Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Լիբանանեան Ազգային Միասնականութիւնը Վտանգի Ենթակայ Չէ»

April 6, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նախքան Միացեալ Նահանգներ իր կատարելիք այցելութիւնը, Քանաան նախագահ Աունին ներկայացուց Միջազգային դրամատան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին մէջ իր եւ լիբանանեան խորհրդարանական պատուիրակութեան ունենալիք հանդիպումներուն նպատակները, որոնք պիտի կեդրոնանան ամերիկեան դրամական պատժամիջոցները մեղմացնելու եւ սուրիացի տեղահանուածներու հարցին վրայ:

Նշենք, որ նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Մարոնիներու լիկայի նորընտիր վարչութիւնը` նախագահութեամբ նախկին երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըրի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը վտանգի ենթակայ չէ:

«Ներքին իմաստով մեզի վտանգներ չեն սպառնար, այլ` վտանգները արտաքին են», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան շրջանցած է սուր երկփեղկումը, որովհետեւ տարակարծութիւնները քաղաքական էին եւ ոչ թէ հայրենիքին շուրջ: «Ի վերջոյ հայրենիքը յաղթական դուրս եկաւ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ինք իր բոլոր իրաւասութիւնները կատարեալ առումով կը գործադրէ:

Միւս կողմէ, նախագահական պալատը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն, Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիոս Փաւլոփուլոս եւ Առաջին տիկին Վլասիա Փաւլոփուլու, յառաջիկայ հինգշաբթի, 11 եւ ուրբաթ, 12 ապրիլին պաշտօնական այցելութիւն պիտի տան Լիբանան:

Նախորդը

Պուխարի Այցելեց Մամլոյ Սենտիքայի Նախագահին

Յաջորդը

Ճեք Հաճինեան Մոնթեպելլոյի Քաղաքապետ Կ՛ընտրուի

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.