պելկրատ

Պասիլ Ուղղուեցաւ Պելկրատ

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ուղղուեցաւ Պելկրատ` ընկերակցութեամբ Լիբանանցի ներդրողներու համադաշնակցութեան նախագահ Ժաք Սարրաֆի, Պէյրութի առեւտրականներու միութեան նախագահ Նիքոլա Շամմասի, երկրագործութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Լուիս Լահուտի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդականներուն: Պելկրատի մէջ Պասիլ հանդիպումներ պիտի ունենար Սերպիոյ հանրապետութեան եւ խորհրդարանի նախագահներուն, վարչապետին, ինչպէս նաեւ Սերպիոյ առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան պալատներու նախագահին հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուին լիբանանեան-սերպական երկկողմանի...

Դեսպան Պուխարի. «Ամէն Ջանք Ի Գործ  Պիտի Դնենք` Ի Խնդիր Լիբանանի Ապահովական  Կայունութեան Ու Գերիշխանութեան  Պաշտպանութեան»

Դեսպան Պուխարի. «Ամէն Ջանք Ի Գործ Պիտի Դնենք` Ի Խնդիր Լիբանանի Ապահովական Կայունութեան Ու Գերիշխանութեան Պաշտպանութեան»

Նախապէս Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործավար Ուալիտ Պուխարի երէկ Ռիատէն վերադարձաւ Լիբանան` պաշտօնապէս անոր դեսպանը նշանակուած: Պուխարի ընդգծեց, որ պէտք է լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւնները աւելի եւս ամրապնդել: «Ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք` ի խնդիր Լիբանանի ապահովական կայունութեան ու գերիշխանութեան պաշտպանութեան», շեշտեց Պուխարի:

Page 599 of 988 1 … 598 599 600 … 988

Արխիւներ