ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան քննիչները երէկ Հատաթի մէջ առաջին անգամ ըլլալով գրաւեցին ելեկտրածին շարժակ մը, որուն տէրը, որ Պաշաալանի ընտանիքի անդամ է, եւ կը մերժէր նախարարութեան վաւերացուցած օրէնքը գործադրել: Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի ողջունեց այս քայլը եւ ըսաւ. «Թող շարժակներու գրաւումը դաս ըլլայ բոլոր անոնց, որոնք իրենք զիրենք օրէնքէն եւ լիբանանեան պետութեան որոշումներէն աւելի բարձր կը դասեն»:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Շամել Ռուքոզ յայտնեց, որ կը գտնուին մաֆիաներու երկրի մը մէջ` աւելցնելով, որ ատիկա մեծ մարտահրաւէր է յաջորդ կառավարութեան դիմաց:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ կոչ ուղղեց ամէնէն արագ միջոցին կառավարութիւնը կազմելու, որովհետեւ կենցաղի արձանագրած մակարդակի անկումը հետզհետէ կ՛ամրագրուի:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ սահմանադրական մակարդակի վրայ իսկական տագնապ գոյութիւն ունի:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ, իր խօսքը ուղղելով վարչապետ Սաատ Հարիրիին, կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Հանրութեան դրամի իւրացումին վերջ տո՛ւր, որպէսզի կասեցնենք քու հասցէիդ մեր կատարած քննադատութիւնները»:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ եթէ կառավարութիւնը ներդաշնակութեամբ չգործէ, ապա անկարելի է, որ կարենայ աշխատիլ:
«ՄԻՏԸԼ ԻՍԹ» օդանաւային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Հութ կոչ ուղղեց առաջնահերթութիւնը ընծայելու Պէյրութի միջազգային օդակայանի բարեկարգումին` նկատի ունենալով, որ անիկա լիբանանեան տնտեսութեան եկամուտի հիմնական աղբիւրն է եւ կ՛արժէ, որ 20 տարի ետք 100 միլիոն տոլար տրամադրուի անոր ընդարձակումին եւ պայմաններու բարելաւումին:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ 300-րդ ջոկատի ղեկավար, գնդապետ-զօրավար Ուայի Լիվի կոչ ուղղեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան ահաբեկելու կարելիութիւնները քննարկելու:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Հըզպալլայի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ ի վերջոյ անկախ սիւննի երեսփոխանները նոր կառավարութեան մէջ պիտի ներկայացուին:
Նոյն օրաթերթը կը մէջբերէ նաեւ Պքերքէի կեցուածքները` գրելով, որ Վատիկան հետաքրքրուած է մարոնի եկեղեցիով, սակայն ոչ ներքին լիբանանեան տարակարծութիւններով, այդ պատճառով ալ Վատիկան լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամուխ չի դառնար:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրիի, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի միջեւ հանդիպումը` պետական գանձարկղին կապուած հարցերը լուծելու, դրական չէ եղած: Նոյն օրաթերթը կը գրէ, թէ Հարիրի կը փորձէ Ֆրանսան համոզել, որ Իրանն է Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտողը:


