ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Պահիա Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի երէկ ընդունեց տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Մանսուր Պթայշը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան վերաբերող հարցեր: Պթայշ շեշտեց, որ Հարիրիին ներկայացուցած է երկրի տնտեսական տագնապին լուծման տարբերակները: Վարչապետի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆի:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ Լիբանան պիտի չկարենայ յարութիւն առնել, բացի եթէ լիբանանեան պետութիւնը կարենայ քաղաքացիական սկզբունքները վերականգնել:
ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Էլիաս Պու Սաապ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին առեւտուրի նախարար Հասան Մըրատի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ ընկերային զարգացումները:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ժամալ Ժարրահ, հանդիպելէ ետք ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասանի հետ, յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկած են սուրիացի տեղահանուածներու հարցին հետեւանքներէն տուժած քաղաքապետարաններու հարցերուն վերաբերող լուծումները:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալպեր Սարհան յայտնեց, որ երկրին դատական իշխանութիւնը անկախ իշխանութիւն կը նկատուի` աւելցնելով, որ դատաւորներուն կարելի չէ որակումներ տալ:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի ընդհանուր քարտուղար Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրի վաւերացումին առումով Լիբանանեան ուժերը իրենց համոզումին մասին յայտնած են` աւելցնելով, որ իրենք այդ ծրագիրին թեր պիտի քուէարկեն, որպէսզի զայն փոխադրեն նուազուրդի շրջանակ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ կառավարութիւնը կ՛ուղղուի դէպի ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրի վաւերացում:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ Լիբանանի դատական իշխանութիւնները այսօր երկրին քաղաքական իշխանութիւններուն ձեռքի խաղալիքին վերածուած են:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելու առումով ռուսական նախաձեռնութիւնը տակաւին առկայ է եւ աշխատանքի համադրումը կը կատարուի սուրիական իշխանութիւններուն հետ: Ան նշեց, թէ ինք չի նախատեսեր, որ Ռուսիոյ եւ Դամասկոսի միջեւ դաշինքը ժխտական հետեւանքներէ ազդուի:
ԻՍՐԱՅԷԼԱՑԻ զինուորներ երէկ սահմանային Կապոյտ գիծը խզեցին եւ ներթափանցում կատարեցին դէպի Ատայսէ գիւղաքաղաք: Որոշ ժամանակի համար Ատայսէի մէջ մնալէ ետք, անոնք վերադարձան պաղեստինեան բռնագրաւուած հողեր:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հաքան Շաքիլը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային զարգացումները:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիայի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ իրենք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունէն պահանջած են ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտը փոխարինել այլ դատախազով մը, որպէսզի փտածութեան դէմ պայքարը անհրաժեշտ լրջութեամբ ընթանայ: Ան շեշտեց, որ Լիբանան կը գտնուի անկիւնադարձային փուլի մը մէջ` հարց տալով, որ արդեօք իրենք օրէնքի պետութի՞ւն կը փնտռեն, թէ՞ ապահովական պետութիւն:
ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար յայտնեց, որ երկրին տնտեսական բարեկարգումը աշխատավարձի յաւելումները սեղմումներու ենթարկելէն չի սկսիր: