Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանի Նախագահը Պասիլի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող Հարցեր

November 28, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրին ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցերը:

Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ ինք համոզուած չէ, թէ կառավարութեան կազմութեան հարցով արտաքին կամ ներքին որոշում գոյութիւն ունի: «Կարեւորը այն է, որ արդիւնաբեր կառավարութիւն մը կազմուի», ըսաւ ան:

Պասիլ յայտնեց, որ առաջին անգամ ըլլալով գործնականի անցած է եւ Պըրրիի հետ քննարկած հիմնական երեք միտքեր, «սակայն քննարկումները ընթացքի մէջ են եւ բաց են, իսկ կարեւորը այն է, որ այդ սկզբունքներուն շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ», ըսաւ ան:

Պասիլ նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող արգելքին հետ իրենք ուղղակիօրէն առնչութիւն չունին` աւելցնելով, որ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն քաղաքական տարբեր ուժերու տեսակէտներուն միջեւ մերձեցում յառաջացնելու: «Մենք այս դերակատարութիւնը պիտի շարունակենք, եւ ոչ ոք թող փորձէ մեզի այլ դերակատարութիւն վստահիլ», ըսաւ Պասիլ:

Պասիլ հաստատեց, որ լուծումը պէտք է արդար ըլլայ` ընդգծելով, որ պարտադրանքով կամ մերժումով կարելի չէ կառավարութիւն կազմել, այլ` զիրար ընդունելով եւ համախոհութիւն գոյացնելով, որովհետեւ ատոր շնորհիւ է, որ կառավարութիւնը ազգային միասնականութեան կառավարութիւն պիտի կոչուի:

Միւս կողմէ, «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի յայտնած էր, որ իր կարծիքով, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող արգելքին հանգուցալուծումը կը գտնուի հանրապետութեան նախագահին մօտ:

Պըրրի շեշտած էր, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ իր տեսակէտին կառչած մնալուն եւ Հըզպալլայի ու 6 անկախ սիւննիներուն կողմէ իրենց պահանջին կառչած մնալուն միջեւ միակ նախաձեռնութիւնը նախագահ Աուն կրնայ առաջադրել` այդ հարցը լուծելու նպատակով:

Պըրրի կոչ ուղղեց նախագահ Աունին եւ վարչապետ Հարիրիին` լուծելու կառավարութեան մէջ անկախ սիւննիներու ներկայացուցչութեան հարցը:

Նախորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Կոչ Ուղղեց Լուծելու Կառավարութեան Կազմութիւնը Արգելակող Հանգոյցը

Յաջորդը

Դեսպան Մկրտչեան Հրաժեշտի Հանդիպումներ Ունեցաւ Նախագահ Աունի Եւ Պըրրիի Հետ

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.