Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Կողմէ Ռուսական Զինուորական Օժանդակութիւն Մերժելու Հարց

Նոյեմբեր 27, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, իր տեղեկութիւնները քաղելով լիբանանեան քաղաքական աղբիւրէ մը, հաղորդած է, թէ այս ամսուան ընթացքին Լիբանան մերժած է Ռուսիոյ կողմէ տրամադրուելիք զինուորական օժանդակութիւն մը:

Նոյն աղբիւրը նշած է, թէ այդ մերժումը արդարացուած է այն պատճառաբանութեամբ, որ Լիբանան այդ տեսակի զէնքի ու զինամթերքի կարիք չունի:

Լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւնը հաւանական նկատած է, որ Լիբանանի կողմէ ռուսական զինուորական օժանդակութիւնը մերժելու հիմնական պատճառը ըլլայ Լիբանանի վրայ Միացեալ Նահանգներու բանեցուցած ճնշումները:

Լիբանանցի դիւանագէտներ իրենց կարգին հաստատած են, որ Լիբանանի կողմէ ռուսական զինուորական օժանդակութիւնը ընդունելու պարագային, Ուաշինկթընի եւ անոր արեւմուտքցի դաշնակիցներուն հետ Պէյրութ լուրջ հարցեր պիտի ունենար:

Նոյն լուրին մասին «Ախպար» օրաթերթը նաեւ լրատուութիւն մը հրապարակած էր, իբրեւ պատասխան անդրադառնալով նաեւ ռուս զինուորական պատասխանատուի մը այն յայտարարութեան, որ այլ երկիրներու հետ գործակցութիւնը պէտք չէ արգելք դառնայ, որ Լիբանան Ռուսիոյ հետ չգործակցի:

«Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ պատմական յարաբերութիւններ կան, եւ անկարելի է ընդունիլ, որ Պէյրութի եւ այլ երկիրներու միջեւ գործակցութիւնը Ռուսիոյ հետ գործակցութիւնը կասեցնելու հաշուոյն ըլլայ», նշուեցաւ ռուս զինուորական պաշտօնատարին կողմէ:

Նշենք, որ ուշ գիշերին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանանի կողմէ ռուսական զինուորական օժանդակութեան մերժումին մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրը սխալ է:

Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ Լիբանան պիտի ընդունի ռուսական զինուորական օժանդակութիւնը եւ զայն պիտի յատկացնէ ներքին ապահովութեան ուժերուն:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովութեան Խորհուրդին Համապատասխան Որոշումներ Տալու

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?