Լիբանանեան

Պասիլ Ֆուշէի Հետ Քննարկեց Տեղահանուածներու Թղթածրարը Եւ Ընդունեց Ապուլ Ղէյթը

Պասիլ Ֆուշէի Հետ Քննարկեց Տեղահանուածներու Թղթածրարը Եւ Ընդունեց Ապուլ Ղէյթը

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն եւ Գերմանիոյ դեսպան Ճորճ Պըրկլինը, որոնց հետ քննարկեց սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տնտեսական օժանդակութեան նպատակով գումարուած «Սետր»-ի խորհրդաժողովին մանրամասնութիւններն ու հարաւային Լիբանանի ծովային եւ ցամաքային սահմանագծումին թղթածրարը: Հանդիպումին ընթացքին Պասիլ իմացաւ այս երեք թղթածրարներուն մասին եւրոպական մօտեցումը` վերահաստատելով, որ Լիբանան...

Սարհան Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

Սարհան Ռիչըրտի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

Արդարութեան նախարար Ալպեր Սարհան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս արդարութեան մարզին մէջ լիբանանեան-ամերիկեան գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Հանդիպումին ընթացքին Ռիչըրտ ներկայացուց այն ծրագիրները, որոնք արդէն իսկ գործադրութեան հունին մէջ կը գտնուին` ընդգծելով, որ երկու կողմերը պէտք է խորացնեն գործակցութիւնը իրենց միջեւ: Նշենք, որ Սարհան նախարարութեան մէջ նախագահեց նիստի...

Յունաստանի Արտաքին Գործոց Եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարները Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Հասան Լիբանան

Յունաստանի արտաքին գործոց եւ զբօսաշրջութեան նախարարներ Խորխէոս Քաթրուկալոս եւ Էլենա Քունթուրաս երէկ կէսօրէ ետք պաշտօնական այցելութեամբ մը հասան Լիբանան: Կը նախատեսուի, որ անոնք հանդիպումներ ունենան երկրին իշխանութեան պետերուն եւ լիբանանցի պետական պատասխանատուներու հետ:

Կառավարութիւնը Վաւերացուց  Ելեկտրականութեան  Տագնապի Լուծման Ծրագիրը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Ելեկտրականութեան Տագնապի Լուծման Ծրագիրը

Նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:20-ին Պաապտայի մէջ գումարեց ելեկտրականութեան թղթածրարի օրակարգով յատուկ նիստ մը: Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Հարիրի ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին անոնք քննարկեցին նիստին վերաբերող մանրամասնութիւններ: Նախագահ Աուն նշեց, որ նիստը պիտի չաւարտի, եթէ կառավարութիւնը ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը չվաւերացնէ: Իսկապէս ալ...

«Իշխանութեան Մէջ Ըլլալ Չի Նշանակեր  Անպայման Իշխողներուն Նման Ըլլալ»  Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

«Քաթար Իւրայատուկ Տեղ Եւ Կշիռ Կը Ներկայացնէ` Շրջանային Եւ Միջազգային Առումով» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ Միջխորհրդարանական համադաշնակցութեան 140-րդ ընդհանուր ժողովին մասնակցութեան շրջագիծին մէջ կը գտնուէր Տոհա, քաթարեան «Ռայա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին բարձր գնահատեց Քաթարի ի գործ դրած ջանքերը` օժանդակելու եւ նեցուկ կանգնելու Լիբանանին, անոր դիմագրաւած տարբեր փուլերուն եւ անկիւնադարձային ժամանակաշրջաններուն ընթացքին: Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Քաթար իւրայատուկ տեղ եւ կշիռ կը ներկայացնէ` շրջանային...

«Չեմ Ժխտեր Պետական Գանձարկղին Մէջ Նիւթական  Բացի Գոյութիւնը, Սակայն Երկրին Դրամական  Եւ Ապահովական Կայունութիւնը Տակաւին Առկայ Են»  Հաստատեց Պըրրի

«Չեմ Ժխտեր Պետական Գանձարկղին Մէջ Նիւթական Բացի Գոյութիւնը, Սակայն Երկրին Դրամական Եւ Ապահովական Կայունութիւնը Տակաւին Առկայ Են» Հաստատեց Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ  մասնակցած էր Միջխորհրդարանական համադաշնակցութեան 140-րդ ընդհանուր ժողովին, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի մէջ լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ` Տոհայի լիբանանեան դեսպանատան մէջ: Քաթարի մէջ Լիբանանի դեսպան Հասան Նաժըմ կազմակերպած էր այդ հանդիպումը: Իր խօսքին մէջ Պըրրի ըսաւ, թէ Քաթար մեծ ներդրում ունեցած է Լիբանանի մէջ խաղաղութիւնը հաստատելու իմաստով: «Մենք չենք մոռնար Տոհայի համաձայնագիրը, որուն ընդմէջէն կարելի...

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կը Փափաքի  ՄԱԿ-ի Հետ Ամբողջական Գործակցութիւն  Ծաւալել` Սուրիացի  Տեղահանուածներու Տունդարձին Առումով»

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կը Փափաքի ՄԱԿ-ի Հետ Ամբողջական Գործակցութիւն Ծաւալել` Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձին Առումով»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ամինա Մոհամետը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները: Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան կը փափաքի ՄԱԿ-ի հետ ամբողջական գործակցութիւն ծաւալել` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին առումով: Ան կարեւոր նկատեց ներկայ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս` տեղահանուածներու տունդարձը ապահովելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տնտեսական բարեկարգումներու ծրագիրը իրականացնելու առումով: Նախագահ...

Աւետիս Կիտանեան Ստացաւ Արզի  Միջազգային Փառատօնին Հրաւէրը

Աւետիս Կիտանեան Ստացաւ Արզի Միջազգային Փառատօնին Հրաւէրը

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ ընդունեց Պշարրէի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան նախագահ Էլի Մախլուֆը, ինչպէս նաեւ Արզի միջազգային փառատօնի պատասխանատու Ռուլա Արիտան, որոնք անոր յանձնեցին Արզի միջազգային փառատօնի բացման հանդիսութեան հրաւէրը: Արզի միջազգային փառատօնի բացման արարողութիւնը պիտի կատարուի 13 յունիս 2019-ին` մասնակցութեամբ աշխարհահռչակ երգիչ Անտրէա Պոչելլիի: Նշենք, որ Արզի միջազգային փառատօնը այս տարի կը վայելէ զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւններուն հովանաւորութիւնը:  

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Մասնակցութեամբ  Հանդիպում` Նախարար Ֆընէյշի Հետ

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Մասնակցութեամբ Հանդիպում` Նախարար Ֆընէյշի Հետ

Երիտասարդական քաղաքականութիւններու շուրջ երիտասարդական համախմբումը երկուշաբթի, 8 ապրիլին հանդիպում մը ունեցաւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշին հետ: Հանդիպումին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան ներկայացուցիչը: Համախմբումը շնորհաւորեց նախարար Ֆընէյշը` նորակազմ կառավարութեան մէջ նախարարութեան  իր պաշտօնը ստանձնելուն առիթով: Նախարարին հետ հանդիպումին ներկայացուեցաւ նաեւ ամբողջական ծրար մը` «Երիտասարդական համախմբման դերը երիտասարդական հարցերու, ազգային քաղաքականութեան առաջադրանքներու իրագործման ծիրին մէջ» խորագիրով:...

Սուրիացի Տեղահանուածները  Շարունակեցին Իրենց Տունդարձը

Սուրիացի Տեղահանուածները Շարունակեցին Իրենց Տունդարձը

Երէկ 955 սուրիացի տեղահանուածներ վերադարձան իրենց գիւղաքաղաքները: Թրիփոլիի մէջ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Ռաշիտ Քարամէի անուան միջազգային համալիրին մէջ մեծ թիւով տեղահանուածներ համախմբուեցան, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ցուցմունքներուն հետեւելով կատարեցին փաստաթուղթերու ստուգման յատուկ գործառնութիւնները եւ ուղղուեցան դէպի փոխադրակառքերը, որոնցմով պիտի փոխադրուէին Սուրիա: Սայտայի եւ Պուրճ Համուտի մէջ պատկերը նոյնն էր. Սայտայի ֆութպոլի դաշտին մէջ մեծ թիւով սուրիացի տեղահանուածներ համախմբուեցան եւ տունդարձ կատարեցին:...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Պահիա Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի երէկ ընդունեց տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Մանսուր Պթայշը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան վերաբերող հարցեր: Պթայշ շեշտեց, որ Հարիրիին ներկայացուցած է երկրի տնտեսական տագնապին լուծման տարբերակները:  Վարչապետի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար...

Նախագահ Աուն. «Արաբական Գարուն» Կոչուածը «Արաբական Դժոխք»-ին Աւելի Համազօր Է»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Թունուզի պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ ինք ամբողջական խաղաղութիւն հաստատելու ռահվիրաներէն է` աւելցնելով, որ արաբական աշխարհին մէջ բռնկած պատերազմները պէտք է կասեցնել: «Արաբական գարուն» կոչուածը «Արաբական դժոխք»-ին աւելի համազօր է», ըսաւ նախագահ Աուն` աւելցնելով, որ շրջանին մէջ ահաբեկչութիւնը դրսեւորած է ինքզինք եւ ցարդ կը շարունակէ ամբողջ շրջանը տառապեցնել պատերազմի իրականութեամբ: «Այսօր...

Տոհայի Մէջ.   «Բռնի Ուժով Խլուածը Միասնականութեամբ  Եւ Դիմադրութեամբ Կարելի Է Վերադարձնել»   Շեշտեց Պըրրի

Տոհայի Մէջ. «Բռնի Ուժով Խլուածը Միասնականութեամբ Եւ Դիմադրութեամբ Կարելի Է Վերադարձնել» Շեշտեց Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին ուղղուեցաւ Քաթար, ուր մասնակցեցաւ Միջխորհրդարանական համադաշնակցութեան 140-րդ ընդհանուր ժողովին: Պըրրիի ընկերակցեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Ռուլա Թապըշ եւ Միշել Մուսա: Տոհայի մէջ Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները: Հանդիպումէն ետք Պըրրի յայտնեց, որ շէյխ...

Հարիրի Երկրին Վկայելիք Յաջորդ  Փուլին Համար Լաւատեսութիւն Կը Յայտնէ

Հարիրի Երկրին Վկայելիք Յաջորդ Փուլին Համար Լաւատեսութիւն Կը Յայտնէ

Մինչ կառավարութիւնը այսօր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին նախագահական պալատին մէջ պիտի գումարէ ելեկտրականութեան ծրագիրին նուիրուած իր յատուկ նիստը, վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Իսլամական հոգեւոր գերագոյն խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախկին նախարար եւ խորհուրդի նախկին նախագահ Օմար Մըսքաուիի: Պատուիրակութիւնը վարչապետ Հարիրիին ներկայացուց շուտափոյթ ապաքինման մաղթանքներ: Իր կարգին, վարչապետ Հարիրի երկրին վկայելիք յաջորդ փուլին համար լաւատեսութիւն...

Յորդանանի Մէջ.   Պու Սաապ. «Միջազգային Ընտանիքին Ճամբով  Պէտք Է Ճնշում Բանեցնել Իսրայէլի Վրայ`  Վերջ Տալու Համար Անոր Կողմէ Արաբական  Հողերու  Բռնագրաւումին»

Յորդանանի Մէջ. Պու Սաապ. «Միջազգային Ընտանիքին Ճամբով Պէտք Է Ճնշում Բանեցնել Իսրայէլի Վրայ` Վերջ Տալու Համար Անոր Կողմէ Արաբական Հողերու Բռնագրաւումին»

Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ, որ Յորդանանի մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Տնտեսութեան միջազգային խորհրդաժողովին, շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ, որուն փոխանցեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ողջոյնները: Իր կարգին, Ապտալլա Բ. թագաւորը իր յարգանքը յայտնեց նախագահ Աունի նկատմամբ` ընդգծելով, որ Լիբանանի եւ Յորդանանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամուր են: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը եւ Յորդանանը յուզող...

Պասիլ Այցելեց Պէյրութ Եւ Զղարթա` Զոյգ  Շրջաններուն Մէջ Ընդգծելով Ազգային  Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան  Գործունէութեան Կարեւորութիւնը

Պասիլ Այցելեց Պէյրութ Եւ Զղարթա` Զոյգ Շրջաններուն Մէջ Ընդգծելով Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Գործունէութեան Կարեւորութիւնը

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ շաբաթավերջին այցելեց Պէյրութի եւ Զղարթայի շրջանները, ուր ընդգծեց Ազգային ազատ հոսանքի գործունէութեան կարեւորութիւնը: Պէյրութի Ա. եւ Բ. ընտրաշրջաններուն մէջ Պասիլ դիմաւորուեցաւ շրջանի երեսփոխաններուն` Նիքոլա Սահնաուիի, Էտկար Թրապուլսիի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեանի եւ Ալեքսանտր Մաթոսեանի, Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներուն եւ մեծաթիւ կուսակցականներու ու համակիրներու կողմէ:...

«Թշնամիին Դէմ Ապահովական  Եւ Պաշտպանութեան  Հրահանգը Միայն Բանակը Կրնայ Արձակել»  Շեշտեց Ուալիտ Ժոմպլաթ

«Թշնամիին Դէմ Ապահովական Եւ Պաշտպանութեան Հրահանգը Միայն Բանակը Կրնայ Արձակել» Շեշտեց Ուալիտ Ժոմպլաթ

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ` ներկայութեամբ իր զաւկին` Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի, շաբաթավերջին Մուխթարայի մէջ ընդունեց ժողովրդային պատուիրակութիւններ: Ժոմպլաթ շեշտեց, որ թշնամիին դէմ ապահովական եւ պաշտպանութեան հրահանգը միայն լիբանանեան բանակը կրնայ արձակել: Այս առիթով Ժոմպլաթ ողջունեց ժողովրդային պատուիրակութիւնները` շնորհաւորելով տիւրզի համայնքի զաւակ հազարապետ-զօրավար Ամին Արամը, որ վերջերս նշանակուեցաւ բանակի սպայակոյտի պետ: Ան յաջողութիւն մաղթեց նոր...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ հաստատեց, որ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւնները վարակուած են ներքին աչազրկութեամբ, ինչ որ պատճառ կը դառնայ լիբանանցի ժողովուրդին տառապանքին: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ Լիբանանի պետական ամավարկը քաղաքացիներուն յաւելեալ տուրքեր չի պարտադրեր: ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Ղասսան Հասպանի շեշտեց, որ նախ եւ առաջ լիբանանեան ազգային...

Նախագահ Աուն. «Լիբանանեան Ազգային  Միասնականութիւնը Վտանգի Ենթակայ Չէ»

Նախագահ Աուն. «Լիբանանեան Ազգային Միասնականութիւնը Վտանգի Ենթակայ Չէ»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Նախքան Միացեալ Նահանգներ իր կատարելիք այցելութիւնը, Քանաան նախագահ Աունին ներկայացուց Միջազգային դրամատան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին մէջ իր եւ լիբանանեան խորհրդարանական պատուիրակութեան ունենալիք հանդիպումներուն նպատակները, որոնք պիտի կեդրոնանան ամերիկեան դրամական պատժամիջոցները մեղմացնելու եւ սուրիացի տեղահանուածներու հարցին վրայ:...

Պուխարի Այցելեց Մամլոյ  Սենտիքայի Նախագահին

Պուխարի Այցելեց Մամլոյ Սենտիքայի Նախագահին

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ այցելեց Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքիի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ սենտիքայի խորհուրդին անդամները: Հանդիպումին ընթացքին Քաաքի բարձր գնահատեց Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն ունեցած դրական դերակատարութիւնը Լիբանանի զօրակցութեան առումով: Ան հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա յանձնառու է Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան, գերիշխանութեան եւ ժողովրդավարութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող խօսքի ազատութեան: Քաաքի անդրադարձաւ լրագրութեան...

Page 567 of 988 1 … 566 567 568 … 988

Արխիւներ